ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ֆրանսահայ աշակերտներու խումբ մը՝ ուղեկցութեամբ նոյնպէս ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեանի։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Փարիզի «Սուրբ Մեսրոպ» Արապեան դպրոցի եւ Դպրոցասէր միութեան վարժարանի, ինչպէս նաեւ Մարսէյլի «Համազգային» դպրոցի աշակերտներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց, որ ֆրանսահայ աշակերտները ամէն տարի կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ շարունակելով ձեւաւորուած գեղեցիկ աւանդութիւնը։ Արդարեւ, այս այցելութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի պատանիները հաղորդ դառնան Հայաստանի իրականութեան, ծանօթանան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու արժէքներուն, նաեւ զօրացնեն իրենց հաւատն ու հայկական ինքնութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումը ու ձեռք բերուած գիտելիքներով օգտակար դառնալ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին՝ իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակներ։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը բոլորը արձակեց աղօթքով՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։