Երեքշաբթի 27, Յունուար 2026
Ս. ՊՕՂՈՍԻ ԴԱՐՁԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԱՐՍՈՒՍԻ ՄԷՋ
Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Թարսուսի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։ Ս. Պօղոսի երբեմնի եկեղեցւոյ մէջ, որ այժմ կը գործէ՝ որպէս յուշարձան-թանգարան, պատարագեց Անատոլուի Պապական փոխանորդ Անթուան Ըլկաթ եպիսկոպոսը։
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան մասնակցեցան Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 27, 2026