ԾՈՒԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՏԱՆԻ

Ներկայ ընկերութիւնը այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծած է, որ այսօրուան մարդը առանց աշխատելու, առանց վաստակելու, առանց յոգնութեան, կ՚ուզէ հարստութեան տէր դառնալ եւ հանգիստ ու բարօր կեանք ապրիլ: Գաղտնիք չէ այսօրուան ընկերութեան առաջարկած «հանգիստ» պայմանները շատ դրամ աշխատելու՝ առանց յոգնութեան ու տանջանքի: 

Բնականաբար երբ յոգնութիւն եւ տանջանք կ՚ըսենք, նկատի չունինք անարդարութեամբ կամ բռնութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այլ՝ այն աշխատանքը, որով մեզմէ իւրաքանչիւրս կոչուած է ինքզինք եւ իր ընտանիքը պահելու, այլ խօսքով՝ ճակտի արդար քրտինքով աշխատանք, որ խորքին մէջ աստուածային օրհնութիւն է: 

Մարդիկ ներկայ կեանքի պայմաններուն վաժուելով իրենք զիրենք ծուլութեան տուած են, անտեսելով աստուածային պատուէրը, որ կ՚ըսէ, թէ «ճակտի քրտինքովդ ու տանջանքով պիտի ուտես քու հացդ» (տե՛ս Ծն 3.17), այլ խօսքով աշխատութեամբ, տքնութեամբ: Այդ առօրեայ աշխատանքն ու տանջանքը, որով մենք մեր գոյութիւնը կը պահպանենք, մեզի առիթ կու տայ ժառանգորդները դառնալու Երկինքի Արքայութեան, որովհետեւ ճակտի քրտինքով աշխատանքն ու տքնութիւնը, մեզ կամաց-կամաց կը հասցնեն երկնաւոր առաքինութեան եւ հրեշտակային վարքի, այլ խօսքով, երբ մեր աշխատանքը սրտանց, համոզումով եւ առանց դժգոհելու կ՚ընենք, ապա մեր աշխատանքի ընթացքին եւ աշխատանքով զԱստուած կը փառաբանենք, Աստուծոյ հետ կը խօսինք, որով մեր հոգին կ՚ազնուանայ, մեր միտքը կը լուսաւորուի, իսկ եթէ չկամութեամբ եւ դժգոհութեամբ կատարենք մեր աշխատանքը, ապա ծուլութիւնը շուտով մեր դուռը կը ծեծէ եւ մեզ իր գերին կը դարնձէ: 

Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ. «Մեր Տէրը երկնաւոր առաքինութիւն եւ հրեշտակային վարք կ՚առաջարկէ մեզի, մինչ մենք ծուլութիւնն ու քունը կը պատուենք՝ մայրը բոլոր թշուառութիւններուն»: Կառչինք մեր Տիրոջ մեզի առաջարկած վարքին, որպէսզի մենք մեզ հեռու պահենք ծուլութենէն, որ ո՛չ միայն ամէն տեսալի թշուառութիւններու մայրն է, այլ դէպի յաւիտենական դատապարտութիւն առաջնորդող գլխաւոր կամուրջներէն մէկն է:

Արդարեւ, «գործօնութիւնը մարդուն ճշմարիտ ինքնարտայայտութիւնն է։ Անգործութիւնը, ծուլութիւնը, դատարկապորտութիւնը ժխտումն են մարդուն իսկութեան եւ կոչումին։ Կամաւոր անգործութիւնը անաստուածութեան ամենէն ակներեւ փաստն է։ Որովհետեւ, ինչ որ ունինք՝ կու գայ Աստուծմէ» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիոս): Հետեւաբար մեր ինքնարտայայտութեան հաւատարիմ մնանք, որպէսզի մենք մեր ձեռքով մեր մարդկայնութիւնը չժխտենք ծուլութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025