ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԳԻՍԱԿ ԱՐՔ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու փորձառու, համակրելի ու նուիրեալ անդամներէն մին վախճանած է. հանգիստ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի։ Տասնամեակներ շարունակ ան պաշտօնավարած էր՝ որպէս Արժանթինի թեմի առաջնորդ։

Հոգելոյս սրբազանը ծնած էր Հալէպ, Սուրիա։ Գամիշլիի մէջ նախակրթարանը աւարտելէ վերջ մեկնած էր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վարժարանը։ 1968 թուականին ձեռնադրուած էր սարկաւագ, 1971-ին՝ կուսակրօն քահանայ։ 1975 թուականին մասնաւոր վարդապետութեան աստիճանները ստացած էր՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի։ Նոյն տարին սկսած էր Արժանթինի թեմէն ներս պաշտօնավարել։ Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւն ու համանուն կրթական հաստատութեան նախակրթարանի փոխ-տնօրէնը եղած էր։ Աւարտած էր Պուէնոս Այրէսի «Քենետի» համալսարանը։ Երուսաղէմի հայոց երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի կողմէ 1990 թուականին ծայրագոյն վարդապետի աստիճան ստացած էր։ Նոյն տարին երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ օծուած էր եպիսկոպոս։

1990-2022 թուականներուն եղած էր Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ։ Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութեան պատուի արժանացած էր 1996 թուականին։ Արժանթինի Քրիստոնէական եկեղեցիներու յանձնախումբը գլխաւորած էր 1998-2002 թուականներուն։ Վերջին տարիներուն կոչուած էր հանգստեան եւ այս ժամանակաշրջանին ալ բոլորի սիրով, յարգանքով, համակրանքով շրջապատուած կը մնար՝ որպէս երախտաւոր սպասաւորը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, որու անդաստանէն ներս տասնամեակներ շարունակ անսակարկ ծառայած էր՝ խթանելով ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութիւնը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ ցաւով արձագանգեց Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի վախճանման։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հաղորդեց, որ ի Տէր ննջած է սրբազանը՝ երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան Նորին Սրբազնութեան կորուստը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025