Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍԿ. ՍԱՐՈՅԵԱՆ ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարգալոյծ հռչակեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի երէկուան ժողովին առնուած որոշման հիման վրայ՝ Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ եղած է Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։

Հայրապետական այս տնօրինութեան համար ի մասնաւորի հիմք ծառայած է, որ ան վիճարկած է Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատուելու եւ Մայրավանք վերադառնալու վերաբերեալ Հայրապետական տնօրինութիւնը՝ խոչընդոտելով Մասեացոտնի թեմի բնականոն գործունէութիւնը եւ դատական իր հայցով առիթ ու պայման ստեղծած է իշխանութիւններու պատկան կառոյցներու կողմէ եկեղեցական ներքին կեանքին միջամտելու համար։

Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան կանոնական շեղումներով եւ կարգազանց գործունէութիւններով դրժած է հնազանդութեան ուխտը։ Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արման Սարոյեան աւազանի անունով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026