ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւններուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի մէջ խօսած քարոզին ընթացքին հայր սուրբը ըսաւ, որ Ս. Վարդանանց խորհուրդը մեծ է, որովհետեւ բոլոր հայերուն մէջ կ՚արթնցնէ երկու կարեւորագոյն, գոյութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ հասկացութիւններ՝ հայրենասիրութիւն եւ Աստուածսիրութիւն։ «1036 նահատակները կը հանդիսանան հաւաքական խորհրդանշանը այն ամէն ինչին, որ բոլոր դարերուն մեր մէջ պակսած է եւ բոլոր ժամանակներուն համարուած է գերագոյն առաքինութիւն՝ Աստուածսիրութիւն եւ հայրենասրութիւն», ըսաւ ան։

Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան քարոզին մէջ բացատրեց, որ Ս. Վարդանանց խորհուրդը դատարկ կ՚ըլլայ իր բովանդակութեամբ, եթէ այս երկու հասկացութիւնները իրարու չկապուին եւ չընկալուին, որ Ս. Վարդանանք այս երկու սրբազնագոյն առաքինութիւններուն համար զոհաբերեցին ամենաթանկը՝ իրենց կեանքը, որով իսկ վկայեցին Քրիստոսին ու իրենց վկայութեան մէջ միասնական էին։ «Այս երկու հասկացութիւնները՝ վկայութիւն եւ միասնականութիւն, լաւագոյնս կը բնորոշեն Սրբոց Վարդանանց խորհուրդը», ըսաւ ան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Հոգեւոր դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յաւէտ պայծառութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր գահակալութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025