ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Երէկ, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Բանակի օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին, որպէսզի Տէրը խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն շնորհէ հայոց բանակի զինուորներուն եւ սպաներուն, անսասան պահէ երկիրը եւ իր խնամքի ներքեւ առնէ համայն հայ ժողովուրդը։
Մայր Տաճարի արարողութենէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցին նահատակներու յիշատակին եւ աղօթք բարձրացուցին անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։
Նորին Սրբութիւնն ու եկեղեցականները առանձին այցելեցին նաեւ հերոսներու շիրիմները՝ բերելով իրենց խոնարհումն ու աղօթքը։