ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Երբ Մեծ պահոց շրջանի միջինքը արդէն անցած է, վերջին օրերուն թրքահայ հաւատացեալներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի նախօրէին կը կազմակերպուի այս աւանդական ուխտագնացութիւնը, որ այս տարի եւս արժանացաւ յատուկ հետաքրքրութեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ Կեսարիա մեկնեցան յատուկ փոխադրամիջոցներով։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եբրեմ Աւ. Քհնյ. Քըլըճեան, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հիւրաբար Թուրքիա կը գտնուի։ Սրբազան երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ հաղորդուեցան Ս. Պատարագի ընթացքին։
Հուսկ, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Կեսարիոյ նախկին առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն համար։
Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր եւ գործակից ընկերները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին ուխտագնացութեան մասնակից բոլոր հաւատացեալներուն նկատմամբ։