ՍԷՐ ՏԱՐԱԾԷ՛
Ղպտի եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրապետներէն Շնուտա Գ.ը կը գրէ. «Յիսուս եկաւ՝ սէր կը տարածէր, ուր որ կը շարժէր՝ սէրը կը շարժէր, ուր որ կը բնակէր՝ սէրը կը բնակէր: Երանի՜ որ սէր տարածես»:
Մարդ արարածը Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը ըլլալով, անպաշտօն պարտաւորութիւն մը ունի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, որն է սէր տարածել միշտ:
Սէր, որ աստուածային բուրմունք ունի իր մէջ եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ հասկացողութեամբ սէր:
Սէր, որ մեր մէջէն արձակուելով երթայ գտնելու զինք ընդունող ու ընկալող սիրտեր:
Սէր, որ անշահախնդիր է, փոխադարձ չսպասող:
Սէր, որ մեր երկրաւոր այս կեանքը երկնայինի կը վերածէ:
Ի վերջոյ սէր, որ մեր նմանին հոգիին մէջ մտնելու գաղտնիքները գիտէ:
Հարցնենք, արդարեւ, թէ ի՞նչ է սէրը:
Երջանկայիշատակ Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Հայրապետը կը գրէ. «Ի՞նչ է սէրը, եթէ ոչ տանջանքին վրայ տարած յաղթանակ. երբ ոեւէ մէկուն վիշտը, տանջանքը կը թեթեւցնես, դուն ո՛չ միայն քու սէրդ կ՚արտայայտես անոր նկատմամբ, այլ՝ անոր սիրոյ առարկան կը դառնաս։ Իսկ երբ ուրիշներուն տանջանքները թեթեւցնելու համար քու անձդ չե՛ս խնայեր, դուն կը դառնաս անոնց սիրոյ կուռքը, անոնց աստուածը»։
Հայրապետին բացատրութեամբ՝ սէրը ուրիշի մը տանջանքին վրայ տարածդ յաղթանակն է, որով կը յաջողիս թեթեւցնել քու նմանիդ տանջանքը:
Սէրը զօրաւոր զէնք եւ դեղամիջոց մըն է, կարենալ մեր նմանին տանջանքը թեթեւցնելու, միաժամանակ թեթեւցնելու մեր մեղքերը, որովհետեւ սիրող սիրտը՝ որ աստուածային սիրով լեցուած է, հեռու կը մնայ մեղքէն ու պղծութենէն:
Սիրենք զիրար, փորձենք իրարու տանջանքներն ու վիշտերը ամոքել, համոզուած ըլլալով, որ այդպիսով նաեւ մենք մեզի համար մեծ բարերարութիւն ըրած կ՚ըլլանք, մեր վրայ հրաւիրելով Աստուած Սէրը, որ Իր ողորմութեամբ, սիրով եւ օրհնութեամբ կ՚ողողէ մեր կեանքը, պայծառակերպելով մեզ: Իսկ մարդ-մարդ փոխյարաբերութեան մէջ, երբ մեր նմանին տանջանքներն ու վիշտերը կը թեթեւցնենք, այդպիսով նախ մեր նմանը մեր սիրոյ առարկան դարձուցած կ՚ըլլանք, որով եւ դէպի Աստուած ուղղած կ՚ըլլանք մեր սէրը եւ, միւս կողմէ, ինչպէս Հայրապետը կ՚ըսէ, մենք ալ մեր նմանին սիրոյ առարկան կը դառնանք, միաժամանակ անոր եւս առիթ տալով, որ իր սէրը դէպի Աստուած ուղղէ, որովհետեւ ինչպէս նախորդ մեր գրութիւններէն մէկուն մէջ մէջբերում մը կատարած էինք, որ կ՚ըսէ, աստուածասիրութիւնը մարդասիրութենէն կ՚անցնի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ