ՊԱՀՔԻ ՊՏՈՒՂՆԵՐԷՆ. ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼ
Պահեցողութիւնը հաւատացեալ մարդուն համար բազմաթիւ պտուղներ եւ դրական արդիւնքներ կու տայ, մանաւանդ եթէ հաւատացեալը գիտակցութեամբ պահեցողութիւն կատարէ, իր հոգիին փրկութեան մասին մտածելով եւ ո՛չ թէ մարդոց աչքին երեւնալու համար, կամ այլ նպատակներ հետապնդելով:
Պահեցողութեան ամենէն կարեւոր պտուղներէն կը համարուի զԱստուած տեսնելը մեր հոգեւոր սիրտերուն աչքերով, ինչպէս կը գրէ Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հոգեւորականներէն՝ Հայր Պիշոյ Քամէլը. «Պահքի ամենէն կարեւոր պտուղները այն են, որ մեր հոգեւոր սիրտերուն աչքերը կը սկսին զԱստուած տեսնել»:
Պահեցողութիւնը միջոց է մեր ֆիզիքական մարմինները ճնշելով, մեր հոգեւոր մարդը զօրացնել, մաքրել մեր ներսիդին, կարենալ բանալու մեր հոգեւոր աչքերը, մաքրել՝ մեր հոգեւոր լսելիներն ու հոտոտելիքը, մեր ձեռքերը վարժեցնել բարեգործութեան եւ ողորմութեան, մեր ոտքերուն սորվեցնել միշտ եկեղեցի երթալ՝ հանդիպելու մեր Արարիչին, ինչպէս նաեւ մեր քայլերը ուղղել դէպի կարօտեալները՝ օգնելու համար, դէպի սգաւորները՝ մխիթարելու եւ սփոփելու համար, զԱստուած փնտռողներուն մօտ՝ զԻնք տանելու համար անոնց:
Այս բոլորին մէջ ամենէն կարեւորն ու էականը զԱստուած տեսնելն է մեր սիրտին, միտքին եւ հոգիին աչքերով, կարենալ Անոր հետ ճիշդ հաղորդակցութեան մէջ մտնելն է: ԶԱստուած տեսնելու մասին երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը գրէ. «Գիտենք բոլորս, որ Աստուած անքննելի է եւ անիմանալի՝ Իր էութեանը մէջ եւ անտեսանելի՝ մարդկային մեր աչքերուն համար։ Քրիստոս յստակօրէն ըսաւ. «Ո՛չ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ որ Աստուծմէ է» (Յհ 6.46), ինչ որ Յովհաննէս առաքեալ կը կրկնէ իր առաջին թուղթին մէջ (4.12)։ Բայց «ինչ որ անհնարին է մարդոց համար, հնարաւոր է Աստուծոյ համար» (Ղկ 15.27)։ Ինչ որ պարզ միտքով եւ բանականութեան լոյսով կը մնայ անտեսանելի եւ անիմանալի՝ աստուածային լոյսով եւ հաւատքով կը դառնայ տեսանելի եւ իմանալի։ Ինչպէս արեւը միայն ինքն իր լոյսովը կը տեսնուի, այնպէս ալ իմանալին Աստուած Իր տուած հաւատոյ շնորհքներուն լոյսովը կը տեսնուի («Գիրք Հարցմանց»)։ Եւ Ինք՝ Քրիստոս, բոլոր Իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ով որ կ՚ընդունի Իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ Ինքզինքս յայտնեմ անոր» (Յհ 14.21)։ Իսկ ան որ կը տեսնէ զՔրիստոս՝ տեսած կ՚ըլլայ Հայրը, ինչպէս Ինքն իսկ ըսաւ. «Ով որ զԻս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յհ 14.9)»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ