ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՍԿԻԶԲԻՆ ԱՌԹԻՒ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեծ պահքի սկիզբին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սիրելիներ, մուտք կը գործենք Մեծ պահքի շրջան, որ աղօթքի, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան ճանապարհով մեզ պիտի առաջնորդէ՝ դէպի մարդեղացեալ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խնդութիւնը։ Պահեցողութիւնը առիթ ու հնարաւորութիւն է առաւել զօրացնելու մեր հոգիները, ամրապնդելու մեր կամքը, սրբուելու մեղքէն, մերժելու արատաւոր ընթացքները, աննկուն մնալու հաւատով ու ոգիով եւ ապրելու Աստուծոյ պատուիրաններով։ Պահքի աղօթական պտուղը մաքրութիւնն է սրտի, որ կը ձգտի կատարելութեան՝ ըստ տէրունական կոչի. «Կատարեալ եղեք դուք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն է կատարեալ» (Մատթ. 5.48)։ Այսպէս կարող պիտի ըլլանք, ունկնդիր Մեծ պահքի խորհուրդին եւ Պահոց կիրակիներու պատգամներուն՝ հաստատելու մեր կեանքը աստուածապատուէր սիրոյ, արդարութեան ու բարութեան շաւիղներուն մէջ։
Իւրաքանչիւր հաւատացեալի աստուածահաճոյ կենցաղավարութեամբ նաեւ կ՚աւելնայ մեր ժողովուրդի ներուժը՝ Տիրոջ ապաւինած դիմագրաւելու առկայ մարտահրաւէրները եւ դառնալու զօրեղ ազգ ու պետութիւն։ Հայեացք, որ Փրկչի Սուրբ Յարութեան կենարար շնորհներով վերափոխուինք եւ շէն ու պայծառ դարձնենք ազգային մեր կեանքը։ Թող Աստուծոյ ամենախնամ Սուրբ Աջի ներքեւ խաղաղ ու անվտանգ լինի մեր հայրենիքը եւ բարօր ու ապահով՝ համայն մեր ժողովուրդը ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, այսօր եւ միշտ. ամէն։