ԸՆԹԱՆԱԼ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԱԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախընթաց օր պատարագեց եւ քարոզեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան։
Այս շրջանին, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դիմագրաւէ Հայաստանի իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւները, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ իրերայաջորդ Ս. Պատարագներ կը մատուցուին՝ Հայաստանի խաղաղութեան, գերիներու ազատութեան եւ նեղեալներու մխիթարութեան համար։
Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան Ս. Պատարագի ընթացքին խօսած քարոզին ժամանակ մասնաւորապէս ըսաւ. «Իւրաքանչիւր հայ, եթէ ծանօթ է իր երկրի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան, վստահ կրնայ ըսել, թէ ո՛ւրկէ կու գայ եւ ո՛ւր կ՚երթայ։ Իսկ այն անձը, որ ընդամէնը այդ պատմութենէն պատառիկներ գիտէ, ապագայ չունի, որովհետեւ անցեալը իմանալով է, որ պիտի կառուցես ապագան, անցեալներու սխալները տեսնելով պիտի փոխես ներկան եւ ապագային սխալներ պիտի չգործես։ Իսկ ո՞ւր ենք մենք այսօր։ Ազգովին կարծես այն վիճակին մէջ ենք, որ չենք գիտեր՝ ուրկէ՞ եկանք, ինչպէ՞ս յայտնուեցանք այս օրհնաբեր հողին վրայ եւ ո՞ւր կ՚երթանք»։
Նորին Սրբազնութիւնը հաւատացեալներուն յորդորեց առաջնորդուիլ ազգային ինքնութեան գիտակցութեամբ լուսաւորուած ճանապարհով։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը համախմբուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի թեմերու առաջնորդները՝ քննարկելու համար իշխանութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը։