ԱՄԵՐՍՖՈՐՏԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոլանտայէ ներս հաստատուած ինն համայնքներու երիտասարդ ներկայացուցիչներ անցեալ շաբաթավերջին ժողով մը գումարեցին Ամերսֆորտ քաղաքին մէջ։ Այս հաւաքին նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու կողքին էին Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան, Տ. Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեան եւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, որոնք կը պաշտօնավարեն Հոլանտայի մէջ։ 

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հոլանտայէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման մը հիմնահարցերը։ Կը նախատեսուի, որ Հայ Եկեղեցւոյ Հոլանտայի երիտասարդական միութիւն (ACJON) անունով կառոյց մը ստեղծուի։

Նորին Սրբազնութիւնը ժողովական երիտասարդներուն հետ բաժնեց իր մտահորիզոնը, թէ այս կառոյցը ի՛նչ առաքելութիւն պէտք է ունենայ եւ ինչ նպատակներ պէտք է որդեգրէ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան՝ հոգեւոր զարգացման խթանումը, համայնքային կեանքի մասնակցութեան խրախուսումը, հայկական ինքնութեան պահպանումը, ընկերային ծառայութեան եւ բարեգործութեան քաջալերումը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ ընկերային կապերու ձեւաւորումը։

Ժողովականները այս առանցքներուն շուրջ ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երիտասարդները հրաւիրեց մտածել՝ վերոյիշեալ նպատակներու իրագործման ուղիներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025