ԵՐԱԽՏԱՐԺԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Էջմիածին քաղաքի Բժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմի անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած հիւրերը գլխաւորեց հիւանդանոցի տնօրէն Գոռ Ասատրեան։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց ներկաները առողջապահութեան ոլորտէ ներս իրենց նուիրեալ եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան համար՝ փոխանցելով օրհնութիւնները։ Ան յորդորեց, որ անոնք առաւել մեծ նախանձախնդրութեամբ իրենց մասնագիտական կարողութիւններն ու հմտութիւնները ծառայեցնեն՝ բուժման կարիքով անձերու ապաքինման համար։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նաեւ բժշկական անձնակազմի մասնագիտական ու խորհրդատուական ներուժի ներդրումը՝ բնակչութեան մէջ ծնելիութեան խթանման եւ առողջ սերունդ մեծցնելու ուղղութեամբ՝ ի նպաստ ազգային կենսունակութեան ամրապնդման ու հզօրացման։

Իր կարգին, Գոռ Ասատրեան տեղեկութիւններ տուաւ հիւանդանոցի ընդհանուր գործունէութեան եւ վերջին շրջանի ձեռքբերումներուն կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ կը շարունակուին վերանորոգումները, կը բարելաւուին պայմանները, նոր բժշկական սարքաւորումներով կը համալրուի հիւանդանոցը, որու անձնակազմը եւս կ՚ընդլայնուի։ Այս բոլորը հաստատութեան նկատմամբ ընդհանուր վստահութիւնը կը բարձրացնէ։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ առողջապահութեան ոլորտէ ներս առկայ զանազան խնդիրներու։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Աստուծոյ օգնութիւնն ու զօրակցութիւնը հայցեց մասնագէտներուն՝ երախտարժան առաքելութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025