ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ վերջին շրջանի հերթական յայտարարութեամբ՝ այս անգամ դիւանապետ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի բանտարկութեան բերումով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ դեկտեմբերի 4-ին մտացածին ու անհիմն մեղադրանքներով Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի ձերբակալումն ու անոր դէմ դատարանի կողմէ կիրառուած կալանաւորումը։
Սոյն գործողութիւնը արտայայտութիւնն է եկեղեցւոյ դէմ վերջին շրջանին սանձազերծուած բռնաճնշումներու եւ շարունակութիւնը հոգեւորականներու դէմ քաղաքական հետապնդման գործընթացին։
Բարձրաստիճան հոգեւորականները շինծու մեղադրանքներով կալանաւորելը իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան խօսքի հերթական դրսեւորումն է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը պահանջէ անյապաղ դադրեցնել Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի եւ ազատազրկուած մնացեալ եկեղեցականներու ապօրինի հետապնդումները եւ վերականգնել անոնց խախտուած իրաւունքները։