Ուրբաթ 8, Օգոստոս 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԱԼ ԹԵՄԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Նորին Սրբութիւնը կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։ Ան կեցութեան օրերուն հանդիպումներ կ՚ունենայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի եւ հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ։ Բաց աստի, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը մէկտեղուի Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ, որոնց հետ կը քննարկէ ընթացիկ ծրագրերու վերաբերեալ հանգամանքներ։
Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025