ԳՀԽ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը, որ ներկայ շաբթուան տեւողութեան ընթացած էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս կապակցութեամբ թողարկեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ ԳՀԽ-ի անդամները ժողովի սկիզբին աղօթեցին Մայր Աթոռի միաբաններէն նորոգ հանգուցեալ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի հոգւոյն հանգստութեան համար։ Նիստերը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։

Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի, Տ. Գարեգին Քհնյ. Արսէնեանի, ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ ապօրինաբար ազատազրկուած միւս հայորդիներու դէմ նախաձեռնուած քրէական վարոյթներու, իրականացուած դատավարական գործողութիւններու, արձակուած դատավճիռներու, անոնց իրաւական անհիմն եւ խտրական բնոյթի, միջազգային հարթակներու վրայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազատ խօսքի եւ այլախոհութեան դէմ անհանդուրժողականութեան ու տեղեկատուական դաշտէ ներս եկեղեցին եւ եկեղեցականները թիրախաւորելու յաճախացող դէպքերուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկան ԳՀԽ-ի շարք մը անդամները։ Այսպէս, իրաւաբան Արա Զօհրապեան, իրաւաբան ու միջազգային փորձագէտ Արա Ղազարեան, փաստաբան Արամ Վարդեւանեան, փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան եւ իրաւաբան Արման Թաթոյեան այս կապակցութեամբ ներկայացուցին իրենց տեսակէտները։

ԳՀԽ խստօրէն դատապարտեց եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու դէմ իրականացուած բացայայտ ապօրինի ոտնձգութիւններն ու ճնշումները, ինչպէս նաեւ հակաեկեղեցական հռետորաբանութեամբ ատելութեան խօսքի ու անհանդուրժողականութեան տարածումը՝ ընդգծելով, որ նման երեւոյթները կը խաթարեն ինչպէս խղճի ու խօսքի ազատութեան սկզբունքը, այնպէս ալ հանրային համերաշխութիւնը։ Արձանագրուեցաւ նաեւ, որ եկեղեցականներուն առաջադրուած մեղադրանքները եւ խափանման միջոցները հիմնուած են ոչ-իրաւաչափ փաստերու վրայ եւ կը հակասեն արդար դատաքննութեան իրաւունքի ու անձի ազատութեան սահմանափակման միջազգային չափանիշներուն։ 

ԳՀԽ վերահաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիրքորոշումը՝ աջակցիլ արդարադատութեան հաստատման եւ պաշտպանել եկեղեցւոյ սպասաւորներու ու հաւատացեալ ժողովուրդի իրաւունքները՝ վերստին կոչ ուղղելով իրաւապահ մարմիններուն յանուն արդարութեան դադրեցնել ապօրինի քրէական վարոյթները եւ ազատ արձակել ազատազրկուած հոգեւորականներն ու քաղաքացիական անձերը։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ Յովհաննավանքի դէմ Մայր Աթոռի իրաւունքներու եւ ծիասաարարողական կեանքի վերականգնման, հաւատացեալներու հոգեւոր-կանոնական կեանքի պաշտպանութեան ու եկեղեցականներու բնականոն ծառայութեան ապահովման ուղղուած քայլերը։

ԳՀԽ ընդգծեց գերիներու հարցի նկատմամբ շարունակական ուշադրութեան եւ համակարգուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Վերահաստատուեցաւ եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու ջանքերը քոյր եկեղեցիներու ու միջազգային կանոնական կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ նպաստելու գերիներու վերադարձին եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան օրինական դրութիւններու կիրառման։

Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններու մասին զեկուցեց ԳՀԽ-ի անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան՝ ներկայացնելով փաստեր, որոնք կը վկայեն Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած համակարգուած քաղաքականութեան մասին՝ միտուած հայկական պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման եւ իւրացման։ Նշուեցաւ, որ Ատրտէյճանի իշխանութեան կողմէ հովանուորուած պատմական զեղծարարութեան նպատակն է ջնջել տարածաշրջանի հայկական ինքնութեան հետքերը եւ փորձել օրինականացնել իրենց յաւակնութիւնները հայկական ժառանգութեան դէմ։

ԳՀԽ կարեւորեց միջազգային ամենալայն շրջանակներու աջակցութեան ապահովումը եւ մասնաւորաբար Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աշխատանքներու առաւել ընդլայնումը։

Պատմաբան Միքայէլ Մալխասեան զեկուցման մէջ անդրադարձաւ հանրակրթական ծրագրերու եւ Հայոց պատմութեան դասագիրքերու մէջ տեղ գտած մտահոգիչ դրութիւններուն։ Ան ներկայացուց օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կ՚աղճատուին Հայոց պատմութեան զանազան փաստերը եւ կը խեղաթիւրուին իրադարձութիւնները՝ նսեմացնելով պատմական դէմքերու ու դէպքերու, եկեղեցական եւ պետական գործիչներու պատմական դերը։

ԳՀԽ խիստ մտահոգութեամբ նկատեց, որ նման մօտեցումները կը վտանգեն սերունդներու ազգային ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան շարունակականութիւնը՝ կարեւորելով ազգային խորհրդանշաններու արժեւորման եւ անոնց հանդէպ յարգանքի ու պատշաճ վերաբերմունքի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Խորհուրդը ընդգծեց նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։

ԳՀԽ քննարկեց եւ որոշեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի վախճանման 1700-ամեակին նուիրուած հոգեւոր, մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման եւ Կոմիտաս Վարդապետի սրբադասման հարցի քննութեան նպատակով ձեւաւորել յանձնախումբեր։

Քառօրեայ նստաշրջանի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ եկեղեցւոյ հովուական կեանքին, կարգապահական ու իրաւական խնդիրներուն եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանը ամփոփուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2025