ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻԼԸ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու հալածանքները այս շրջանին կը բնորոշեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։ Նուիրապետական աթոռները կը զօրակցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, թէեւ ափսոս, որ մանաւանդ եպիսկոպոսաց դասէն ներս յառաջացած պառակտումը առաւել կը բարդացնէ ամէն ինչ՝ բազմապատկելով մտահոգութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ամենայստակ դիրքորոշումը ունի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որ անվերապահօրէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին է։ Հայ Երուսաղէմէն ներս շաբաթավերջին գումարուած է միաբանական ընդհանուր ժողով՝ օրակարգի վրայ ունենալով սոյն տագնապը։ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան ընդհանուր ժողովէն վերջ, Սուրբ Աթոռի դիւանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ ստորագրութեամբ դիւանի փոխ-ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեանի եւ փոխ-ատենադպիր Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հաղորդագրութիւնը։

*

Շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկեանի հրաւէրով՝ Սուրբ Երկրի մէջ ծառայող միաբան հայրերու ներկայութեամբ գումարուեցաւ արտահերթ Միաբանական ընդհանուր ժողով (ՄԸԺ)՝ օրակարգի նիւթ ունենալով «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի շուրջ կատարուող իրադարձութիւնները»։

ՄԸԺ՝ առաջնորդուելով Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեամբ, հաւատքի անխախտ սկզբունքներով եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնութեան անշեղ հոգածութեամբ, իր լիակատար աջակցութիւնն ու անսակարկ նուիրումը կը յայտնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ազգային-եկեղեցական ժողովով ընտրուած Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Վեհափառ Հայրապետի անուան յիշատակումը սուրբ պատարագներու ընթացքին նոյն ժողովի իրաւական պահանջն է:

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, ինքնակառավարուող հաստատութիւն մըն է եւ անջատ պետութենէն: Ներկայ կառավարութեան միջամտութիւնը՝ Եկեղեցւոյ գործունէութեան, կը հակասէ Սահմանադրական կարգին:

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին վերաբերեալ իւրաքանչիւր խնդիր պէտք է լուծուի՝ ըստ անոր կանոններուն: Ըստ այդ կանոններուն՝ միակ մարմինը, որ իրաւասու է այդ խնդիրները քննելու եւ որոշում կայացնելու, Ազգային-եկեղեցական ժողովն է: 

Վերոնշեալները նկատի առնելով՝ ՄԸԺ կը խնդրէ Վեհափառ Հայրապետէն հրաւիրել տարիներէ ի վեր ծրագրուող Ազգային-եկեղեցական ժողովը (հրաւիրուած Եպիսկոպոսական ժողովէն զատ)՝ Եկեղեցւոյ եւ իր անձին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար:

ՄԸԺ-ի յորդորն է հեռու մնալ ըմբոստութեան ոգիէ ու հակառակութիւն ծնող քայլերէ եւ միայն եղբայրասիրութեան ոգիով ու բարեխորհուրդ միասնութեամբ ամրապնդել մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ առաջնորդել զայն դէպի խաղաղութիւն, ճշմարտութիւն եւ հոգեւոր վերածնունդ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2025