ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արցախի պետական այրեր եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։ Զրոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան Արցախի հայրենազրկուած բնակչութեան առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն եւ հայրենազրկեալներու հետ բնակութեան վայրերու մէջ սկսած հոգեխնամ աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել այս ուղղութեամբ։

Հանդիպման տեւողութեան կարեւորուեցաւ միջազգային հարթակներու վրայ համատեղ հետեւողական քայլերու ձեռնարկուիլը՝ մանաւանդ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, կորսուածներու յայտնաբերման եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար։

Հուսկ, հիւրերը Նորին Սրբութեան նկատմամբ արտայայտեցին իրենց որդիական երախտագիտութիւնը ու վերանորոգեցին հաւատարմութիւնը Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025