ՏՈՄՍԵՐ՝ ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆԷՆ. «ՄԵ՞ՂՔ ՄԸ ԳՈՐԾԱԾ Կ՚ԸԼԼԱՆՔ, ԵԹԷ ՀԱՑԻ ՏԵՂ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՆՔ»
Զանազան առիթներով «Յառաջ»ի հին թիւերէն քաղելով ներկայացուցած ենք հայ գիրին ու մշակոյթին նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներէն։ Խմբագրականներէն զատ Միսաքեան թերթին մէջ կը գրէր նաեւ «Տոմսեր» եւ ինչպէս խմբագրականներուն կամ իր միւս գրութիւններուն, այնպէս ալ տոմսերուն կը սպասէր ընթերցողը, ամենօրեայ կենսատու հոգեւոր սնունդ կը քաղէր անոնցմէ։ Մտաւորական երիտասարդ սերունդներ՝ Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի, կը կարդային այդ գրութիւնները, որոնք օրին ալ կ՚արտատպուէին մամուլի զանազան անուններու մէջ։
Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ Արեւմտահայոց մամուլի եւ հրապարակագրութեան մէջ երկար ճանապարհ անցած մտաւորականը մասնաւորապէս աշխատակցած է «Դրօշակ»ին, «Ռազմիկ»ին եւ «Ազատամարտ»ին, Կարնոյ «Յառաջ»ին։ Բայց 1925 թուականին, Փարիզի մէջ իր հիմնած «Յառաջ» օրաթերթը եղած է այն գլխաւոր հարթակը, որուն վրայ ազգային, քաղաքական, հասարակական հարցերով նիւթեր ու խմբագրականներ հրապարակած է:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քաղուածքներ իր տոմսերէն՝ տպուած «Յառաջ»ի մէջ։
ԳՈՀԱՐՆԵՐ
Երիտասարդ մը, անշուշտ, յետ պատերազմեան ոտանաւոր ուղերձ մը կը ձօնէ Պօղոս Նուպար փաշայի։
Ուղերձը կ՚արտասանուի Ֆիլիպէի մէջ, հանդէսի մը առթիւ։
Երեւի հեղինակը շատ հաւնած ըլլալով ուղերձին, կը ղրկէ զայն Փարիզ, նպաստընկալ թերթի մը, որ անմիջապէս հրատարակութեան կու տայ։
Չէի՞ք ուզեր քանի մը ողկոյզ ճաշակել.
Պօղոս Նուպար, մտքի սատար,
Իմաստութեան անմահ քուրմ,
Որ բուրվառիդ կնդրուկներուն
Քաղցըր բոյրը սրսկեցիր
Մշակոյթի, լոյսի կարօտ խաւերուն
Խորն անխըտիր՝
Անոնց սուգը կը կաթի այժմ
Շիրմիդ վրայ ցօղաթուրմ։
Եւ այսպէս գլուխէն մինչեւ ոտքը, իւրաքանչիւր գոյականի թեւերէն եւ կողերէն ածականներ կախուած՝ ողկոյզի պէս։
Առատաձեռն խղճի Կրեսոս, դուն
Քաջալեր բարութեան,
Պայծառ ճակատ, անշեղ նայուածք,
Հանճարեղ լոյսն հայ կեանքին։
Ու վերջապէս աստուածացումը.
Դուն Հայրիկին, Անդրանիկին
անբաժան մասն, ո՜վ Նուպար,
Հայաշխարհի սրտին վրայ
կ՚իշխէ հոգիդ վեհափառ։
Ինչպէս կը տեսնէք, «ազգերնիս կը յառաջդիմէ»։ Ե՛ւ արձակ ե՛ւ ոտանաւոր։
Չարամիտներ են անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ նորերը ամէն կապ կտրած են անցեալին հետ, թէ ապերախտ են կամ ինքնահաւան։
Վկայ՝ նորի մը նորագոյն ուղերձը, որ կրնայ ձեզ տանիլ մինչեւ ամիրաներու շրջանը, ոչ միայն իր տառով ու բառով, այլեւ հոգեբանութեամբ։
Պիտի ըսէք, թէ շատ աւելի փայլուն, պերճիմաստ նմոյշներ տեսած էք։
Ես ալ տեսած եմ։ Դեռ ինչե՜ր կան, մինչեւ այս ուղերձը։ Եւ ես միայն Ֆիլիպէի տղուն մեղքը չեմ առներ։
«Տէսթան»ներու ամբողջ գրականութիւն մը մշակուեցաւ, տարիներու ընթացքին, եւ դեռ կը շարունակուի։
Միայն Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի ձօնուած երգերն ու տաղերը հատոր մը կը կազմեն։
Եթէ չեմ սխալիր, քանի մը հատ ալ քայլերգներ տպուեցան եւ ծախուեցան։
Այս բոլորը կ՚իմանաս ու կ՚անցնիս։
Տիրացու, պատուելի մարդիկ, այդպէս եկեր են, այդպէս ալ պիտի երթան։
Բայց, հոգիդ չի՞ ցաւիր, երբ երիտասարդներ ալ կը տեսնես նոյն ճամբուն վրայ, նոյն հոգեբանութեամբ եւ նոյն բառերով։ Առանց սեփական գծի։
Պօղոս Նուպար արժէքներ ունէ՞ր թէ չունէր, տարբեր խնդիր է։
Բայց, ինչպէ՞ս կրնաք հանդուրժել, որ մեր այս դարուն մէջ, երիտասարդ մը իր գրիչը մելանը թաթխէ եւ գրի առնէ այսպիսի գոհարներ.
Դուն Հայրիկին, Անդրանիկին
անբաժան մասն, ո՜վ Նուպար,
Հայաշխարհի սրտին վրայ
կ՚իշխէ հոգիդ վեհափառ։
1935
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻ՛ՒՆ, «ՊԷ ՃԱՆԸՄ»
Նիկոմիդիոյ հանգուցեալ առաջնորդին, Յովակիմեան արքեպիսկոպոսի այս բացագանչութիւնը կ՚իյնայ միտքս ամէն անգամ, որ կը հանդիպիմ այլանդակ եւ անմիտ բառերու եւ բացատրութեանց, օրուան թերթերուն մէջ։
Այլանդակութիւններ, որոնց մէկ մասը եթէ անգիտութիւն է, միւսն ալ՝ անհոգութիւն եւ անխղճութիւն կը հոտի։
Դեռ քանի՞ տարի այսպէս, այնքան բացատրութիւններէ, խրատներէ, սաստերէ եւ… դասընթացքներէ յետոյ։
Վերջերս թերթի մը մէջ կարդացի հետեւեալ բացատրութիւնը. «Դաշնագիրին եղանակաւորութիւնները»։
Կ՚ենթադրեմ, թէ ֆրանսերէն «Մոտալիթէ» բառն է, որ թարգմաներ են «եղանակաւորութիւն», - ի՜նչ բարբարոս բառ։ Մինչդեռ կրնային ըսել դաշնագրին գործադրման եղանակները, հանգամանքները կամ յարմարութիւնները։ (Բնագիրը ձեռքի տակ չունենալով, կը նշանակեմ տրամաբանական եւ մօտաւոր իմաստը)։
Դարձեալ նոյն թերթէն. «շահագրգիռ պետութիւնները»։
Այստեղ ալ՝ «էնթերեսէ»ն է, որ թարգմանուեր է «շահագրգիռ», մինչդեռ կը նշանակէ՝ «շահագրգռուած», աւելի կարճ՝ «շահակից»։
Իրենց բառը կը նշանակէ «շահագրգռող», որ նոյն բանը չէ, ինչպէս նոյն բաները չեն «հետաքրքիր»ը (մարդ) եւ «հետաքրքրական»ը (իր կամ նիւթ)։
Բազմաթիւ գրիչներ, նոյնիսկ բանաստեղծներ եւ գրագէտներ կը շարունակեն գրել եւ իրարու փոխանցել անճոռնի բառ մը, «առինքնող»ը, - եւ անոր վրայ ձեւելով՝ առինքնուած…։
Որքան կը յիշեմ, հանգուցեալ Չիֆթէ Սարաֆն էր (Յովհաննէս Ասպետ), որ բառարանէ մը գտած եւ մէջտեղ նետած էր այդ բառը, Պուրժէի «Փիլիսոփային աշակերտը» թարգմանած ատեն։
Կը գործածեն «հմայիչ», «յանկուցիչ», «գրաւիչ», «մոգական» կամ «կախարդական» իմաստով, (թերեւս ալ առանց հասկնալու իմաստը, - ընկալեալ սովորութեամբ…)։
Մինչդեռ նշանակուած հինգ բառերէն մէկն ու մէկը շատ աւելի սիրուն պիտի ըլլար եւ ճշգրիտ։ Եւ ուրիշ բառեր ալ չեն պակսիր։
«Առինքնող»ը վիժուկ մըն է, որ կը հայհոյէ ո՛չ միայն ճաշակի, այլեւ բառակազմութեան տարրական օրէնքին դէմ։ Կարծեմ Եղիա Տէմիրճիպաշեանն էր, որ հնարեց զայն, աստղանիշով, իբրեւ փորձ, ինչպէս ուրիշ բառեր, առանց շատ բարակը նայելու։
Մեր ամենէն վարժ գրիչներն ալ չկրցան ճամբել սա հռչակաւոր «վարքագիծ»ը, - նոյնքան հրէշային որքան «առինքնող»ը։
Կովկասեան թարգմանութիւնն է «լինեը տը քոնտիւիթ»ին, անշուշտ ռուսերէնի վրայ չափուած։ Բայց ո՜րքան տժգոյն, եւ քերականօրէն ալ անճիշդ։
Հապա ո՞ր օրուան համար է մեր սքանչելի «ուղեգիծ»ը։ Պարագային համեմատ ալ՝ ուղեցոյց, դիրք (աթիթիւտ), ընթացք, եւ այլն։
Քիչ մը ուշադրութիւն, պէ ճանըմ։
1936
«ՄԱՀԱԳՈՒՄԱՐ»
Գրաշարը - կամ տողաշարը - ի՜նչ խաղեր կը խաղան որեւէ գրութեան գլխուն, եթէ սրբագրիչը ուշադրութիւն չընէ։
Դուն կը գրես խտացնել. ան կը շարէ խստացնել։ Կամ կը գրես խստացնել, կը շարէ խորացնել։
Կը գրես՝ «թեւերով», կը շարէ՝ «թիւերով»։ Եւ կամ թիւերը կը վերածէ թեւերու։
«Արեւը» կամ «արեւինը» կը դառնայ… արիւն, «լուսամարտ»ը՝ … լուսամուտ։
Անշուշտ սխալ շարուած բառերն ալ իմաստ ունին։ Բայց, ոչ այն ինչ որ ըսել կ՚ուզես։
Գրաշարը չէ պատասխանատուն այս վրիպակներուն։
Շատ բան ալ կախում ունի յօդուածագրին ձեռագրէն։
Գրաշարը հարկադրուած է ամբողջ հիւսուածքներ քակել։ Մրջիւնի տոտիկները բառի մը վերածել։
Երբեմն ալ շատ սիրուն, սրամիտ պատկեր մը կը պարզեն վրիպակները։
Խմբագիրը կը գրէ «քառասունճանկուկ»։ Ձեռագիրը շարուած ատեն իր դիմացը կը գտնէ… «քառասուն ճանճուկ» մը։
Անցեալ օր, քաղաքական լուրերուն մէջ, միջազգային համագումար մը շարուած էր… «մահագումար»։
Խմբագիրը սխալը սրբագրելով հանդերձ, կը խոստովանէր, փիլիսոփայաբար.
- Թէեւ սխալ շարուած է, բայց շատ ալ հեռու չէ օրուան իրականութենէն։
Առաջին մեծ պատերազմէն ի վեր քանի՜ համագումարներ կրնաք համրել, որ յանգած չըլլան «մահագումար»ներու, - պատերազմ, ջարդ։ Մահ եւ աւեր։ Առնուազն մահասարսուռ մղձաւանջ։ Ինչպէս այսօր։
ՆՈՐ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ»
Ամերիկացի պատուելի մը մեծ աղմուկ հանեց վերջերս, վերաքննելով եւ սրբագրելով «Հայր մեր»ը։
Ի՜նչ յանդգնութիւն…
Մեր մէջ գրոց-բրոցներ կան, որոնք տարիներով քէն կ՚ընեն, եթէ անտեղի բառ մը փոխած, կամ լեզուական սխալ մը սրբագրած ըլլաս։
Պատուելին սրբապղծութիւն մը կը համարի «Հայր մեր»ին հետեւեալ նախադասութիւնը. -
«Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ »։
Բարի քրիստոնեայի մը կը վայլէ՞ այսպիսի աղօթք ուղղել Աստուծոյ, կ՚ըսէ պատուելին։
Ուրեմն Աստուած մեզ փորձութեա՞ն կ՚առաջնորդէ, - մեղայ, մեղա՜յ…
Եւ ուրիշ քանի մը դիտողութիւններ։
Դժբախտաբար կորսնցուցեր եմ իր սրբագրած եւ վերամշակած «Հայր մեր»ին բնագիրը։
Աստուածաբանութիւնը չինարէն է ինծի համար։ Բայց կը կարծեմ, թէ պատուելին կը չափազանցէ։
Միայն Հայոց պատմութիւնը քրքրելով, ես այն եզրակացութեան յանգած եմ, թէ Աստուած կը սիրէ փորձութեան ենթարկել մարդիկը։ Ամբողջ ազգեր եւ ժողովուրդներ։
Իսկ երբ կարգը կու գայ «չարէն փրկելու», յանկարծ կը կորսնցնէ իր չէզոքութիւնը։ Կը դառնայ կողմ։
Դեռ աւելին, - կը հակի այն կողմը, որ ոչ թէ գրիչ, այլ սուր ունի։ Ոչ թէ «մատեան ողբերգութեան» եւ սրբանօթ, այլ հրանօթ եւ թնդանօթ։
Հեռո՜ւ ինձմէ՝ «Հայր մեր»ը սրբագրելու որեւէ յաւակնութիւն։
Երբ Նարդունին անգամ «Խոնարհեցո՛» կ՚երգէ Վենետիկի կամարներուն տակ, ինծի՞ մնացեր է բառ կամ խօսք փոխել տէրունական աղօթքէն։
Միայն համեստ առաջարկ մը։
«Հայր մեր»ը ի միջի այլոց կը խնդրէ «զհաց մեր հանապազորդ»։
Հայերը աշխարհի ո՛ր ափն ալ ինկած ըլլան, հաց ճարելու ճամբան կը գտնեն։
Հայկական առած է քարէն հաց հանելը։ Մե՞ղք մը գործած կ՚ըլլանք, եթէ հացի տեղ ազատութիւն խնդրենք, աշխարհաբար թէ գրաբար։
-Բայց «Տէր ողորմեա»ն ունինք։
-Հոգ չէ։ Այս անգամ ողորմութիւն չենք խնդրեր, այլ մեր արդար իրաւունքը, քիչ մը աւելի բարձրացնելով մեր ձայնը։
28 յունիս 1953
ՈՏՔԸ ՏԱՐԻՆ, ԳԼՈՒԽԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ…
Վիեննայէն կը հաղորդեն, թէ Լոնտոն փոխադրուած է Սթալինի ոտքէն կտոր մը, աճուրդով ծախուելու համար, ի նպաստ Հունգարիոյ փախստականներուն։
Ինչպէս կը յիշուի, Փեշթայի առաջին ապստամբութեան օրերուն, հայրենասէրները վար առած էին «Հանճարեղ»ին վիթխարի արձանը, որ կը տիրապետէր հրապարակին վրայ։
Այս ոտքի կտորն ալ այդ արձանին բեկորներէն մէկն է, որ Վիեննա փոխադրուած էր փախստականի մը կողմէ։
Չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուին արձանին մնացեալ մասերը, որոնք նոյնքան հասութաբեր կրնային դառնալ։
Եթէ Սթալինի միւս արձաններն ալ վար առնուելով աճուրդի հանուէին, շատ աւելի կարեւոր գումար մը կը գոյանար։
Նախ՝ գործածուած մետաղը եւ մարմարը կը դառնային շինանիւթ, բանուորական բնակարաններ կառուցանելու համար։
Երկրորդ՝ ժողովուրդները կը փրկուէին ահաւոր մղձաւանջէ մը, որ կը շարունակէ ճնշել, «Արեւ»ին խաւարումէն ետքն ալ։
Իր կենդանութեանը ատեն, ի՜նչ հնարքներ կը մտածէին, երկրէ երկիր տարածելու համար «Հանճարափայլ»ին փառքը եւ շուքը։
Իրազեկներ կը պատմեն, թէ Խորհրդաւոր Միութեան մէջ կար մասնաւոր գործարան մը, որ յատկացուած էր միայն Սթալինի գաճէ կիսանդրիները շինելու։
Այնտեղ արտադրուած տիպարներուն վրայ, արձաններ եւ յիշատակարաններ կը շինէին Խորհրդային Միութեան բոլոր կեդրոններուն, ինչպէս եւ արբանեակ երկիրներուն մէջ։
Անհատի պաշտամունքը այնքան գռեհիկ չափերու հասած էր, որ բանաստեղծներն ալ սկսան բառարան եւ պատմութիւն քրքրել, գովասանական տաղեր հիւսելու համար։
Արդարեւ, ի՜նչ բառեր, ի՜նչ ածականներ եւ նմանութիւններ. -
«Անսահման՝ ինչպէս լոյսը եւ ովկիանոսին ալիքները»։
«Ամէն անգամ որ արեւը կը ծագի Մոսկուայի վերեւ, ինձ կը թուի, թէ Ա՛ն է, որ կը կոխէ կոճակին վրայ, լոյս պարգեւելու համար մեզի»։
Հապա իր անունով կոչուած քաղաքնե՞րը, - Սթալինկրատ, Սթալինպատ, Սթալինիր, Սթալինիցի, Սթալինքա, Սթալինոկորսկ, Սթալինսկ, Սթալինքոյ, Սթալինսկի, Սթալինօ, եւ այլն։
…Հունգար փախստականը յաջողեր է թռցնել կտոր մը ջարդ ու փշուր արձանի մը ոտքէն, իբրեւ խորհրդանշան։
Ի՞նչ օգուտ, երբ գլուխը կը գործէ նոյն սանձակոտոր կատաղութեամբ, միայն անուն փոխելով։
1956
ԲԱՐԵՄԻՏ ԲԱՅՑ ՀՈՒՄ
Հետաքրքրութեամբ կարդացի տեսութիւն մը՝ հետեւեալ խորագրով. «Երիտասարդ գրողներու հակազդեցութիւնը իսթանպուլահայ գրականութեան վրայ» (Լուսաղբիւր, 1953 յունիս-յուլիս)։
Յօդուածագիրը փորձեր է ապացուցանել, թէ գրական նոր սերունդ մը հասած է Պոլսոյ մէջ։
Իր վկայութեան համաձայն, այդ սերունդը իրական, կենդանի, տենդենցիոզ գրականութիւն կը մշակէ 1945-էն ի վեր, մէկդի դնելով սոխակին դայլայլը, զեփիւռին գգուանքը, աստղերն ու լուսնկան եւ մնացեալը։
Չէ՞ք ուրախանար։
Որեւէ ճիգ՝ մշակոյթի ճակատին վրայ, արժանի է գնահատութեան։ Ո՛ւր որ ալ կատարուի։
Կը պատրաստուէի ծափահարել պոլսահայ նոր սերունդին յառաջդիմութիւնը, սակայն ձեռքերս յանկարծ թուլցան։
Յօդուածագիրը կարգ մը ոտանաւորներ արձանագրած է, իբրեւ նմոյշ նոր եւ «ձգտումնաւոր» գրականութեան։
Ահաւասիկ հատ մը. -
Կիկօն կամուրջին վրայ է
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ
Կիկօն բազրիքին յենած կը նայի
Ամէն շոգենաւ գալուն Կիկօն կ՚ուրախանայ։
Կամուրջին վրայ է Կիկօն,
Քիթը վեր վեր կը քաշէ
Մարդիկ կուգան, մարդիկ կ՚երթան
Կիկօն կամուրջին վրայ է
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ։
Վախնալով, որ բան չենք հասկնար, կամ «զաւեշտ» մը կը նկատենք, յօդուածագիրը անմիջապէս օգնութեան կը հասնի։
Արդարեւ, այս ինը տող ոտանաւորին կցեր է ինը արձակ նախադասութիւն, բացատրելու համար իւրաքանչիւր տողին խորախորհո՜ւրդ իմաստը. -
Կիկօն կամուրջին վրայ է - Կը նշանակէ տուն-տեղ չունի. զբաղում չունի։
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ. - Այս տիւթը չունեւոր տղուն միակ զբօսանքն է։
Կամուրջին վրայ է Կիկօն. - Գործ չունի, դրամ չունի, ընտանիք չունի. ո՞ւր երթայ։
Քիթը վեր վեր կը քաշէ. - Թաշկինակ առնելու դրամ չունի։
Եւ այսպէս մնացեալը․․․
Ուրիշ նմոյշ մը, «Վաստակաւոր ուսուցիչը».
Մէկ աշակերտը առեւտրական
Մէկ աշակերտը սեղանաւոր
Քարիւղի թագաւոր
Լեմոնի թագաւոր
Ինք՝ ամէնուն թագաւոր՝
Անօթութեան թագաւոր։
Ահա ձեզի «արիւնով գրուած» բանաստեղծութիւններ։ «Նիւթի, խորքի, ձեւի, ոճի, արտայայտութեան, լեզուի, բառերու նորութիւններով»։
Դժբախտաբար, արուեստին հետ, լեզուն ալ «տիւթ» կ՚ընէ կ՚երթայ, այս բարեմիտ մարզանքներուն մէջ։
1953
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ