ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՍՐԱՀՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Ստեղծագործութիւնը, մշակոյթը եւ ընկերային միասնութիւնը մեծ դեր կը խաղան մարդկային կեանքին մէջ: Ներկայացումները եւ համախմբումները աւանդաբար տեղի կ՚ունենային հասարակական վայրերու մէջ, որոնցմէ մէկը շարժանկարի սրահն է: Եղած են ժամանակներ, երբ շարժանկարի սրահներ այցելութիւնը դարձած էր հասարակութեան ամենահաճելի ժողովրդական ժամանցներէն մին: Սակայն, վերջին տասնամեակներուն, հաշուի առնելով համաշխարհային փոփոխութիւնները՝ նկատելի է, որ անոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւնը զգալիօրէն պակսած է:

Ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, շարժանկարի սրահները 20-րդ դարու առաջին կէսին իրենց ծաղկուն ժամանակները ունէին: Հազարաւոր մարդիկ կը հաւաքուէին ցուցադրման դահլիճներ՝ հրճուելու ժապաւէն դիտելէ եւ իրարու հետ մշակութային զրոյցներ ունենալէ: Շարժանկարի սրահները ո՛չ միայն զուարճանքի վայրեր էին, այլեւ կրթութեան եւ հասարակական հաղորդակցութեան կեդրոններ: Ընկերային փոխյարաբերութիւններն ու արժէքներու համակարգը դարձան աւելի անհատական, երբեմն հեռու ընդհանուր համայնքային ոգիէն:

Այս երեւոյթին արմատները կարելի է գտնել բազմաթիւ գործօններու մէջ։ Անոնցմէ մէկը, հաւանաբար, թեքնոլոժիք զարգացումներ են։ Ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ իր տան յարմարութեամբ դիտել ժապաւէններ՝ օգտագործելով համացանցի զանազան հարթակներ. Ինչպէս՝ «Netflix», «Hulu», «Amazon Prime Video» եւ այլն։ Այս հարթակները կ՚առաջարկեն անսահմանափակ բովանդակութիւն, եթէ համեմատենք շարժանկարի սրահներուն հետ, ուր ժամանակը եւ տեղը սահմանափակ են։

Այս նոր մեթոտները օժտուած են արագ մուտքով, անձնական յարմարութեամբ, սակայն, ունին նաեւ բացթողումներ՝ մասնաւորապէս կապերու որակի առումով: Հին օրերուն երբ շարժանկարի սրահներէն դուրս մարդիկ երկար ժամանակ կը զրուցէին իրենց զգացումներու եւ քննարկումներու մասին, այսօր գոյութիւն ունի շատ աւելի քիչ նման համախմբում։

Նորատեսակ թեքնոլոժիներ՝ սկսեալ տնային շարժանկարի հարթակներէն, մինչեւ համացանցի ծառայութիւններու տարածումը, հիմնովին փոխեցին հասարակութեան քայլը դէպի շարժանկարի նկատմամբ։ Այսօր մեծ հարթակները կ՚առաջարկեն լայն ընտրանի՝ ժապաւէններ, հեռուստաշարքեր, որոնք կարելի է դիտել ե՛րբ ուզես, ո՛ւր ուզես, եւ ընդհանրապէս յարմարեցուած են անհատական ժամանցի համար։ Այսպէսով անհրաժեշտութիւն չի մնար զուարճանալու համար շարժանկարի սրահ երթալու:

Այս հանգամանքը զգալիօրէն փոխեց շարժանկարի սրահներու տնտեսական վիճակը, քանի որ անոնք երբեմն չեն կրնար մրցիլ արագ փոփոխուող պահանջներուն հետ: Բազմաթիւ փոքր շարժանկարի սրահներ աւելորդ ծախսերու տակ փակուեցան, իսկ մեծերը ստիպուեցան վերափոխումներ կատարել՝ նոր ուղիներ գտնելու իրենց գոյատեւման համար:

Այլ գործօնն ալ ընկերային եւ տնտեսական փոփոխութիւններն են։ Աշխարհաքաղաքական լուրջ մարտահրաւէրները, տնտեսական անկայունութիւնը եւ արհեստավարժ կեանքի շտապ ընթացքը՝ զգալի ազդեցութիւն կը թողնեն այն հարցին վրայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս ու ե՛րբ պիտի ծախսեն իրենց ժամանցը։ Շարժանկարի սրահ երթալը այսօր կրնայ դիտարկուիլ որպէս ծախսատար եւ ժամանակատար գործողութիւն, երբ համեմատենք տան մէջ հանգիստ դիտման հետ։ Արհեստավարժ կեանքի անշնչութիւնն ու ժամանակի պակասը կը խզէ մարդոց կապը շարժանկարի սրահներուն հետ։ Մարդիկ արագ եւ յարմար լուծումներ կ՚ուզեն՝ առանց ժամերով դուրսը մնալու եւ ծախսելու: Այս առումով ալ տանը ժապաւէն կամ հեռուստաշարք դիտելը համեմատաբար նախընտրելի է:

Եւ չմոռնանք նաեւ համաճարակի ազդեցութիւնը։ Քորոնաժահրի համաճարակը խիստ ազդակ եղած է հանրային վայրերու նկատմամբ վստահութեան եւ անվտանգութեան զգացողման վրայ։ Շարժանկարի սրահներու փակումը կամ սահմանափակումը մարդիկ ստիպեց այլընտրանք գտնելու, իսկ սահմանափակումներու վերացումէն վերջ շատեր դեռ զգուշաւոր են հանրային բազմամարդ վայրեր այցելելու հարցով: Այս իրողութիւնը շատերուն համար ձախողեց վերադառնալ շարժանկարի սրահներ եւ նոր սովորութիւններ ստեղծուեցան՝ տան մէջ ժամանցը նախընտրելու: Բազում մարդիկ նախընտրեցին տանը մնալ եւ հեռակայ ծառայութիւններու միջոցով սպառել շարժանկարի բովանդակութիւն։

Այս բոլորը միասին կ՚առաջնորդեն այն հանգամանքին, որ շարժանկարի սրահներ այցելութիւնը անկում ապրած է եւ ամէն օր կը ներկայացուին նոր հնարաւորութիւններ, որոնք կը զիջեն հին, աւանդական ուղիները։ Սակայն, շարժանկարի սրահներու մշակոյթը եւ մթնոլորտը ունի իր բացառիկ տեղը մարդու կեանքին մէջ։ Շարժանկարի սրահները ունին իրենց յատուկ մթնոլորտը. մեծ պաստառ, բարձրորակ ձայն, համատեղ զգացումներու տարածում, ինչ որ տանը անհնար է փոխարինել: Այս վայրը ո՛չ միայն զուարճանքի, այլեւ մշակութային փորձառութեան վայր մըն է, ուր մարդիկ կրնան միասնաբար ապրիլ ժապաւէնի մը սրտատրոփ պահերը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025