ՀԵՌՈՒՆ ԿԱՆԱՉ Է ԵՒ ԿԱՆՉՈՂ. ԻՆՉՈ՛Ւ ՄԱՐԴ ՇԱՏ ՉԻ ՍԻՐԵՐ ԻՐ ԱՊՐԱԾ ՏԵՂԸ

Վերջերս մեր բակին նկարը առի․ քիչ մը մռայլ, բայց՝ խաղաղ տեղ մըն է մեր բակը… Նկարեցի եւ հեռախօսով ղրկեցի հեռու երկիր ապրող բարեկամի մը։ Շուտով գրեց․ 

-Երանի՜ քեզի, հոն ես…

Ես ալ նոյն պահուն պատասխանեցի․

-Երանի՜ քեզի, դուն ալ հոն ես…․ 

Եւ նոյն պահուն ալ անդրադարձայ, որ ամէն մարդ, սովորաբար, կարծես չի սիրեր այն տեղը, ուր կ՚ապրի։ 

Ատիկա մարդկային բնոյթի լուռ եւ յամառ հակասութիւններէն մէկն է։ Մենք յաճախ անտես կ՚անցնինք այն վայրէն, ուր ծնած ու մեծցած ենք, կամ ուր հիմա կ՚ապրինք, մինչդեռ հիացմունքով կը խօսինք ուրիշ քաղաքներու եւ երկիրներու մասին։ 

Գիւղի մը բնակիչը երազով կը նայի մայրաքաղաքին, իսկ մեծ քաղաքի բնակիչն ալ իր կարգին՝ աշխարհաքաղաքական կեդրոններուն։ Մեծ ու խճողուած քաղաքներէն մարդիկ երազային հայեացք մը կը նետեն լքուող գիւղերուն, ուր ճանճի տզզոցի ձայնն անգամ լսելի է… 

Այս երեւոյթը, անշուշտ, նոր բան մը չէ, բայց հիմա աւելի տեսանելի եւ շօշափելի դարձած է։ 

«Այստեղ»ը կը դառնայ սահմանափակում, «այնտեղ»ը՝ երազ, խոստում…

Մարդուն միտքը հակուած է իտէալականացնելու այն, ինչ անմիջապէս իր առջեւ չէ։ Մենք կը տեսնենք ուրիշ քաղաքներու լուսաւոր կողմերը՝ գեղատեսիլ լուսանկարներ, յաջողութեան պատմութիւններ, զարգացած ենթակառուցուածքներ, կոկիկ փողոցներ։ Մեր պատկերացումներուն մէջ «օտար» տեղը գրեթէ առանց ստուերի է։ 

Բայց, արդեօք այդ գեղեցիկ լուսանկարներուն ետին չկա՞ն դժուար եւ անախորժ պահեր։ Կան եւ այն ալ՝ որքա՜ն։ 

Այսօր աշխարհի մէջ ամէն տեղ ընկերային անհաւասարութիւն է, բարձր վարձավճարները, օտարութեան զգացումը, մրցակցութեան հեւքը կը ճնշեն մարդը։ Մենք կը տեսնենք միայն օտար տեղի գեղեցիկ լուսանկարները եւ այդ անախորժ պահերը դուրս կը մղենք մեր երազներէն։ Մինչդեռ մեր սեփական քաղաքի խնդիրները՝ խցանումները, ամսաթոշակներու սահմանափակումները, քանդուած փողոցները, առօրեայ դժուարութիւնները, մթագնած դէմքերը, մեզի համար չափազանց իրական են։ Համեմատութիւնը կ՚ըլլայ միակողմանի․ «այնտեղ»ը կը չափուի իր իտէալական պատկերով, «այստեղ»ը՝ իր ամէնօրեայ կոշտութեամբ։

Այս հոգեբանական սկզբունքը հին է որքան մարդը․ հեռուն միշտ կանաչ եւ փափուկ կը թուի, որովհետեւ մենք անոր վրայ չենք ապրիր մեր յոգնութիւնը։ 

Այն, ինչին մարդը երկար ժամանակ կ՚ընտելանայ, կը դառնայ սովորական, պարզ բան մը։ Մեր քաղաքի պատմական յուշարձանները, փողոցներուն աղմուկը, ծառերու ստուերը, նոյնիսկ սիրելի մարդոց ջերմութիւնը կը դադրին զարմանք յառաջացնելէ։ Զարմանալիին տեղը կը գրաւէ առօրէականութիւնը։

Մարդը բնազդաբար կը փնտռէ նորը։ Նորը կը խոստանայ փոփոխութիւն, զարգացում, ինքնադրսեւորումի նոր հարթակ։ Եւ հոս կրկին մեղքի մեծ, շա՜տ մեծ բաժին ունին ընկերային ցանցերը։ 

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ՝ ՄԻՇՏ «ՄԵՂԱՒՈՐ»

Ժամանակակից աշխարհի մէջ ընկերային ցանցերը դարձած են համեմատութեան անընդհատ հարթակ։ Մարդիկ կը ցուցադրեն իրենց կեանքի ամենագեղեցիկ պահերը՝ ճամբորդութիւնները, յաջողութիւնները, տօները, նուէրները, անակնկալները…

Եւ, եթէ նկատած էք՝ այդ ամէնը կ՚ընեն՝ բեմադրուած, խմբագրուած, ձեւաւորուած… Կու տան աշխարհին, թէ՝ ա՛ռ եւ դիտէ՛ իմ կեանքս։ Կարծես կեանքի փառատօն ըլլայ․․ անվերջ լուսանկարներ առանց յոգնութեան, ժպիտներ առանց տխրութեան, ճամբորդութիւններ առանց օդակայաններու մէջ ձանձրալի սպասումներու, առանց օդանաւներու ուշացումներու, յաջողութիւններ առանց երկար տարիներու անտեսանելի աշխատանքին։

Մարդը, բնականաբար, կը ցանկայ իր կեանքի լաւ պահերը կիսել ուրիշներուն հետ, եւ այդ մէկը ինքնին դատապարտելի չէ, քիչ մըն ալ՝ բնական․ երբ ուրախ ես, կ՚ուզես ուրիշներուն ալ յայտնել։ Սակայն, խնդիրը կը սկսի այն ժամանակ, երբ այս ընտրուած պատկերները կը դառնան իրականութեան փոխարինող մը։ Համեմատութիւնը կ՚ըլլայ ո՛չ թէ իրականութիւններու միջեւ, այլ՝ ուրիշներու ցուցադրած «լաւագոյն տարբերակին» եւ մեր սեփական առօրեայի ամբողջական իրականութեան միջեւ։ 

Ընկերային ցանցերը նաեւ կը ստեղծեն շարժման մշտական պատրանք մը։ Կը թուի, թէ բոլորը կը ճամբորդեն, կը փոխեն քաղաքներ, կը յաջողին, միշտ սրճարաններու մէջ նստած են, միշտ նուէրներ կը ստանան, միշտ խնամուած են, այցելութեան կ՚երթան, հիւրեր կ՚ընդունին, դասընթացքի մը կ՚արձանագրուին, կը զարգանան, մինչդեռ մենք կը մնանք նոյն տեղը՝ յաճախ չհասցնելով նոյնիսկ առօրեայ մեր խնամքը։

Այն, ինչ մենք կը տեսնենք «այնտեղ»՝ ատիկա կը ներկայացուի որպէս շարունակական յաղթանակ։

Այս պատկերները անտեսանելի ճնշում կը բանեցնեն մարդու ինքնագնահատականին վրայ։ Անհատը կը սկսի խորհիլ, թէ իր միջավայրն է, որ կը սահմանափակէ իր ներուժը։ «Եթէ ես ուրիշ քաղաք տեղափոխուիմ, կեանքս կը փոխուի» միտքը մարդուն համար կը դառնայ ներքին համոզում եւ կը սկսի տանջել զայն։

Սակայն, միջավայրը մի՞շտ է արդեօք, որ մարդու՝ լաւ զգալու միակ խոչընդոտն է։ 

Խորը եթէ նայինք՝ երբեմն խնդիրը պարզապէս մեր սեփական վախերն են, մեր անորոշութիւնը կամ մեր անկատար ինքնաճանաչումը։ Քաղաքը կը դառնայ արդարացում՝ ներքին պայքարներուն համար։

Անշուշտ, կան նաեւ առարկայական պատճառներ։ Որոշ երկիրներու մէջ կրթական, մասնագիտական եւ ընկերային հնարաւորութիւնները իրապէս աւելի լայն են։ Աշխատաշուկայի զարգացումը, ընկերային պաշտպանութեան համակարգերը, օրէնքները, կեանքի որակը կրնան որոշիչ ըլլալ։

Բայց, նոյնիսկ բարեկեցիկ միջավայրերուն մէջ ալ շատ ապրողներ կ՚երազեն ուրիշ տեղերու մասին։ Ասիկա կը յուշէ, որ հարցը միայն նիւթական չէ։ Հոգեբանական անհանգստութիւնը կը հետեւի մարդուն, ո՛ւր որ ալ ան երթայ։ Աշխարհագրութիւնը կը փոխուի, բայց ներքին դատարկութիւնը կը մնայ, եթէ մարդ իր ներքին աշխարհին հետ աշխատանք չէ տարած։ Այդ ժամանակ կը զգաս, թէ որքան լքած ես ներքին աշխարհդ եւ ներսը նայելու տեղ՝ դուրսը նայած ես։ 

ԵՐԲ ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ «ՁԱՆՁՐԱԼԻ»

Կան պահեր, երբ մարդ կը զգայ, թէ իր քաղաքը փոքրացած է։ Փողոցները նոյնն են, դէմքերը նոյնն են, խօսակցութիւնները՝ կրկնուող։ Դրացին կը թուի ձանձրալի, խանութի աշխատողը՝ անտարբեր, նոյնիսկ հարազատներու պատմութիւնները՝ լսուած հարիւր անգամ։ Այս պարագային նոյնպէս կը խորհիս՝ բայց արդեօք քաղաքն ու մարդիկը ձանձրալի դարձա՞ծ են, թէ մեր ընկալումն է մթագնած։

Ձանձրոյթը նոյնպէս յաճախ արտաքին միջավայրի խնդիր չէ, այլ ներքին վիճակէն կը բխի։ Մարդը երկար ժամանակ կ՚ապրի նոյն կշռոյթով, առանց նոր փորձառութիւններու, եւ օր մըն ալ զգայարանները կրնան բթանալ… Ամէնօրեայ տեսարանը կը դառնայ պարզապէս գորշ պաստառ մը։ Մինչդեռ օտար աչքը նոյն փողոցին մէջ կը տեսնէ շարժում, գոյն, պատմութիւն։

Ձանձրոյթը երբեմն պաշտպանական մեքենականութիւն մըն է․ մարդը կը դադրի ներգրաւուելէ, որպէսզի չվիրաւորուի կամ չյոգնի։ Այդ պարագային աշխարհը կը դառնայ հարթ ու անգոյն, որովհետեւ մենք ինքներս հեռացած ենք անոր խորքէն։

Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ. ՓԱԽՉԻ՞Լ, ԹԷ ՓՈԽԵԼ ՀԱՅԵԱՑՔԸ

Քաղաքը, ապրած տեղը փոխելու երեք ուղի կարելի է պատկերացնել։

Առաջինը՝ ֆիզիքապէս հեռանալն է։ Նոր միջավայրը կրնայ բանալ նոր դռներ, ստեղծել նոր յարաբերութիւններ։ Բայց, եթէ ներքին դատարկութիւնը մնայ անփոփոխ, նոր քաղաքն ալ շուտով կը դառնայ հին։ Մարդը նոր քաղաք կը տանի իր հետ իր սպասումները, իր անհանգստութիւնները եւ իր ներքին ճնշուածութիւնը։ Յաճախ կը պատահի, որ հեռուն հասնելէ ետք ալ նոյն «երանի»ն կը շարունակուի՝ ուղղուած ուրիշ, աւելի հեռու հորիզոնի։

Երկրորդը՝ նոյն քաղաքին մէջ կեանքի ձեւը փոխելն է։ Ըսենք՝ նոր երթուղի ընտրել, նոր զբաղմունքի սկսիլ, ուրիշ շրջանակի մը մէջ մտնել, տունին քովի խանութը փոխել եւ քիչ մը հեռուէն առեւտուր ընել… Նոյն փողոցները կրնան բացուիլ այլ աչքով, եթէ մենք դուրս գանք ինքնաշարժ առօրեայէն։

Երրորդը՝ հայեացքը փոխելն է։ Ասիկա ամենադժուարն է, բայց, ըստ հոգեբաններու՝ ամենախորքայինն է։ Երբ մենք սկսինք նայիլ մարդոց որպէս պատմութիւններու կրողներ, նոյն «ձանձրալի» դրացին կրնայ յանկարծ բացուիլ որպէս հարուստ կենսագրութիւն ունեցող անհատ եւ խորհրդատու։ 

ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Հետաքրքրական է, որ շատեր իրենց քաղաքի արժէքը կը գիտակցին միայն զայն լքելէ ետք։ Օտարութեան զգացումը գրեթէ միշտ կը սրէ հայրենիքին հետ կապը։ Այն, ինչ կը թուէր սովորական, յանկարծ կը դառնայ թանկ ու անփոխարինելի՝ լեզուն, հոտերը, ձայները, մանկութեան յիշողութիւնները։ 

Օր մը հեռու տեղ ապրող բարեկամուհիս ըսաւ՝ Երեւանի մեր շէնքէն կը զզուէի, քանի որ ներսը խոնաւ նկուղի հոտ կար միշտ, իսկ հիմա օտար այս քաղաքին մէջ ամենաշատը այդ հոտը կը կարօտնամ։ 

Այս հակասութիւնը ցոյց կու տայ, որ խնդիրը միայն քաղաքին մէջ չէ։ Մարդը կը փնտռէ արտաքին փոփոխութիւն՝ ներքին բաւարարուածութեան փոխարէն։ Բայց, երբ ներքին հաւասարակշռութիւնը կը գտնուի, նոյն փողոցը կրնայ կրկին դառնալ բացայայտում։

Գուցէ հարցը ո՛չ թէ «ո՞ւր կ՚ապրիմ»ն է, այլ «ինչպէ՞ս կ՚ապրիմ»ը եւ «ինչպէ՞ս կը դիտեմ իմ միջավայրս»։ Ապրելու արուեստը երբեմն նոր քաղաք գտնելու մէջ չէ, այլ նոյն քաղաքին մէջ նոր մարդ դառնալու։

Գիրքերու, շարժանկարներու մէջ ալ կը տեսնենք, որ երբ մարդը իր ներքին հաւասարակշռութիւնը կը գտնէ, «հեռուն» կը դադրի մոգական ըլլալէ։ Իսկ երբ հայեացքը կը սրուի, նոյնիսկ ամենահին փողոցը կրնայ բացուիլ որպէս նոր աշխարհ։

ԴԱՒԹԱՇԷՆԸ

Հայաստանի մայրաքաղաքի քարտէսին վրայ կան թաղամասեր, որոնք երկար ժամանակ կարծես ծայրամասի լռութեան մէջ մնացած էին՝ կիսամեկուսացած կեդրոնական եռուզեռէն, սեփական ներքին կեանքով տապկուող, բնակիչներու ծանօթ շունչով։ Այդպիսիներէն մէկը Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասն էր։ Մօտաւոր անցեալին այն կը նկատուէր քաղաքային միջավայրէն քիչ մը հեռու տեղ մը․ այստեղ կը բնակէին հիմնականը տեղացիներ, որոնք իրենց առօրեան կը կառուցէին դպրոցի, բակի, խանութի եւ մօտակայ այգիի շրջանակին մէջ։ Դաւթաշէնը կեդրոն չէր, զբօսաշրջային երթուղիներուն մէջ նշուած հասցէ չէր, «պարտադիր տեսնելու վայր» չէր։

Այսօր, սակայն, պատկերը էապէս փոխուած է։ Թաղամասը արդէն ո՛չ միայն բնակելի գօտի է նաեւ սփիւռքահայերու համար, այլեւ՝ շարժումի, խօսակցութեան, օտար լեզուներու եւ բազմազան դէմքերու հանդիպման վայր է։ Տարիներ առաջ «քաղաքէն դուրս» թուացող այս թաղամասը այժմ որոշ օրերուն կը յիշեցնէ կեդրոնական փողոցներու եռուզեռը։ Մայթերուն վրայ կը շրջին օտարներ, կը լսուին ասիական, սլաւոնական, եւրոպական լեզուներու խառն ձայներ, իսկ տեղացի դաւթաշէնցին, որքան ալ վարժուած է արդէն անոնց, երբեմն զարմացած կը դիտէ այս նոր շարժումը։

Անշուշտ, այս փոփոխութեան պատճառները բազմաշերտ են։ Անոնցմէ մէկը եւ, թերեւս ամենագործնականը այն է, որ թաղամասին մէջ կը գտնուի Հայաստանի Անձնագրային եւ մուտքի կացութեան վարչութեան հսկայական կառավարական շէնքը։ Օտար քաղաքացիներ, որոնք կը ցանկան Հայաստանի մէջ քիչ մը աւելի մնալ, երկնցնել իրենց մուտքի կացութիւնը, ձեռք ձգել աշխատանքային փաստաթուղթեր կամ կարգաւորել այլ վարչական հարցեր եւ ի վերջոյ՝ սփիւռքահայը, որ կը ստանայ իր հայաստանեան անձնագիրը, անպայմանօրէն կը հասնին հոս։ Այսպիսի մարդոց համար Դաւթաշէնը ո՛չ թէ զբօսաշրջային գօտի է, այլ՝ անհրաժեշտ կանգառ՝ իրենց փաստաթուղթերու կազմակերպման ճանապարհին։

Սակայն հետաքրքրականը այն է, որ թաղամասը միայն այդ վարչական կայանատեղին չէ։ Կան նաեւ պարզ զբօսաշրջիկներ, որոնք, առանց ակնյայտ գործնական պատճառի, կը շրջին փողոցներուն մէջ։ Անոնք կը նկարեն մայթերը, մայթերուն պտուղ վաճառողները, բակերը, նոյնիսկ սովորական նստարանները։ Երբեմն կը կենան բազմաբնակարան շէնքերուն առջեւ, կը զննեն պատշգամներուն կառուցուածքը, կը զմայլին մանկական խաղահրապարակով կամ ծառաշատ անկիւնով մը, որ տեղացիներուն համար վաղուց «անտեսանելի» դարձած է։

Եւ ահա՛ այստեղ ակնյայտ կը դառնայ ներքին հակասութիւնը։ Սովորական դաւթաշէնցին, որ առտուն կը շտապէ աշխատանքի, կէսօրին կը մտնէ մօտակայ խանութը, երեկոյեան կը վերադառնայ իր շէնքը, կը մտածէ՝ «Ի՞նչ գտած են հոս արդեօք»։ Իր աչքին այս միջավայրը սովորական է, նոյնիսկ երբեմն՝ տաղտուկ։ Բակերը՝ սովորական, նստարանները՝ հին, շէնքերը՝ առօրեայ։ Բայց օտարին համար այս «սովորականը» կրնայ ըլլալ մշակութային բացայայտում։

Օտար զբօսաշրջիկը, որ գուցէ կը փնտռէ ո՛չ թէ յուշարձաններ, այլ կեանքի իսկական շունչը, կը տեսնէ այն, ինչ բնակիչը այլեւս չի նկատեր։ Ժամանակակից զբօսաշրջութիւնը յաճախ կը ձգտի այսպիսի իսկականութեան։

Այս երեւոյթը նաեւ ժամանակի փոփոխութեան նշան է։ Քաղաքային տարածքը այլեւս կեդրոնով սահմանափակուած չէ։ Մայրաքաղաքը բազմակեդրոն կեանք ունի, իսկ երբ վարչական, տնտեսական կամ մշակութային գործառոյթներ կը տեղակայուին զանազան թաղամասերու մէջ, անոնք ակամայ կը դառնան միջազգային շարժումի կէտեր։ Դաւթաշէնը, այս իմաստով, փոխուած է «անցողիկ վայր»է «հանդիպման վայր»ի։

Օտարը մեր իսկ ապրած տարածքը կը դիտէ՝ առանց անցեալի, առօրեայի ծանրութեան, զոր կ՚ապրի տեղաբնակը։

Աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ նոյն երեւոյթը նկատելի է։ Փարիզցին կը դժգոհի զբօսաշրջիկներու բազմութենէն, մինչդեռ այցելուն կը զգայ, թէ ինք երազի մէջ է։ Նիւ Եորքի բնակիչը կը բողոքէ արագ կեանքէն, բայց նոր ժամանողը կը տեսնէ անսահման հնարաւորութիւններ։ Քաղաքը կարելի է ապրիլ երկու ձեւով՝ որպէս սահմանափակում կա՛մ որպէս բաց հարթակ։ Երկուքն ալ նոյն փողոցներուն մէջ գոյութիւն ունին։

Ինչ կը վերաբերի հեռանալուն, անշուշտ, երբեմն հեռանալը անհրաժեշտ է։ Մարդը ունի տեղաշարժուելու, նոր միջավայրեր փորձելու բնական ձգտում։ Բայց խնդիրը կը սկսի այն ժամանակ, երբ հեռանալը կը դառնայ մշտական փախուստ։ Եւ ի վերջոյ, կը հասկնայ, որ հարցը այն չէ, թէ ո՛ր քաղաքը աւելի գեղեցիկ է, այլ թէ մենք որքան պատրաստ ենք տեսնելու գեղեցիկը։ Եւ հաւանաբար այդ պահուն է, որ «երանի քեզի» եւ «երանի ինծի» արտայայտութիւնները կը դադրին հակասութիւն ըլլալէ եւ կը դառնան պարզ գիտակցութիւն մը, որ կեանքը քաղաքով չի չափուիր, այլ այն ձեւով, որով կ՚ապրինք, կը դիտենք, կը խորհինք ու կը սիրենք մեր շուրջ եղածը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026