ԼԵԿՕ. ՊԱՐԶ ԽԱՂԱԼԻՔԷՆ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻ ԵՒ ՈՉ ՔԱՆԴՈՒՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Օգոստոսի սկիզբը Անգլիոյ Լից քաղաքին մէջ բացուեցաւ «The Art of the Brick» («Աղիւսի արուեստը») խորագրով աշխարհահռչակ ցուցահանդէսը, որու առանցքին մէջ Լեկօ (LEGO) խաղալիքի պարզագոյն, սակայն անսահման հնարաւորութիւններով խորանարդիկն է։ Այս ցուցահանդէսը CNN-ի կողմէ ընդգրկուած է «Այցելութեան համար պարտադիր 10 ցուցահանդէսներու» շարքին։ Լիցի մէջ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 թուականի փետրուարի 6-ը։
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են լեկոյէ շինուած մօտաւորապէս եօթանասուն քանդակներ, որոնց կարգին՝ համաշխարհային նկարչարուեստի գլուխ գործոցներ. ինչպէս՝ Վան Կոկի «Աստղալից գիշեր»ը, Քլիմթի «Համբոյր»ը, Մունքի «Ճիչ»ը։ Հակառակ որ լեկո խաղալիքներէ կազմուած այս ցուցահանդէսը առաջին անգամ ներկայացուած է 2007 թուականին եւ ընդհանրապէս ծանօթ է արուեստասէրին, սակայն կրկին անոր շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծուած է։ Զայն յայտնի է իբրեւ աշխարհի մէջ առաջին մեծածաւալ նախաձեռնութիւնը, որ ամբողջովին նուիրուած է լեկոյէ շինուած քանդակներուն։
Ցուցադրուած իւրաքանչիւր գործ կ՚ունենայ հազարաւոր կտորներէ կազմուած հսկայական ծաւալներ՝ 4 հազարէն մինչեւ 80 հազար կտոր։
Տարիներու ընթացքին ցուցահանդէսը վերածուած է ճամբորդական մեծ ծրագիրի մը եւ արդէն այցելած է աւելի քան հարիւր քաղաք՝ քսանչորս երկրի մէջ։ Քաղաքներու շարքը ներառած է՝ Ֆիլատելֆիան, Լոս Անճելըսը, Մելպուռնը, Շիքակոն, Նիւ Եորքը, Սիեթըլը, Փարիզը, Սան Ֆրանսիսքոն, Սինկափուրը, Ցիւրիխը եւ այլուր։
Քանդակներ ստեղծող արուեստագէտը օգտագործած է աւելի քան մէկ միլիոն քարիկներ, ստեղծելով աւելի քան եօթանասուն արուեստի գործեր, որոնց հանդիսատեսը նախ մեծահասակներն են, թէեւ լեկոն մանկական հետաքրքրութիւն մըն է։ Մեծերու կողքին նաեւ փոքրիկներ կ՚այցելեն եւ կը զմայլին լեկոյէ պատրաստուած քանդակներով։
Լեկոյի բացառիկութիւնը իր բազմագոյն եւ բազմաձեւ մասերուն մէջ չէ միայն, այլ նաեւ՝ այն գաղափարի հզօրութեան մէջ, ինչ որ խաղալիքը կ՚ընձեռէ։
Մանր քարիկները հազարումէկ գաղափար տուած են ստեղծագործողին եւ քարիկներէն ծնած քանդակները կը միաւորեն խաղալիքի անմեղութիւնն ու մարդու մտքի խորութիւնը։ Յատկապէս երեխաներու համար լեկոն միշտ մնայուն զբաղում մըն է ստեղծարար փորձառութեան՝ նոր աշխարհներ կազմելու եւ զանազան վիճակներ տեսնելու։ Մեծահասակներ ալ՝ լեկոյի հետ աշխատելու ժամանակ, կը վերյիշեն իրենց մանկութեան օրերը, կ՚ուսումնասիրեն համադրութիւններ, գոյներ եւ ծաւալներ եւ տեսակ մը հոգեբանական ազատութիւն կը զգան։
Ցուցահանդէսի հեղինակն է ամերիկացի երիտասարդ արուեստագէտ Նէյթան Սաուայա, որ իր մասնագիտութիւնը զարգացուցած է քանդակագործութեան եւ ժամանակակից արուեստի միջեւ եզերք մը գտնելով։ Սաուայա տարիներ առաջ ձգած է իր իրաւաբանական գործն ու նուիրուած է բացառիկ այս արուեստին, որ լեկոյէ ծնած է։ Այսօր ան համաշխարհային ճանաչում ունի, իբրեւ ստեղծագործող մը, որ մանկական խաղալիքը վերածեց վաւերական արուեստի լեզուի։
Իր համաշխարհային ցուցադրութիւններուն մէջ ներառուած են հարիւրաւոր գործեր՝ մարդկային մարմիններու քանդակներ, կենդանապատկերներ, ծաւալով կերպարանքներ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային գեղարուեստի գլուխ գործոցներու վերարտադրութիւններ։ Սաուայա իր անխոնջ աշխատանքով վերակերտած է Միքելանճելոյի «Դաւիթ»ը, Լէոնարտոյի «Մոնա Լիզա»ն եւ այլ դասական գործեր՝ բոլորը զարմանալի ճշգրտութեամբ եւ հազարաւոր մանրագոյն խորանարդիկներով։
Այսպիսով, ան նախ կը յարգէ մեծ վարպետներու ժառանգութիւնը եւ կը ներկայացնէ նորատեսիլ միջոց մը՝ արդի դարու աչքերով դիտելու համար անոնց աւանդը։
Մինչ այդ, արուեստաբանները ցուցահանդէսի արժէքը միայն դիտարժան ըլլալը չեն նկատեր։ «The Art of the Brick»ը խոր շեշտադրում մը կու տայ նաեւ ժամանակակից մարդու ներաշխարհին։ Քանդակներու շարքին կան գործեր, որոնց մէջ մարմինները կը քանդուին ներսէն դէպի դուրս, խորհրդանշական շարժումներ եւ քայլեր կ՚առնեն, որոնք կը բնորոշեն աշխարհի այսօրուայ իրարանցումը։ Սաուայա կը խոստովանի, թէ իւրաքանչիւր գործ ծնունդ կ՚առնէ անձնական փորձառութենէ եւ յուզումէ մը։ Լեկոյի քարիկները այդպէսով կը դառնան մարդկային հոսքերու ու մտերմիկ պատմութիւններու պատնէշ։ Այս գաղափարը կը միացնէ խաղը եւ արուեստը, մանկութիւնը եւ հասունութիւնը, դասական ժառանգութիւնը եւ արդի տեսլականը։
Ցուցահանդէսը իր համաշխարհային շրջագայութեան ընթացքին հետաքրքրած է նաեւ հաւաքորդները, արտադրողները, ձեռներէցները, նոր մասնագիտութիւններու հետեւողները, որոնք կը ջանան նորութիւններ եւ իմաստներ փնտռել անոր մէջ։ Իր կարեւորութիւնը կը կայանայ այն հարցումին մէջ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել առօրեայ եւ երեխաներուն ծանօթ առարկայ մը՝ բարձրացնելով զայն համաշխարհային արուեստի հարթակ։
Լեկոն, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է մանկութեան ընկեր, այստեղ կը վերածուի խօսքի միջոցի։ Ան կը յիշեցնէ, որ արուեստը չի սահմանափակուիր գործիքի կամ նիւթի ընտրութեամբ․ ան ծնունդ կ՚առնէ երեւակայութենէն եւ կրնայ ներկայանալ ամենաանսովոր կերպով։
Նէյթան Սաուայա ծնունդով ամերիկացի է (1973, Ուաշինկթըն)։ Զանազան ասպարէզներու մէջ գործելով՝ իր մանկութեան սէրը՝ լեկո խաղալիքը երբեք չէ լքած զինք։
1990-ականներու վերջաւորութեան ան սկսած է երեկոները տունին մէջ փորձարկումներ կատարել՝ լեկոյի քարիկներով փոքրիկ քանդակներ ստեղծելով։ Սկիզբը այդ ամէնը զուտ նախասիրութիւն էր։ Սակայն, երբ 2004 թուականին համացանցի միջոցով տարածեց իր առաջին գործերը, անոնք ստացան անսպասելի մեծ արձագանգ։ Հասարակութիւնը տեսաւ, որ խաղալիքի քարիկները կրնան վերածուիլ մեծավայել արուեստի գործերու։
Այդ արձագանգէն քաջալերուած՝ Սաուայա որոշեց ձգել իր ապահով եւ բարձր վարձատրուող գործը եւ ամբողջովին նուիրուիլ արուեստին։ Նոյն տարուան վերջաւորութեան ան ստեղծեց իր առաջին մեծ ցուցահանդէսը, զոր կոչեց «The Art of the Brick»։
Այսպէսով՝ գաղափարը ծնած է 2004 թուականին, իսկ յաջորդ երկու տասնամեակներուն աճած ու միջազգային համբաւ ստացած է։
Յատկանշական է նաեւ, որ ցուցահանդէսին մէջ կը տիրէ լռութիւն մը, որ հազուադէպ կը հանդիպի ժամանակակից խանդավառ միջավայրերու մէջ։ Մարդիկ քայլ մը կը հեռանան առօրեայ աղմուկէն եւ կը մտնեն աշխարհ մը, ուր մանկութեան խաղալիքը վերածուած է խոհականութեան տարածքի։ Այդ լռութեան մէջ կը լսուի միայն ներսի զարմանքն ու կիսաձայն բացագանչութիւններ՝ «անհաւատալի է», «ինչպէ՞ս հնարաւոր եղած է»։
Բայց «The Art of the Brick»ի փիլիսոփայութիւնը միայն արուեստի ներկայացում չէ։ Ան նաեւ կրթական առաքելութիւն ունի։ Շատ դպրոցականներ եւ ուսանողներ կը հրաւիրուին այցելելու ցուցահանդէսը, որպէսզի սորվին, թէ ստեղծագործութիւնը սահման չունի։ Ի վերջոյ, այս բոլորը ծնած են խաղալիքի տուփէ մը։ Այս ուղերձը կը դառնայ նաեւ համամարդկային հրաւէր՝ չմոռնալու, որ արուեստը սահմաններ չունի։
Սաուայի գործածած քարիկները չեն սահմանափակուած սովորական խանութային հաւաքածոներով։ Ան տարիներով ուսումնասիրած է քարիկներու բոլոր տեսակներն ու գունային համադրութիւնները՝ նախքան սկսիլը իր մեծ ստեղծագործութիւնները։
Սկզբնական փուլին, Սաուայան ընտրած է այն քարիկները, որոնք կը համապատասխանեն քանդակի ծաւալին եւ կառուցուածքին։ Յատկապէս այն աշխատանքներուն համար, որոնք կը ներկայացնեն մարդկային մարմիններ, շարժումներ, եւ նուրբ մասեր, անհրաժեշտ էր մանրակրկիտ ընտրութիւն՝ ամենայն մանրամասները ճշգրիտ արտայայտելու համար։
Մեծ մասամբ լեկոյի քարիկները տրամադրուած են արտադրող ընկերութիւններէ, սակայն որոշներուն համար Սաուայան ստիպուած է անձամբ որոնել կամ փոխել հասանելի գոյները՝ համապատասխանեցնելու իր մտայղացած տեսքին։
LEGO-Ի ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Լեկօ ընկերութիւնը՝ որուն արմատները դանիական ընտանեկան ձեռնարկատիրութեան մէջ են, տասնամեակներ շարունակ պահած է յստակ սկզբունք մը․ ան երբեք ռազմական նիւթով խաղալիքներ չարտադրէր։ Այս որոշումը ծնունդ առած է տակաւին ընկերութեան հիմնադիրի եւ իր ժառանգներու գաղափարախօսութենէն․ խաղալիքը պէտք է խրախուսէ ստեղծագործականութիւնը, կառուցումի ուրախութիւնը եւ ոչ թէ՝ պատերազմի ընդօրինակումը։
Մինչեւ իսկ, երբ Լեկօ ընկերութիւնը սկսաւ համաշխարհային շուկային մէջ աւելի լայնածաւալ արտադրութիւն մտցնել՝ քաղաքներու շարք, տիեզերական նիւթ, արկածային թեմաներ, միշտ խուսափեցաւ ուղղակիօրէն ներկայացնել թանքեր, մարտական օդանաւներ կամ զէնքեր։ Բացառութիւնները միշտ ալ գեղարուեստականութեան կամ երեւակայութեան արդիւնք եղած են. օրինակ՝ «Star Wars»ի կամ «Ninjago»ի շարքերու մէջ, ուր մարտին ձեւը իրական, քաղաքական կամ պատմական պատերազմի հետ կապ չունի։
Լեկոյի աշխարհընկալումը կը հիմնուի «System of Play»ի՝ խաղի համակարգի գաղափարին վրայ․ այսինքն՝ ամէն աղիւսիկ, անկախ չափէն ու գոյնէն, պէտք է միանայ միւսին՝ նոր բան մը ստեղծելու համար։ Այս գաղափարախօսութեան մէջ բռնի ուժը կամ պատերազմը տեղ չունի․ հակառակը՝ շեշտը դրուած է ստեղծագործութեան, կառուցման, միասին խաղալու արժէքներուն վրայ։
Մանկական հոգեբանութեան տեսանկիւնէն այս մէկը նոյնպէս գնահատելի է։ Երբ խաղալիքները ուղղուած են պատերազմի պատկերաւորումին, անոնք յարձակողական վարքագիծ կը ձեւաւորեն, նաեւ՝ կը ճնշեն մանուկներու ստեղծագործական միտքը։ Լեկոն փորձած է պաշտպանել իր ապրանքանիշը այնպիսի սահմանափակումներէ, որ երեխաները չսորվին միայն «կոտրել դիմացինը» կամ «յաղթել»։ Լեկոյի աղիւսները կը խրախուսեն հակառակ ընթացքը՝ կառուցել, միացնել, շարունակել։
Խաղալիք արտադրող մը, որ կ՚ընտրէ չմատուցել զէնքի տեսակներ, դիրքաւորուած է իբրեւ պատասխանատու, ուստի Լեկոյի ընկերութիւնը այսօր տնտեսական ուղղութիւն ունենալէ առաջ նաեւ բարոյական ապրանքանիշ մըն է։ Իր գաղափարը, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք կ՚արտադրեն զինուորական խաղալիքներ, երկարաժամկէտ առումով աւելի մեծ վստահութիւն բերաւ ընտանիքներու մէջ։
Լեկոյի ստեղծագործական աշխարհը դարձած է նաեւ մշակութային երեւոյթ․ այս առումով Լեկոն նմանած է մաքուր լեզուի մը, որով կարելի է գրել ամէն պատմութիւն՝ առանց պարտադրուած բառապաշարի։ Լեկոյով շինուած քաղաքները կամ կերպարները խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնեն խաղաղ ապրելու եւ համակեցութեան հնարաւորութիւն։
Ան կը փորձէ պաշտպանել մանկական աշխարհը իրական աշխարհի բռնութիւններէ՝ ընծայելով փոխարէնը բաց տարածք մը՝ երեւակայութեան համար։
Այսօր, երբ աշխարհը կը պայքարի բազմաթիւ պատերազմներու եւ բաժանումներու դէմ, Լեկոյի քաղաքականութիւնը կրնայ ընկալուիլ իբրեւ լուռ, բայց ազդեցիկ պատգամ․ խաղը՝ որպէս խաղաղութիւն, խաղալիքը՝ որպէս կամուրջ, եւ ոչ որպէս զէնք։
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼԵԿՈՅԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Լեկոյի պատմութիւնը կը սկսի 1932 թուականին, Դանիոյ փոքրիկ մէկ գիւղին՝ Պիլունի մէջ, ուր փայտագործ Օլէ Քիրկ Քրիստիանսեն կը ձեռնարկէ փայտէ խաղալիքներ պատրաստելու գործի մը։ Սկիզբը անոր նպատակը մէկն էր՝ ընտանիքին ապրուստ ապահովել։ Սակայն փոքրիկ փայտէ խաղալիքները աստիճանաբար վերածուեցան նոր փիլիսոփայութեան սկիզբի։ Երկու տարի ետք՝ 1934 թուականին, ան իր փոքր ձեռնարկը կը կոչի «Լեկօ»։
Անունը կու գայ դանիերէն «leg godt» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ «խաղալ լաւ»։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ լատիներէն «lego» բառը կը թարգմանուի «ես կը կառուցեմ» եւ այս համընկնումով ընկերութեան անունը կը ստանայ կրկնակի համբաւ։
1949 թուականին Լեկօ ստեղծեց իր առաջին կերպընկալէ (փլասթիք) աղիւսիկները, որոնք սկիզբը մեծ վստահութեան չարժանացան։ Շատ ծնողներ կը կարծէին, որ փայտը աւելի ամուր է եւ անվնաս՝ առողջութեան համար։ Սակայն ձեւաւորման կատարելագործումով աղիւսիկները դարձան յաւերժական․ անոնք այսօր ալ կրնան միանալ 1950-ականներու աղիւսներուն՝ նոյն ճշգրիտ միացումներով։
Վիճակագրականօրէն, վեց դասական լեկոյէ աղիւսիկներով կարելի է կազմել 915 միլիոն զանազան համադրութիւն։ Այս թիւը Լեկոն դարձուած է գիտական հետաքրքրութիւն։
1999 թուականին լեկոյի քարիկները առաջին անգամ դուրս եկան Երկիր մոլորակէն։ ՆԱՍԱ-ն լեկոյի մանրակերտներ գործածեց տիեզերական փորձարկումներու մէջ՝ երեխաները ներգրաւելու համար գիտութեան աշխարհ։
Ամենամեծ լեկոյի տուփը ստեղծուեցաւ 2017 թուականին, երբ ընկերութիւնը յօրինեց «Star Wars»ի նաւի տիպը՝ «Millennium Falcon»ը, որ բաղկացած է 7541 կտորներէ։ Անոր պատրաստումը ամիսներ տեւեց, իսկ վաճառքը դարձաւ համաշխարհային իրադարձութիւն։
Հոգեբաններու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ լեկոյով խաղալը մեծահասակներուն համար հոգեբանական դարմանումի պէս է․ ան կը նուազեցնէ լարումը եւ կը խթանէ ստեղծագործական մտածողութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով աշխարհի բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ գործատուներ աշխատակիցներուն կը տրամադրեն լեկոյէ սեղաններ՝ աշխատանքային լարուածութիւնը մեղմելու համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան