ՊՈԼՍՈՅ ՇՈՒՆՉԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՆՄԱՐ ԿԱՆԹԵՂԸ ՀԱՍԱՒ ՄԻՆՉԵՒ ՓԱՐԻԶ
Վերջերս, Փարիզի հայ համայնքը ապրեցաւ բացառիկ պահեր՝ որոնք լեցուն էին խնդութեամբ եւ հպարտութեամբ։ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի, յատուկ հրաւէրով մը ժամանեց Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներէն՝ Առնուվիլ, մասնակցելու համար «Պոլսոյ շաբաթավերջ» խորագրով երկեակ հանդիսութեան։
Երբ Պոլսոյ օդակայանէն թռիչք առինք, մեր ճամպրուկներուն մէջ միայն հագուստներ կամ խազեր (նոթա) չէինք տաներ, այլ մեզի հետ կը տանէինք նաեւ դարաւոր աւանդութիւն մը, Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ խորանէն եկող շունչը, պոլսահայ եկեղեցիներու հիանալի շարականները, ինչու չէ, նոյնիսկ քաղցրիկ աղմուկը։ Մեր նպատակակէտն էր Փարիզը՝ լոյսերու քաղաքը, բայց մեր առաքելութիւնը շատ աւելի խորն էր՝ «Պոլսոյ շաբաթավերջ» հանդիսութեանց ընդմէջէն կամուրջ մը հաստատել երկու ոստաններու միջեւ։
Երբ Փարիզ հասանք, արդէն իսկ զգացինք, թէ տարբեր էր ամէն ինչ…։ Սակայն իրական յուզումը սկսաւ այն պահուն, երբ ոտք դրինք Առնուվիլի քաղդէական եկեղեցի։ Որպէս երգչախումբի անդամ, երբ սկսանք մեր փորձերը կատարել այդ կամարներուն տակ, զգացի, որ մեր ձայները կը միանան հոն ապրող հայազգիներու սրտի զարկերուն։
Համերգի իրիկունը դահլիճին մէջ տիրող մթնոլորտը բացառիկ էր։ Մինչ մենք բեմ կը բարձրանայինք, աչքիս զարկին ներկաներու դէմքերը, որոնք սպասումով ու կարօտով լեցուն էին։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը բարձրացուց ձեռքերը եւ այդ պահուն ամէն ինչ լռեց…
Առաջին նոթաներուն հետ կարծես դահլիճի պատերը անհետացան։ Մենք այլեւս Փարիզի մէջ չէինք. մենք Պոլսոյ նեղուցի ափերուն էինք, մենք Կոմիտասի մեղեդիներուն եւ մեր պապերու աղօթքներուն մէջ էինք։ Մենք կ՚երգէինք ո՛չ թէ մեր հագագով, այլ մեր հոգիով։ Իւրաքանչիւր շունչի հետ Պոլիսը քիչ մը աւելի կը մօտենար Փարիզին։
«Պոլսոյ շաբաթավերջ»ը մեզի համար բնական համերգ մը չեղաւ։ Անիկա եղաւ հանդիպում մը այն անձերուն հետ, որոնք հայկական տարբեր ափերու մէջ գոյութեան պայքար կու տային եւ մեղեդիները բոլորին սրտերուն մէջ եղբայրութեան, սիրոյ եւ կարօտի լոյսը կը վառէին։
Մայրաքաղաք Փարիզի հրապուրող փողոցներուն մէջ շրջելու ատեն, երբ հայոց առաջնորդարան այցելեցինք, այդ պահուն բոլորս ալ յուզման գագաթնակէտին հասանք։
Այսօր, երբ արդէն վերադարձած ենք մեր հարազատ Պոլիսը՝ ո՛չ միայն ծափողջոյններով, այլեւ յուշերով լեցուն ապացուցանելով, թէ արուեստը ամենահզօր լեզուն է, որ կը միացնէ մարդկութիւնը, ո՛ւր որ ալ ըլլայ ան։
Մեր երգը պիտի շարունակուի, մեր կանթեղը յաւէրժ պիտի վառի…
ԹԱՄԱՐ ՄԱՆԿԱՍԱՐ