ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝ DEEP WEB-Ի ՄՈՒԹ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համացանցը դարձած է ժամանակակից աշխարհի մէջ հաղորդակցման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը։ Համացանցի տեսանելի դէմքը սահմանափակ տարածք մըն է, որուն կարելի է մուտք գործել դիւրաւ հասանելի որոնողական համակարգերու միջոցով։ Առօրեայ գործածողներու համար համացանցի հասանելի մակերեսային ցանցը կը ներկայացնէ միայն փոքր մէկ մասը։ Մակերեւոյթի տակ գտնուող հսկայական շերտը կը կոչուի «Deep Web», իսկ աւելի թաքուն ու անվերահսկելի շերտը՝ «Dark Web»։

«Deep Web» կը ներառէ սահմանափակ մուտք ունեցող բովանդակութիւն. ինչպէս՝ թաքնուած տուեալներ, ակադեմական արխիւներ կամ անձնական հաշիւներ, իսկ «Dark Web»ը միջավայր մըն է, որուն կարելի է մուտք գործել յատուկ ծրագրաշարի միջոցով եւ այնտեղ կարելի է «անանուն» մնալ։ Այս անանունութիւնը բազմաթիւ անօրինական գործողութիւններու կիզակէտ կը ստեղծէ։

«Dark Web»ի մէջ գործողութիւնները կրնան ունենալ վատ հետեւանքներ, որոնք կը սպառնան նոյնիսկ հանրային անվտանգութեան։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւններով քարոզչութեան մը տարածման, անօրինական գանձատրումներու, յարձակման գործիքներու փոխանակման, անհատներու անձնական տուեալներու բացայայտման նման գործողութիւններ կը վտանգեն հաւաքական անվտանգութիւնը։

Թէեւ «Deep Web»ը բազմաթիւ առումներով կը պարունակէ օրինական եւ օգտակար բովանդակութիւն, սակայն, «Dark Web»ի գոյութիւնը պատճառ կը դառնայ լուրջ էթիք, իրաւական եւ ընկերային խնդիրներու։ Միջազգային իրաւունքը բաւարար չէ «Dark Web»ի յանցագործութիւնները կանխելու համար։ Բազմաթիւ գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան զանազան երկիրներու մէջ, ինչ որ կը դժուարացնէ միջսահմանային սիպեր-յանցագործութեան դէմ պայքարը։ Բաց աստի, իրաւական կարգաւորումներու կեդրոնին է անհատական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ պետութեան վերահսկողութեան լիազօրութիւններու միջեւ հաւասարակշռութիւնը։

«Dark Web»ը հարթակ մըն է նաեւ անօրինական ապրանքներու (թմրանիւթեր, զէնքեր, կեղծ փաստաթուղթեր, գողցուած տուեալներ) գնման եւ վաճառքի համար։ «Մետաքսի ճանապարհի» նման դէպքերը բացայայտեցին այս առեւտուրի ծաւալը։ «Dark Web»ի մէջ կան ցանցեր, որոնք կը տարածեն երեխաներու դէմ բռնութեան վերաբերեալ բովանդակութիւն։

«Dark Web»ի որոշ հարթակներու վրայ կարելի է տեսնել՝ մարդիկ վարձել սպանութիւններ կատարելու եւ խոշտանգումներու տեսանիւթեր տարածելու նման բովանդակութիւններ։ Նման հարթակներու անօրինական բովանդակութեան դէմ պայքարի գծով ամենամեծ խոչընդոտը անանունութիւնն է։ Քանի որ «Tor» ցանցի նման համակարգերը կը թաքցնեն օգտատէրերու ինքնութիւնը, ուստի յանցագործները գտնելը դժուար կը դառնայ։ Միջազգային իրաւունքը բաւարար չէ այս յանցագործութիւններուն միջամտելու համար։

Բարոյագիտական տեսանկիւնէն, առաջին կարգի կը մղուի համացանցային ազատութեան եւ անվտանգութեան միջեւ նուրբ հաւասարակշռութիւնը։ Ո՞ւր պէտք է գծուի սահմանը, երբ անհատի անձնական կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը կ՚օգտագործուի այնպէս, որ վնաս կը հասցնէ այլ անհատներուն։

Իրականութեան մէջ, մեզմէ շատեր երբեք նոյնիսկ չեն մտած «Dark Web»ի խորհրդաւոր աշխարհը։ Այնուամենայնիւ, կան մարդիկ, որոնք տարիներ անցուցած են այնտեղ։ Ահա այն մարդոցմէ մէկը, որ երեսուն տարի թափառած է այս ստորգետնեայ աշխարհին մէջ։ Եկէք տեսնենք, թէ ինչե՛ր ունի ըսելու…

Ցանցահէններ (hacker) սովորաբար կը թափառին այս ցանցերու մէջ՝ համակարգեր ներթափանցելու, տուեալներ հաւաքելու կամ գումար վաստակելու համար։ Անանուն ցանցահէն մը նկարագրած է իր երեսուն տարուայ աշխատանքային փորձի ընթացքին տեսած ամենացնցիչ դէպքը։

Այս անձը, որ նախապէս յայտնի էր որպէս «սեւ գլխարկ» ցանցահէն, այսինքն՝ անձ մը, որ ցանցահէնային գործողութիւններ կ՚իրականացնէր առանց բարոյագիտական կանոններուն հետեւելու, այժմ վերածուած է «սպիտակ գլխարկ» ցանցահէնի, որ կը յայտնաբերէ անվտանգութեան խոցելիութիւնները։ 2021 թուականին VICE-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց յատկապէս հիւանդանոցներուն ուղղուած սիպեր-յարձակումներու վրայ։ Իր խօսքով՝ որոշ յարձակումներու ժամանակ հիւանդանոցի բոլոր տուեալները «քոտաւորուած» էին, ինչ որ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողները դրած էր սարսափելի որոշման առջեւ՝ պէ՞տք է վճարեն փրկագինը, թէ վտանգեն իրենց հիւանդներու կեանքը։ Այս պահերը նկարագրելու ժամանակ ցանցահէնը ըսած է. «Երբեմն տուեալներու ծրագրաւորման ու քոտաւորման արժէքը կրնայ մարդկային կեանք մը արժել»։

Ցանցահէնի փորձառութեան համաձայն, փրկագինի համակարգչային ծրագրերը (ransomware) գոյութիւն ունին տարիներէ ի վեր, բայց անոնց հետեւանքները տարիէ տարի աւելի աւերիչ կը դառնան։ Նախապէս յարձակումները կը կատարուէին փոքր գումարներու փոխարէն, այժմ անոնք կրնան արժել մինչեւ միլիոնաւոր տոլարներ։ Վերջին խոշոր յարձակումներէն մէկուն ժամանակ ցանցահէնները պահանջեցին 70 միլիոն տոլար՝ բոլոր քոտաւորուած համակարգիչները բանալու համար։ Այսօր նման յարձակումները կը պահանջեն ո՛չ միայն փրկագին, այլ առողջապահական համակարգերէն մինչեւ գանձատրական շուկաներու նման ոլորտներու վերահսկողութիւնը։

Ցանցահէնի խօսքով՝ ապագային մենք չենք հանդիպիր Հոլիվուտի չափազանցուած բեմագրութիւններու, սակայն գանձատրական շուկաներու կամ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու վրայ սիպեր-յարձակումները կրնան լուրջ խնդիրներ ստեղծել եւ խանգարել հասարակական կարգը։ Ահա թէ ինչո՛ւ սիպեր-անվտանգութեան միջոցառումները կը դառնան աւելի կարեւոր, քան երբեք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025