ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱՅԻ 200-ԱՄԵԱԿԻ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՒԱՆԴԸ

Ապրիլին, «Հայփոսթ»ը շրջանառութեան մէջ դրած է նոր դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած Նուպար Նուպարեանի (Նուպար փաշա) ծննդեան 200-ամեակին։ Դրոշմաթուղթը թողարկուած է «Աշխարհահռչակ հայեր» խորագրի ներքոյ։ 

380 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է եգիպտահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար փաշան (1825-1899թթ.)՝ Գահիրէ քաղաքի խորապատկերին:

Դրոշմաթուղթին վրայ կան նաեւ «200 ամեակ», «Նուպար Նուպարեան (Նուպար փաշա)» եւ «Եգիպտոսի առաջին վարչապետ» գրառումները՝ հայերէն եւ անգլերէն։ 

Նուպար Նուպարեան Եգիպտոսի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցուցած է երեք անգամ՝ 1878-1879, 1884-1889, 1894 թուականներուն, այդ երկրին մէջ պաշտօնավարած ու հեղինակութիւն ձեռք բերած է այնպիսի խառնակ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ Անգլիա եւ Ֆրանսա կը մրցակցէին Եգիպտոսի համար, երկրին մէջ համաժողովրդական պայքար կ՚ընթանար օտար զաւթիչներուն դէմ: Եգիպտացիները նաեւ Նուպար փաշային պարտական են Սուէզի ջրանցքի կառուցման համար: Միջերկրական եւ Կարմիր ծովերը միաւորող Սուէզի արհեստական նաւարկելի ջրանցքի կառուցման համար Նուպար փաշան 1866 թուականին կ՚ուղեւորուի Պոլիս, ուր ան կը յաջողի Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը համոզել ո՛չ միայն համաձայնութիւն տալ ջրանցքի կառուցման համար, այլեւ ատոր համար յատկացնել այն ժամանակուայ չափանիշներով վիթխարի գումար մը: Նուպար պէյի այս ջանքերէն բաւարարուած՝ այն ժամանակուայ Եգիպտոսի կառավարիչ Իսմայիլ փաշան կը յանձնարարէ անոր՝ իր ձեռքը վերցնել Սուէզի ջրանցքի աշխատանքներուն աւարտը: Ջրանցքի շինարարները բախած էին ահռելի դժուարութիւններու… Նուպար պէյ կը մեկնի Փարիզ՝ հարթելու համար Եգիպտոսի եւ ֆրանսական «Canal Company»ի միջեւ յառաջացած վիճելի հարցերը:

Ան ծնած է Իզմիր։ Ծննդավայրին մէջ ստանալով դպրոցական ուսում, շարունակած է ուսումը Եւրոպա։ Վերադառնալով Եգիպտոս՝ 1850 թուականին անցած է պետական ծառայութեան։

Զբաղուած ըլլալով Եգիպտոսի համար կարեւորագոյն գործերով, Նուպար փաշա նաեւ հարազատ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգ էր։ Ան տարուած էր ինչպէս Եգիպտոսի հայ գաղութի, այնպէս ալ ամբողջ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրի, մշակոյթի ու լուսաւորութեան հարցերով։ Գլխաւորած է գաղութահայ ազգային-թեմական իշխանութիւնը, սատարած է Եգիպտոս անցած հայ տարագիրներու օգնութեան գործին, նպաստած ու դրամական միջոցներ տրամադրած՝ պարբերականներու հրատարակման ու դպրոցներու հիմնադրման, կազմակերպած է հայ մատենագիրներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը եւ այլն։

Ազգասիրական իր աւանդները փոխանցած էր որդիին՝ Պօղոս Նուպարին, որ Եւրոպայի մէջ ստանալով լաւ կրթութիւն՝ կը մեկնի Պոլիս, ուր կ՚ամուսնանայ, որոշ ժամանակ մնալէ ետք կը վերադառնայ Եգիպտոս, ուր շուտով կը դառնայ Եգիպտոսի ընդհանուր երկաթուղիներու տնօրէնը՝ հիմնելով Աղեքսանդրիոյ հանրակառքերու եւ Մենզալէի հողերու շահագործման, Գահիրէի ջրամատակարարման ընկերութիւնները: Որդի Պօղոս Նուպար եգիպտահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներուն հետ կը հիմնէ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ 

Հայր Նուպար փաշան կեանքի վերջին չորս տարիները անցուցած է Գահիրէ եւ Փարիզ, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ալ կնքած է մահկանացուն՝ 100 միլիոն ֆրանք ժառանգութիւն ձգելով։ Յուղարկաւորուած է Գահիրէի քրիստոնէական արուարձանին մէջ՝ Հելիոպոլիսի հայկական գերեզմանատունը։ Անոր անունը կրող փողոցներ կան Եգիպտոս, իսկ Գահիրէի օփերային թատրոնին մօտ դրուած է արձանը։ Եգիպտոսի հիւսիսը գտնուող քաղաքներէն մէկն ալ անուանակոչուած է իր պատուին՝ Նոր Նուպարիա:

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ՝ ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Երախտագիտութեան հարկ մը կու գամ հատուցանել Բարձրապատիւ Նուպար փաշային, որուն հիմնած վարժարանին աշակերտն եմ, եւ որուն ուղղակի հայրական հոգածութիւնն ալ վայելած եմ Եւրոպա։

Բարձրապատիւ Նուպար փաշան յաւիտենականութեան մէջ մտնելէ շատ առաջ արժանացաւ կամ ինքզինքն արժանացուց առանց մակդիրի ու պատուանունի յիշուելու, երբ հանգուցեալ իր եղբօր անունն, ուստի եւ իր մականունը, արձանագրեց, բազմերախտ եկեղեցականի մը անուան հետ, ազգային կրթական բարձրագոյն հաստատութեան ճակատը։

Բարոյական ու մտաւորական այնքա՜ն բարեմասնութիւններով օժտուած էր Նուպար փաշան։ Նոյնքա՜ն (ու թերեւս աւելի մեծ) կարողութիւններով օժտուած անձեր չկա՞ն միթէ հայ ազգին մէջ, որոնք սակայն պարզ ուսուցիչներ ու խմբագիրներ մնացին ու կը մնան։ «Բա՜խտը», բացագանչեց օր մը Գրիգոր Զօհրապ, երբ ընկերութեան մը մէջ հարցուեցաւ գրող-իրաւաբանին. «Վահանդ ի՞նչ պիտի ընես»։ «Ի՛նչ ալ ընեմ տղուս համար, ի՜նչ ալ ընեմ տղաս, եթէ բախտ չունի՜… Բա՜խտը…»։

Բախտին անբաղդատելի օժանդակութեամբն է ուրեմն, որ Եգիպտոս հաստատուած ողբացեալ իզմիրցի պատանւոյն կարողութիւնք զինքը մինչե՜ւ նախարարապետութեան, մինչե՜ւ տիեզերահռչակութեան բարձրացուցին։ Նուպար փաշա քաղաքագէտ էր, օրէնսգէտ էր, ելեւմտագէտ ու տնտեսագէտ ու վարչագէտ էր, գրագէտ ու լեզուագէտ էր։ Բուրգերուն շուքին տակ բարձրացաւ՝ այնպէ՛ս, ինչպէս որ բարձրացած են բուրգերն, աստիճան առ աստիճան։ Բարձրապատիւ Նուպար փաշայի փառաց բարձունքէն նայելով վար՝ գլխու պտոյտ կ՚ունենայ մարդս, որ երբ այդ փառքը տարբաղադրէ, տարերց երրորդութիւն մը պիտի գտնէ հոն, ձիրք, այլե՛ւ աշխատութիւն, ու բա՜խտ ալ։ Վհուկ կին մը, վեհ պատանիին առջեւ պարզած չէ՞ր ժպտագին կապոյտ փոքրիկ քարերու շարքն օձապտոյտ՝ մինչե՜ւ, մինչե՜ւ երկինք…։

***

Նուպար փաշա քաղաքագէտ էր, Եւրոպիոյ ամենէն մեծ քաղաքագիտաց մին, որպէս Մելքիօր տը Վօկիւէ կը հռչակէր երբեմն Ռըվիւ տէ տէօ Մօնտի մէջ։ Ներսէս Վարժապետեան Եգիպտոսէ վերադարձին Խասգիւղ մեր տունը կ՚ըսէր. «Ես ի՛նչ արագութեամբ հայերէն կը գրեմ, իմ տասնապատիկ արագութեամբս գաղղիերէն կը գրէ՝ դիւանագիտական գրեր»։

Նուպար փաշան տնտեսագէտ-ելեւմտագէտ էր։ Երկաթուղեաց շինութիւնք, փոխառութեան բանակցութիւնք, վերջապէս Սիւէզի ջրանցքին վարչութիւնն յանձնուած էին Նորին Բարձրութեան։ Նուպար փաշային բախտէն՝ իր օրով եւ իրեն օժանդակութեամբ կատարուած արդիւնաւէտ այդ գործառնութիւնք ու հանրային շինութիւնք՝ գրեթէ դոյզն գործեր կ՚երեւին յաչս, որո՛ց գիտակ են անյատակ, անսահման ա՛յն Եգիպտոսի պատմութեան. պատմութիւն, որ արդէն բարձրակարկառ գրուած է Նեղոսի ափանց վրայ. նոյնիսկ այդ ջրանցքին բացման ձեռնարկած չէի՞ն միթէ Փարաւոնք։ Եւ սակայն… հրաշալի, ըստ որում՝ մեծ երկրաչափներու կողմէն անկարելի համարուած, եւ սակայն, ո՜հ, հրաշալի գործ մ՚էր այդ գործը, զոր նախնի կիսադիք ալ չպիտի կարենային կատարել, այսինքն՝ միացումն Հնդկական եւ Ատլանտեան ովկիանոսներուն, անջատումն՝ բրչի ծայրով, հնագոյն աշխարհներուն՝ Ասիայի եւ Ափրիկէի։ Հնոյն Եգիպտոսի գիւտը կրնանք ըսել, թէ Մեծին Նաբօլէօնի ժամանակին ոմանց յիմարակա՜ն համարած այն գիտական արշաւանքին պարտի մարդկութիւնն. արդ, Եգիպտոսի ճակատագրին տրամաբանութիւնն իսկ կը պահանջէր, որ Նաբօլէօնի հայրենակից մը՝ ուրիշ յիմա՜ր ֆրանսացի մը, կատարէր Եգիպտոսի առեւտրական ճակատագիրն հիմնապէս փոխելու սահմանեալ գործն, ընդ վերին հսկողութեամբ Նուպար փաշայի, որ ընդունած էր գաղղիական կրթութիւն։ Բախտին ինչպէ՞ս չհաւատալ. ի՜նչ ժամանակակիցներ եւ աշխատակիցներ Նուպար փաշային տրուեցաւ ունենալ. Ֆէրտինան տը Լէսէբս, Մէհմէտ Ալի փաշա Եգիպտոս եւ Աալի փաշա ի Տաճկաստան, Նաբօլէօն երրորդ եւ Պիոս իններորդ, Լօրտ Բալմէրսդըն ու Լօրտ Պիքընսֆիլտ, Պիզմարգ իշխան, Կորչագով, զօրավար Կրանդ ու Կամպէդա, Կլատսդօն, Գավուր, Գօշութ, Գասթէլար։

Իբրեւ օրէնսգէտ՝ Նուպար փաշան Եգիպտոսի դատարանները վերակազմեց. երկար տքնութիւններով ու մաքառումներով յառաջ բերուած արժանաւոր գործ, որ Եգիպտոսի վարչապետը բարենորոգիչներու կարգը կը դասէ։ Գրեթէ դիւցազնական աշխատութիւն մը կատարուեցաւ. օրինագիրքեր յօրինուեցան, նորանոր ատեաններ բացուեցան, հիւպատոսներուն ոտնձգութիւնք արգիլուեցան, Եւրոպայի օրէնսգիտական հեղինակութիւնք իրենց փորձահարուստ ձեռնհասութեամբ դատական բարենորոգման գործն հետապնդելու կոչուեցան։ Եւրոպական խորհրդարաններու դիմում ընողը, եւրոպական օրէնսդրութիւնն ընդ տեղականին հաշտեցնողը, խորհողը, խմբողը, խմբագրողը, նորոգ ներդաշնակողը, մաքառող մաքրող միաբանողը մէկ մարդ մըն էր. բարետոհմիկ զմիւռնիացի համեստ քարտուղար-թարգմանն, որ քրտնաջան աշխատութեամբ եւ անսայթաք ուղղութեամբ եղած էր Եգիպտոսի նախարարապետ Նուպար փաշան, որպէս ի Տաճկաստան հողագործութեան համեստ ուսուցիչ մը, եղաւ Աղաթօն Գրիգոր էֆէնտի ելեւմտից ու հանրօգուտ շինութեանց նախարար Օսմանեան մեծազօր կայսրութեան։ Ահա՛ թուղթ խաղալուն ու թուղթ լեցնելուն տարբերութիւնն։ Ահա՛ բուն ազնուականութիւնը։

Նուպար փաշա գրագէտ ալ էր քաղաքական իր բարձր գրութեանց մէջ, որպէս եւ հին ու նոր գրական մեծ անձնաւորութեանց վրայ իր աներկեւան դատաստաններուն մէջ, զորս գրական ակումբներու մէջ կը յայտնէր։ Այդպիսի վեհագումար ակումբի մէջ է, որ Նուպար փաշային ունկնդրելէ յետոյ, Նորին գրական ու քաղաքական Բարձրութեան աջն համբուրել խոնարհած է Գաղղիոյ մեծահռչակ կաճառականն՝ Անադօլ Ֆռանս։ Նուպար փաշան, իբրեւ Հայ, ամենէն աւելի յարգած է մեր Ոսկեդարուն ընտիր մատենագիրներն, որոնցմէ ոմանց ֆրանսերէն թարգմանութեան հրատարակութեան համար տասնհինգ հազար ֆրանք յօժարակամ նուիրած է հայագէտ Վիգդօռ Լանկլուային եւ Էտուար Տիւլօռիէի։ Եգիպտահայ քաղաքագէտն սկսած էր ա՛յնքան աւելի գէշ խօսիլ իր մայրենի լեզուն որքան աւելի լաւ կը խօսէր եւրոպեան մի քանի լեզուներ, որպէս եւ արաբերէն ու տաճկերէն։ Ֆրանսերէնի մէջ (խմբագրութիւն, թէ զրուցագրութիւն) մեծ վարպետ մ՚էր Բարձրապատիւ Նուպար փաշան, որպէս Բարձրապատիւ Արթին փաշա Տատեան։

***

Նուպար փաշային մտաւոր բարեմասնութիւններէն գերազանց էին, կրնայ ըսուիլ, իր բարոյական բարեմասնութիւնք։ Օտեան էֆէնտիի նման, այսինքն՝ ծննդեամբ բանաստեղծի մը նման, ամուրի չմեռաւ՝ հիւանդութեան պատճառաւ միայն ակամայ հրաժարելով իր հրայրքներէն. թէեւ Օտեանի հեշտական հրայրքներն ալ կու գային կը ձուլուէին, ուր ուրեմն տեսլական անապակ գեղոյ խորհրդապաշտիկ ա՛յն գերագոյն հրայրքին մէջ, որուն արտայայտութիւնն հայ գրականութիւնն օժտեց իր վսեմագոյն էջերով։ Նուպար փաշան հոգին աւանդեց՝ մէկ ձեռքը սիրելի կողակցին ձեռքին մէջ ու միւսն՝ իր զաւակաց գլխո՜ւն վրայ։ Ընտանեկան յարկին ներքեւ սուրբ սիրոյ ու մտերմութեան կեանքը կար միայն իրեն համար։ Աշխատողի մը կեանքն էր իրենն ըստ ամենայնի։ Աշխատողը տնտեսող կ՚ըլլայ տրամաբանօրէն, ինչպէս որ եղաւ իրօք Նուպար փաշան՝ Աղաթօն էֆէնտիին նման։ Սակայն մսխած չպիտի ըլլար ստակն, եթէ միշտ ազգային լեզուաւ եղած ամէն հրատարակութիւն հայթայթէր։ Քանի որ այնքա՜ն պարտական ենք մեր լեզուին, մեր «մեծասքա՜նչ լեզուին», մեր մեծատուններն ալ պարտական են գէթ մէյ մէկ օրինակ գնել ազգային հրատարակութիւններէն, որոնք՝ գիրք եւ օրագիր, այնքա՜ն սակաւաթիւ են արդէն։

***

Մեր բարերարին վախճանը սուգի մէջ կը ձգէ մասնաւորապէս երկոտասանեակէն աւելի Հայ պատանիներ, որոնք Բարձրապատիւ Նուպար փաշայի ծախիւք կ՚ուսանէին եւրոպական համալսարաններու մէջ, եւ որոնք Նուպարեան մեծանձն գերդաստանին շնորհիւ աներկբայ պիտի աւարտեն հոն իրենց ուսմունքն։ Հասարակ բարերարներէ որքա՜ն կը տարբերէր այդ բարերար մարդը՝ թէ՛ տալու եղանակաւը, թէ՛ տալու յօժարութեամբը եւ թէ՛ խորհուրդովը կամ խրատովը, զոր դրամին հետ կու տար հայ ուսանողներուն, ե՛ւս եւ հայ ուսեալներուն։ Բժշկութիւն ու փաստաբանութիւն սորվելու համար Նուպար փաշային մեծանձնութեան դիմող պատանեաց խորհուրդ կու տար եւ կ՚ըսէր. «Բժիշկ ու փաստաբան պէտք եղածէն աւելի ունի ազգը. արհեստ մը, ձեռքի արհեստ մը ընտրեցէք ու սորվեցէք, որուն մէջ դարձեալ ուսմունք ու գիտութիւն կայ»։ Բարեկամ հրապարակագրի մը Եւրոպայէն գրեցի, որ այս գաղափարը ծաւալեն օրագրաց միջոցաւ հայ ժողովրդեան մէջ։ Իմ գաղափարս էր այն, զոր իր բարձր հեղինակութեամբ կը նուիրագործէր Նուպար փաշան։

***

Մօն-Պլանի քարափին վրայ կը գտնուէի՝ աչքս սպիտակ վսեմ կատարին յառած. եւ Նուպար փաշային ընտանի հայրենակից մը իմացուց ինծի, թէ Փաշան ալ Լեմանի ափանցը վրայ կը գտնուէր ու բաւական… հիւանդ։ Ու մեծ լեռն իր ալեւոր գլուխովն իմ աչքիս անձնաւորեց այն պահուն Նուպար փաշան։ Ու հառաչեցի՜. «Լեռը կանգուն կը մնայ միշտ. այլ մարդը, մարդը, որ գեր ի վեր է լեռնէն, մարդը, որուն համար ստեղծուած են լեռներն, անիկա՜յ…։

1899

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025