ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ 23 ԱՊՐԻԼԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ԵՒ ԱՒԵԼԻՆ…
Երկրաշարժերը մեզ կը յիշեցնեն, որ բնութիւնը շատ զօրաւոր է եւ պէտք է մշտապէս պատրաստ ըլլանք անոր ուժին։ Ամենավտանգաւոր կողմերէն մին այն է, որ երկրաշարժը նախօրօք կարելի չէ ճիշդ կերպով կանխատեսել։ Այդ իսկ պատճառով, շատ կարեւոր է, որ մարդիկ նախապէս պատրաստ ըլլան եւ գիտնան, թէ ի՛նչ պէտք է ընել շտապ պարագային։
2025 թուականի ապրիլի 23-ին, 6.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Սիլիվրիի մօտ՝ Իսթանպուլի հարաւ-արեւմուտքը։ Երկրաշարժը զգացուեցաւ նաեւ հարեւան մարզերուն մէջ։ Թէեւ ճանապարհային եւ շինարարական ենթակառուցուածքները չվնասուեցան, սակայն 151 անձ վիրաւորուեցաւ՝ վախէն կամ բարձրութենէ ցատկելու հետեւանքով։ Բազում քաղաքացիներ գիշերեցին բաց երկինքի տակ՝ վախնալով հաւանական ցնցումներէ։
Երկրաշարժը մարդկային վերահսկողութենէ դուրս է, սակայն գիտական ծրագրաւորումը, ապահով շինարարութիւնը եւ հասարակական պատրաստութիւնը կրնան փրկել հազարաւոր կեանքեր։ Աղէտի դէմ դիմակայութեան մէջ կարեւորագոյն գործօնն է մասնագիտական համագործակցութիւն՝ երկրաշարժաբաններու, ճարտարապետներու, կառավարութիւններու եւ հասարակութեան միջեւ։
Ընկերաբանական տեսանկիւնէն, վերոյիշեալ երկրաշարժը բացայայտեց քաղաքային միջավայրէն ներս ընկերային խզուածքները։ 1999 թուականի նման անցեալի երկրաշարժները ցոյց տուին, որ աղէտի ժամանակ առաւել խոցելի են ընկերային տեսակէտէ անապահով խումբերը՝ ներառեալ գաղթականները, տարեցները կամ ցած եկամուտով ընտանիքները։ Այս խումբերը յաճախ սահմանափակ հասանելիութիւն ունին առողջապահական ծառայութիւններու, կրթութեան կամ ապահով բնակութեան նման միջոցներու։
Քաղաքաշինութեան տեսանկիւնէն, Իսթանպուլի ենթակառուցուածքներու երկրաշարժերու համար պատրաստուածութիւնը կը շարունակէ մնալ անհանգստութեան առարկայ։ Յատկապէս բարձրայարկ շէնքերու տարածքներուն մօտ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ քաղաքի յագեցուածութիւնը եւ բաց տարածքներու որակը էական ազդեցութիւն ունին երկրաշարժի դիմադրունակութեան վրայ։ Այս տարածքներէ ներս ապաստարաններու ծառայութիւնները յաճախ անբաւարար են՝ յատկապէս 15 վայրկեան քալելու հեռաւորութեան շրջանակէն ներս։
Անհրաժեշտ է մշակել համակարգուած քաղաքականութիւն, որ կրնայ միաւորել ընկերային եւ քաղաքաշինական մօտեցումները։ Սա կը ներառէ ընկերային տեսանկիւնէ խոցելի խումբերու համար միջոցներու հասանելիութեան բարելաւում, ժամանակակից ապաստարաններու եւ բաց տարածքներու ստեղծում, ինչպէս նաեւ հասարակական մասնակցութեան խթանում։ Աւելին, քաղաքաշինական նախագծերը պէտք է հաշուի առնեն տեղական մշակոյթը, պատմութինը եւ ընկերային կառուցուածքը՝ ապահովելու համար կայուն եւ համերաշխ միջավայր։
Իսթանպուլի 23 ապրիլի երկրաշարժը ընդգծեց, որ երկրաշարժերու ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական աւերածութիւններով։ Երկրաշարժը կը յառաջացնէ նաեւ ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն բազմաբնոյթ մօտեցումներ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մշակել քաղաքականութիւններ, որոնք կը միաւորեն ընկերային արդարութիւնը, քաղաքաշինական կայունութիւնը եւ հասարակական մասնակցութիւնը՝ ապահովելու համար աւելի պատրաստուած եւ համերաշխ քաղաքներ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ