ՀԱՅԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՅՈՏՆԿԱՅՍ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՎԵՐՈՆԻՔ ՆԻՇԱՆԵԱՆԻՆ 

Փարիզի նորաձեւութեան օրացոյցին մէջ յիշատակելի էջ մը փակուեցաւ անցեալ շաբաթ, երբ «Էրմէս» (Hermès) նորաձեւութեան հռչակաւոր տան (հիմնուած՝ 1837 թուականին) տղամարդկանց հագուստի ստեղծագործական տնօրէն, հայազգի ձեւագէտ Վերոնիք Նիշանեան ներկայացուց իր վերջին հաւաքածոն՝ «Էրմէս»էն ներս անցուցած շուրջ չորս տասնամեակներու ստեղծագործական ուղին ամփոփող ցուցադրութեամբ։ 

Տարիներու լուռ, բայց հաստատ ներկայութենէն ետք, Նիշանեանի հեռացումը ընկալուեցաւ ո՛չ թէ որպէս հրաժեշտ, այլ որպէս արժանապատիւ յաղթանակ։

Փարիզի նորաձեւութեան շաբաթուան ընթացքին ցուցադրած իր այս վերջին հաւաքածոյէն ետք Նիշանեան հրաժեշտ տուաւ նորաձեւութեան ասպարէզին։ 

«Լը Ֆիկարօ»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին 71-ամեայ ոճաբանը մեկնաբանած է իր որոշումը. «Ես տակաւին կը սիրեմ իմ աշխատանքս, բայց այս ասպարէզը շատ ժամանակ կը պահանջէ, իսկ այսօր ես կ՚ուզեմ այդ ժամանակը նուիրել ուրիշ բաներու: Ժամանակն է յանձնել ջահը»:

Վերոնիք Նիշանեան «Էրմէս»ի ընտանիքին միացած է 1998 թուականին։ Փարիզի Բարձր նորաձեւութեան գործակալութեան մէջ ուսանելէ ետք, ան իր առաջին մասնագիտական քայլերը առած է Նինօ Չերուտիի կողքին՝ «Չերուտի» նորաձեւութեան տան մէջ, ուր աշխատած է տղամարդոց հաւաքածոներոն վրայ՝ օգնականի պաշտօնէն մինչեւ համաղեկավար։ Այդ տարիներուն, ինչպէս ինք բազմիցս անկեղծօրէն խոստովանած է, կը կարծէր, թէ տղամարդկանց նորաձեւութիւնը իր կեանքին մէջ ժամանակաւոր կայան մըն է։ Սակայն ճակատագիրն ու տաղանդը այլ կերպ որոշեցին․ «ժամանակաւոր» ուղին դարձաւ իր ամբողջ ստեղծագործական կեանքին առանցքը։

Գրեթէ քառասուն տարի շարունակ Նիշանեան ձեւաւորեց «Էրմէս»ի տղամարդկանց հագուստի առանձնայատուկ լեզուն՝ զուսպ, ճշգրիտ եւ խորքին մէջ խիստ պահանջկոտ։ Անոր աշխարհը հիմնուած էր արհեստագործական կատարելութեան, մաքուր կտրուածքի, նիւթի հանդէպ յարգանքի եւ այն գեղագիտական սկզբունքին վրայ, որ այսօր ընդունուած է կոչել «հանգիստ շքեղութիւն»։ Անոր ձեռագիրը կը թելադրէր ո՛չ աղմուկ, ո՛չ ցուցադրական ճոխութիւն, այլ՝ մտածուած համաչափութիւն, ներքին ազնուականութիւն եւ ժամանակէն վեր գոյատեւող ոճ։

Մասնագէտներ կը նշեն, որ Նիշանեանի սահմանած կանոնը սովորական ստեղծագործական ուղղութիւն մը չէ, այլ իրական գեղագիտական չափանիշ․ ան կը սահմանէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հագուստին մէջ ներդաշնակ եւ նրբագեղ մնալ, առանց աչք ծակելու՝ ներկայութիւն հաստատել։

Շաբաթ օրը Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վերջին ցուցադրութիւնը դարձաւ այդ ամբողջ ճանապարհի խորհրդանշական ամփոփումը։ Երբ Նիշանեան վերջապէս բեմ դուրս եկաւ՝ ողջունելու հանդիսատեսը, դահլիճը դնդաց ծափահարութիւններով։ «Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ներկաներուն մէջ էին ձեւագէտ Փոլ Սմիթ, ռեփըր Թրեւիս Սքոթ, բազմաթիւ դերասաններ եւ նորաձեւութեան աշխարհի ազդեցիկ դէմքեր։ Յոտնկայս ծափահարութիւնները տեւեցին աւելի քան հինգ րոպէ՝ վերածուելով ո՛չ միայն անհատի մը, այլ ամբողջ մէկ դարաշրջանի հանդէպ յարգանքի արտայայտութեան։

ԵՐԿՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԳՈՐԾԻՉ՝ «ՕՍՔԱՐ»Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Շարժանկարի արուեստի ամերիկեան ակադեմիան արդէն հրապարակած է «Օսքար»ի 93-րդ մրցանակաբաշխութեան թեկնածուներուն անունները։ 

Այս տարի մրցանակին համար կը պայքարին նաեւ շարժանկարի արուեստի երկու սփիւռքահայ գործիչներ՝ իրենց ստեղծագործական ուղիներով միջազգային ուշադրութիւն գրաւած դէմքեր։

Շարժուն ժապաւէններու (քարթոնագծութիւն) ամերիկահայ մասնագէտ Մատլէն Շարաֆեան առաջադրուած է «Օսքար» մրցանակին՝ «Բոյն» կարճաժամկէտ շարժուն ժապաւէնով՝ «Լաւագոյն կարճաժամկէտ ժապաւէն» անուանակարգին մէջ։ Ասիկա Շարաֆեանի երկրորդ առաջադրումն է «Օսքար»ին։ Անոր առաջին առաջադրութիւնը եղած էր 2021 թուականին՝ «Փիքսար» սթիւտիօ «Պըրոու» կարճաժամկէտ շարժուն ժապաւէնին համար։

Շարաֆեան «Փիքսար» սթիւտիոյին միացաւ 2015 թուականին՝ քոլէճը աւարտելէ անմիջապէս ետք։ Կարճ ժամանակի ընթացքին ան կրցաւ անցում կատարել կարճ գործերէն դէպի լիաչափ շարժանկարի արուեստ՝ կերտելով հետեւողական ու տպաւորիչ ստեղծագործական ուղի մը՝ շարժուն ժապաւէններու աշխարհին մէջ։

«Օսքար»ի մրցանակի արժանանալու լուրջ հնարաւորութիւն ունի նաեւ Սեւ Օհանեան, որ «Յուդան եւ Սեւ Մեսիան» շարժանկարի արտադրիչներէն մէկն է։ Այդ շարժանկարը առաջադրուած է «Օսքար»ի վեց անուանակարգերու, ներառեալ՝ «Լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին։

Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ յառաջիկայ մարտի 15-ին։

Մատլէն (Մետտի) Շարաֆեան ամերիկահայ է։ Գալիֆորնիոյ Արուեստներու կաճառէն ներս ուսանելու տարիներուն ան յայտնի դարձաւ իր «Օմլեթ» կարճ հոլովակով, որ կը պատմէ շան մը մասին, որ կը ջանայ ուտելիքի միջոցով բարձրացնել իր տիրոջ տրամադրութիւնը։ 2020 թուականին լոյս տեսաւ անոր «Որջ» նախագիծը՝ նապաստակի մը պատմութիւնը, որ կը փորձէ կառուցել իր երազներուն տնակը։

Շարաֆեան մասնակցած է նաեւ «Արջերու մասին ամբողջ ճշմարտութիւնը» շարժուն ժապաւէններու շարքին՝ որպէս նկարիչ, ինչպէս նաեւ «Քոքոյի գաղտնիքը» շարժուն ժապաւէններու ստեղծագործական աշխատանքներուն։

Սեւ Օհանեան ծնած է Գերմանիա, իսկ չորս տարեկանին ընտանիքով փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Քսան տարեկանին գրած, բեմադրած եւ ներկայացուցած է «Իմ մեծղի հայկական ընտանիքը» շարժանկարը՝ հիմնուած իր սեփական կեանքին վրայ։ Այս շարժանկարը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ զանազան երկիրներու հայ համայնքներուն մէջ։ Օհանեան ֆիլմին հասոյթը գործածեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ Թատերական արուեստներու դպրոցին ուսման վարձքը վճարելու համար եւ հոն ստացաւ արտադրիչի արուեստից վարպետ աստիճանը։

ՄՈՆԻՔԱ ՊԱԼԱՅԵԱՆ՝ ՊԱՏՈՒԱԿԱԼ ԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԷՐ

Միջազգային հոգեբանութեան եւ մտաւոր նորարարութեան դաշտին մէջ հայ անուն մը կրկին անգամ կը հնչէ։ 

Նորարարական հոգեբանութեան մասնագէտ, մարդկային վարքագիծի հետազօտող, հոգեբանութեան պատուակալ դասախօս, ծիծաղաբուժութեան հիմնադիր, պուլկարաբնակ Մոնիքա Պալայեան ընդգրկուած է ամերիկեան կենսագրական յօդուածներու ժողովածոներու եւ մատեաններու հաւաքածոյի՝ աշխարհահռչակ «Marquis Who’s Who» կենսագրական ժողովածոյին մէջ՝ իր ոլորտէն ներս արձանագրած ակնառու ներդրումներուն, ազդեցիկ դիրքին եւ միջազգային ճանաչումին համար։ 

Իսկ տարեվերջին ալ Մոնիքա Պալայեան ընտրուած էր Անգլիոյ Արուեստներու թագաւորական ընկերութեան անդամ։ Ան առաջինն է Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ քաղաքացիներէն, որ արժանացած է այս բացառիկ անդամակցութեան։

1754 թուականին Անգլիոյ մէջ հիմնուած Արուեստներու թագաւորական ընկերութիւնը համախմբած է շուրջ 30 հազար անդամ աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ գիտութեան, արուեստի, կրթութեան, նորարարութեան եւ հասարակական մտածողութեան այն գործիչները, որոնք իրենց գործունէութեամբ հետք կը ձգեն մարդկութեան պատմութեան մէջ։

Իսկ միւս կազմակերպութիւնը, որու անդամ դարձաւ օրերս Մոնիքա Պալայեան, 1899 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող «Marquis Who’s Who»ն, է, որ կը համախմբէ քաղաքականութեան, գիտութեան, բժշկութեան, կրթութեան, արուեստի եւ հասարակական մտքի այն անհատները, որոնք իրենց գործունէութեամբ ներկայ ժամանակին համար ունին «տեղեկատուական արժէք» եւ կը ձեւաւորեն ապագայի ուղղութիւնները։ Այս ցուցակին մէջ ընդգրկուիլը կը նկատուի ո՛չ միայն պատուաբեր ճանաչում, այլ նաեւ հաստատում մը՝ անձի մնայուն ազդեցութեան մասին։

Երեսնամեայ մասնագիտական փորձառութեամբ Մոնիքա Պալայեան այսօր կը ճանչցուի որպէս մարդկային վարքագիծի խորաթափանց հետազօտող եւ ենթագիտակցական նորարարական չափագիտութեան յառաջատար մասնագէտ։ Ան կը կոչեն մարդկային վարքագիծի նոր քարտէսներու ստեղծողը։ 

Պալայեան հիմնադիրն ու գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ գործող հոգեբանական նորարարութեան մասնագիտացած հաստատութեան մը, որ կը գործէ որպէս «գերազանցութեան կեդրոն»՝ ուղեղի գործառոյթներու եւ մարդկային վարքի վերաձեւաւորման ուղղութեամբ։

Այդ հաստատութիւնը Մոնիքա Պալայեանի նախաձեռնութեամբ Պուլկարիոյ մէջ սկսած է որպէս մեծածաւալ հասարակական ծրագիր՝ ապացուցելու, որ իր մշակած ծիծաղաբուժութեան միջոցը ունակ է ուղղակիօրէն փոխելու զանգուածներու նեարդաֆիզիքական վիճակը։ Արդիւնքը աննախադէպ է։ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային երջանկութեան զեկոյցին համաձայն՝ Պուլկարիան պատմական թռիչք արձանագրած է՝ 144-րդ դիրքէն բարձրանալով 81-րդ հորիզոնականը։ Այս աճը կը ճանչցուի որպէս վերջին տասնամեակին ազգային բարեկեցութեան ամենախոշոր բարելաւումներէն մէկը համաշխարհային մակարդակով։

Աւելի՛ն, Մոնիքա Պալայեանի նեարդահոգեբանական արձանագրութիւններու եւ ծիծաղաբուժութեան համակարգին կիրարկումով որոշ հասարակական ոլորտներու մէջ երջանկութեան ցուցանիշը բարձրացած է շուրջ 80 տոկոսով։ Այս իրողութիւնը զինք հաստատած է որպէս այն եզակի մասնագէտներէն մէկը, որ ի վիճակի է ամբողջ ազգի մը յուզական կառուցուածքը «վերածրագրաւորելու»՝ ուղեղի գործառոյթներուն հետ ուղղակի փոխազդեցութեամբ։

Իր հաստատութեան ծիրին մէջ Մոնիքա Պալայեան աշխատած է միջին եւ խոշոր ընկերութիւններու հետ, ուսուցանած է անձնակազմեր եւ ղեկավար կազմեր, ինչպէս նաեւ պատրաստած է մարզիչներ՝ իր նախաձեռնութիւններու երկարաժամկէտ կայունութիւնը ապահովելու նպատակով։

2008 թուականէն ի վեր ան կը ղեկավարէ նաեւ այլ կազմակերպութիւն մը, ուր վերջին տասնհինգ տարիներուն մշակած եւ իրականացուցած է վերափոխիչ հոգեբանական ծրագիրներ ու ենթագիտակցական բուժումի նորարարական միջոցներ։ 

Մոնիքա Պալայեան կազմակերպած եւ վարած է շուրջ 19 հազար միջոցառում՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ՝ Անգլիայէն մինչեւ Հայաստան, Գերմանիայէն մինչեւ Սրի Լանքա, Մարոք, Պալի, Մալթայէն մինչեւ Եգիպտոս։

Պալայեան ծնած է Հայաստան։ Իր մասնագիտական ուղին սկսած է պետական կառոյցներու մէջ․ 1997-1999 թուականներուն ան ծառայած է որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի առաջին կարգի մասնագէտ։ Մասնակցած է նաեւ գերմանական ծրագիրի մը՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ձեռնարկատիրական զարգացման նախաձեռնութեան։

Մոնիքա Պալայեան ունի հոգեբանութեան ուսուցչաց վարպետի աստիճան եւ շարունակած է իր ակադեմական կատարելագործումը միջազգային հարթակներու վրայ, անցած է համապատասխան դասընթացքներ Հարվըրտի համալսարանին մէջ։

Իր մասնագիտական պատկանելիութիւնները կը ներառեն Ամերիկեան Հոգեբանական ընկերակցութիւնը (APA), Կիրառական Հոգեբանութեան միջազգային ընկերակցութիւնը (IAAP), ինչպէս նաեւ Եւրոպական Դպրոցական ուսուցիչներու ընկերութիւնը։

Բացի մասնագիտական գործունէութենէն, Մոնիքա Պալայեան աշխոյժ քաղաքացիական ներգրաւուածութիւն ունի․ ան անվճար համաժողովներ կը վարէ քաղցկեղ ունեցող հիւանդներու համար եւ կամաւորական աշխատանք կը կատարէ անապահով երեխաներու եւ ընտանիքներու հետ։

Գիտական եւ հեղինակային դաշտէն ներս համահեղինակ է Պուլկարիոյ մէջ լոյս տեսած «Գերգիտակցութիւն» գիրքի չորս հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ հեղինակ՝ ուսումնասիրութեան մը՝ բազմաձեւ տեսանիւթերու ազդեցութեան մասին ենթագիտակցական յուզական եւ ճանաչողական կառուցուածքներուն վրայ։

2023 թուականին ան ստացած է նաեւ բացառիկ արտօնութիւն՝ ուսումնասիրելու ասիական ձեռագիրներ Մատենադարանին մէջ, որ ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ցանկին։

Իր բազմաթիւ պարգեւներուն շարքին են «Ս. Նարեկացի» ոսկէ մետայլը՝ մարդկութեան ծառայութեան համար, «Տարուան հոգեբան» կոչումը Հայաստանի մէջ (2023), Համաշխարհային կատարողական արուեստներու ընկերակցութենէն ստացած «Հոգեբանութեան պատուակալ դասախօս» տիտղոսը (2024) եւ 2025 թուականին՝ Միջազգային գիւտարարական մրցանակներու «Լաւագոյն նորարարութիւն» պարգեւը։ 

Մոնիքա Պալայեանի հոգեբանական մտածողութիւնը խորապէս ձեւաւորուած է իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան փորձառութիւններէն՝ Հայաստանի դժուար տարիներուն մէջ։ Այդ փորձառութիւնները զինք մղած են ստեղծելու գործնական հոգեբանութեան նոր ուղիներ, որոնք այսօր կը միտին մարդկային գիտակցութեան եղափոխական թռիչքին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026