ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ. «ԵՐԲ ՈՐ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՍԻՐԵՄ, ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐԸ ՉՍԻՐԵԼ»
Գրադատները արեւմտահայ անուանի գրող, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարերար Գրիգոր Զօհրապի հրապարակագրութեան մեծագոյն արժանիքներէն կը նկատեն այժմէականութիւնը: Հայ Եկեղեցիին նուիրուած անոր յօդուածներէն հատեւեալ երկուքը կը բնորոշեն քաջութիւնն ու անկեղծութիւնը, որ գրողը արտայայտած է օրին՝ անկաշառ ոգիով եւ պարզ բառերով։
«ՀԱՅ ԵՄ ԵՒ ՀԱՅ ՊԻՏԻ ՄՆԱՄ»
Ո՛չ, հայ չես դուն, ո՜վ պզտիկ հրեայի աղջիկ, եւ պէտք չէ որ ալ հայ ըլլաս դուն։ Օրին մէկը սիրտ տուիր հայու մը, որ բարեպաշտական բան մը ընել կարծեց՝ առաջարկելով քեզի որ ուրանաս հայրենի հաւատքդ եւ գաս մեր եկեղեցին, մոռնաս անոնք որ կեանք ու անուն մը տուին քեզի, քու խանձարուրդ օրօրեցին, մանկութիւնդ մեծ խանդաղատանքներով շրջապատեցին։
Չար ու զզուելի առաջարկ մըն էր ասիկա, որով քու սիրուդ անսահմանութիւնը փորձել ուզեցին։
Հարկաւ լացիր շատ մը քու կուսական անմեղ ու առանձին սենեակիդ մէջ երբ պէտք եղաւ որոշում մը տալ, ընտրութիւն մը ընել զքեզ սիրողներուն եւ քու սիրածիդ մէջ, ու երբոր ցնորակոծ վայրկեանի մը մէջ ձգեցիր փախար հայրենի յարկէն, ետեւիդ չի դարձար ա՛լ, ոչ իսկ գողունի ակնարկ մը նետեցիր կռնակդ՝ վախնալով որ ծերունի ու դողդոջուն հօրդ անէծքը չգամէ զքեզ փախուստի ու ամօթի ճամբուդ մէջ։ Վասն զի ամօթի ուղին է լքման, ուխտադրժման ուղին, որ այսքան հեշտօրէն սահուն է ամէնուն համար եւ ուր յօժարակամ նետուած ես։
Քու հաւատարմութիւնդ չեմ ընդունիր ես եւ բոլոր ուժովս կը մերժեմ. կը մաղթէի որ իմ Եկեղեցիս ալ մերժէր։ Մարդորսութեան հաշիւը զոր այնքան կը հարուածենք, երբ ի վնաս մեզի գործածուի, չեմ կրնար վաւերացնել երբ մեր օգտին յարմար ըլլայ դիպուածով։
Եկեղեցիս, կ՚ուզեմ, եւ պէ՛տք է որ իր մեծութեան մէջ զքեզ վրդովող սիրոյ տագնապին նայի այն ներողութեամբ ու գթութեամբ, որ իր խորհրդանշաններն են, քու հօրդ տունը դարձնէ զքեզ եւ ոչ թէ իր գիրկը բանայ մոլորած խղճմտանքի, որ յուսահատ սիրոյ մը խռովութեանը մէջ հարկաւ ինքզինքին տէրը չէ։
Թող մոլեռանդ հոգիներ քու քրիստոնեայ դառնալուդ վրայ խնդակցին, օրագիրները տեսակ մը ցնծութեամբ գրեն ու հրատարակեն որ դուն, առջի օրուան հրէուհին, մերժեցիր հօրդ երեսը տեսնել երբոր անիկա քու մօտդ եկաւ յիշեցնելու քեզ քու ազգիդ ու կրօնքիդ ու ընտանիքիդ հետ ունեցած այնքան հոծ ու բազմաթիւ կապերդ, եւ համարձակեցար պոռալու անոր ետեւէն՝ երբ գլխիկոր հեռացաւ գնաց անիկա.
-Ես հայ եմ ու հայ պիտի մնամ։
Հայ չես դուն։ Քու ազգդ, քու կրօնքդ ձգելով, մերինը չես ըլլար բնաւ, այլ վտարանդի, երկուքէն ալ հաւասարապէս հեռու, լքուած ու դժբախտ արարած մը պիտի ըլլաս։
Անոնք որ այսօր հազար սուտ խոստումներով համոզեցին զքեզ հաւատափոխութեան, չպիտի վարանին, զայրոյթի մը, սրտնեղութեան մը վայրկեանին, երեսդ զարնելու այն արարքը, զոր իրենք թելադրեցին քեզի։ Այն ատեն շատ ուշ, գրեթէ անհնար պիտի ըլլայ վերադարձը եւ զղջումը անօգուտ։
Անկարելի՞ն յուսալ է արդեօք որ մեր եկեղեցին չընդունի այս սիրոյ արկածեալը իր գրկին մէջ եւ գթայ անոր հօրը եւ մօրը վերջին տարիներուն՝ վերադարձնելով անոնց զաւակը։
Մոլեռանդութիւնը այնքա՞ն բուռն է մեր մէջ, մարդասիրութիւնը, եւ նոյնիսկ կրօնական արժանապատուութիւնը այնքա՞ն մոռցուած, որ այսպիսի մոլորեալ հրէուհի մըն ալ քրիստոնեայ մկրտելը յաջողութիւն սեպուի մեզի համար։
Ի՞նչ, որովհետեւ օտար աղջիկ մը, տկար արարած, յուսահատ սիրոյ մը տագնապին մէջ, իր սիրած տղուն հասնելու համար միայն, իր հաւատքը կ՚ուրանայ, այս ակներեւ նպատակով եղած հաւատափոխութիւնը ընդունելի ու վաւերական բա՞ն մը կը սեպեն մեր եկեղեցւոյ մեծերը։
Եւ ասանկո՞վ կը կարծեն մեր եկեղեցւոյ սրբութիւնը եւ մեծութիւնը պահպանել։
Ժամանակ է մէկդի ընելու այն խիստ ու աններող կանոնները, որոնք մեր Եկեղեցւոյն հիմերուն հետ որեւէ առնչութիւն չունին, վարդապետական ծայրայեղութիւններ, որոնք Պապական Եկեղեցիէն անցած են մեզի, օրինակի համար պսակի անլուծելի ըլլալը:
Եւ քիչ մը առաջ երթալով կ՚ըսեմ, որ պէտք է թոյլ տալ, որ հայ մը ամուսնանայ ուրիշ Եկեղեցւոյ զաւկի մը հետ եւ նոյն իսկ ոչ քրիստոնէի մը, հրեայի մը հետ, առանց օտարին կրօնափոխութեան մը պայման դնելու:
Քսաներորդ դարուն, լուսաւորութեան դարուն մօտն ենք, այնքան հեռու հաւատաքննութենէն:
Հայ Եկեղեցին իր անշահամիտ ու աննախապաշարեալ ոգիովը միայն զանազանուած է միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներէն. իր այս դրոշմը անեղծ պահելու է դարուս գաղափարներուն հետ եւ ոչ թէ սիրահարուած հրէուհի մը իր սիրածին հետ պսակելու համար զայն անպատճառ հաւատքի բերելու աններողութիւնը ընծայելու է իրեն։
ՅԱՅՏՆԻ ԳԱՂՏՆԻՔ ՄԸ
Կրօնական անխտրութեանց կուսակիցն եմ. հռովմէական կամ բողոքական հայերը ոեւէ կերպով չեմ զանազաներ լուսաւորչական հայերէն, որոնցմէ եմ եւ ես։
Կ՚աղաչեմ որ չընդմիջէք զիս այս «լուսաւորչական» բառին համար. այս բառին յարուցած բոլոր վէճերը գիտեմ. բայց եկեղեցական մը չեմ, ու չեմ գիտեր Մաշտոցին մէջ՝ որուն անսխալ օրինակը մինակ ինքը ունենալուն համար պարծենցող մը կը ճանաչեմ։
Աշխարհական հրապարակագիր մըն է, որ կը գրէ եւ իրաւունք ունի իր բառերը ընտրելու անոնցմէ, որոնք իր միտքը աւելի դիւրութեամբ կրնան բացատրել։
Լուսաւորչական, ըսի, գիտնալով հանդերձ որ մեր Եկեղեցին կը կոչուի Կաթուղիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցի։ Մտածեցի որ այս նուիրագործուած բառերը ձեռքէ ձեռք յափշտակուած բաներ են. հռովմէական եկեղեցին ալ կաթուղիկէ եւ առաքելական ըլլալուն վրայ կը պնդէ. ի՞նչ կրնայի ընել։
Երբ կաթոլիկ հայոց՝ հռովմէական ըսելով անցայ, գիտեմ որ պզտիկ անիրաւութիւն մը գործեցի. արդարութիւն է որ նոյնքան սխալ մըն ալ իմիններուս համար ընեմ։
Կ՚ըսէի ուրեմն որ բոլոր հայերը կը սիրեմ առանց կրօնքի խտրութեան. բայց այս անխտրութիւնը իր փոքրիկ վերապահումը ունի հետը. ես միայն իմ Եկեղեցիս կը սիրեմ. եւ ինչո՞ւ համար արդեօք։
Խղճմտանքս կը հարցուփորձեմ ու դիւրութեամբ կը գտնեմ պատճառը։ Ես իմ Եկեղեցիս կը սիրեմ ոչ թէ անոր համար, որ վարդապետութեան տեսակէտով անսխալ՝ մերինին կը հաւատամ - ասանկ համոզում մը ունենալու չափ քաջ աստուածաբան երբեք եղած չեմ - այլ սա խիստ պարզ ու հասկնալի պատճառին համար, որ մեր Եկեղեցին մեր տոհմին հետ մարմնացած ու միաւորուած է։
***
Ու երբ որ մեր Եկեղեցին կը սիրեմ, չեմ կրնար մեր եկեղեցականները չսիրել. ոչ մէկ ուրախութեան հանգրուան մը՝ իրենց փշոտ ճանապարհին վրայ, եւ տրտում նայուածքներուն մէջ կը կարդամ իրենց նախատակոծ մարդու վիրաւորուած սիրտը։ Վասն զի վարժուած ենք եկեղեցականներու հետ վարուիլ ինչպէս կը վարուինք յետին խանութապանին հետ. ամբարտաւան դէմք ու գռեհիկ լեզու մը ունինք ամէն ատեն։
Ո՛չ մէկ ազգի եւ ոչ մէկ եկեղեցւոյ մէջ այսքան խոնարհամիտ ու հեզահամբոյր կղեր մը տեսնուած է։
Եթէ իրական են այն պակասութիւնները զորս մատնանիշ կ՚ընենք երբեմն, եթէ պէտք եղած ուսումը շատ անգամ կը պակսի ասոնց ու, մտաւորական տեսակէտով, պէտք եղած անջրպետը չկայ հովիւին ու հօտին մէջ, մենք ենք այսօր պատասխանատուն եւ մենք միայն։
Ո՛չ նիւթական, ո՛չ բարոյական ասպարէզ մըն է մեր մէջ եկեղեցականութիւնը, այլ քարոտ ու ծուռումուռ արահետ մը՝ ուրկէ մեծ կամքերը ու մեծ անձնաւորութիւնները միայն կրնան քալել։
Արմաշէն ի զատ որուն վերջին արդիւնաւոր շրջանը Օրմանեան Պատրիարքին կը պարտինք՝ ի՞նչ ըրած ունինք իրենց համար։
Ո՞ր զոհողութիւնը կ՚ընենք սկիզբը, կամ ո՞ր պատիւը կուտանք վերջը իրենց. ո՞ր հաստատութիւնները, ո՞ր վանքերը կրնանք ցոյց տալ։
Անդին, մեր հռովմէական ազգակիցները իրաւամբ կրնան պանծալ իրենց Մխիթարեան կրկին միաբանութիւններովը։ Իրաւ է որ Մխիթարեանները ո՛չ առջի փայլը ունին հիմա եւ ոչ ալ առջի ոգին. Բագրատունիի, Հիւրմիւզի, Այտընեանի եւ ասոնց նմաններուն համարժէք նոր անուն մը շատոնց ի վեր լսուած չունի ու թէ որ «Հանդէս Ամսօրեայ»ն միշտ խօսիլ կուտայ իր վրան, «Բազմավէպ»ին գոյութիւնը նշմարող չկայ։
Բայց ամէն պարագայի մէջ ուշագրաւ ու եզական է, որ մեր հռովմէական ազգակիցները որոնք փոքրամասնութիւն մը միայն կը ներկայացնեն, մերիններէն անհամեմատ կերպով բարձր ուսումի տէր եկեղեցականութիւն մը ունենան։ Լուսաւորութեան այն մեծ վառարանները, որոնք Վենետիկ ու Վիեննա կը կոչուին, այս երեւոյթին բոլոր գաղտնիքը կը բացատրեն։ Ուրիշ տեղ մը ըսի, որ ուսման համար իմացական մթնոլորտի մը պէտքը կայ միշտ. զարգացումը միջավայրի խնդիր է եւ այս ալ այն բազմաթիւ պատճառներէն մէկն է, որոնց համար Արմաշը՝ Վիեննայի կամ Վենետիկի հետ բաղդատութեան դնելը անհեթեթ բան մը պիտի ըլլար։
Եւ այն վայրկեանէն որ հայ հռովմէական եկեղեցականներուն առաւելութեանցը գաղտնիքը մէջտեղն է, մերիններու ալ ինչի կարօտեալը հասկցուած չըլլա՞ր։
***
Այսուհետեւ մեր եկեղեցականներն ալ Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ դաստիարակենք ուրեմն, եւ մանաւանդ տանք անոնց համալսարանական կրթութիւնը՝ աշխարհական կեանքի պայմաններով, վանական անիմաստ սեղմումներէ հեռու. կեանքի գիտակցութիւնը տանք իրենց, ժողովրդականութիւնը մէկ բառով, որ մեր Եկեղեցիին է՛ն յարգելի յատկանիշն է։
Եկեղեցականը զարգացած ու լուսաւոր միտք մը ըլլալու է, նրբութիւնները սիրող աստուածաբան մը ըլլալէ առաջ։
Այս դարուն մէջ՝ եկեղեցական մը պաշտօն մը չունի անհաւատ մը հաւատքի կամ անկրօն մը դարձի բերելու. շատ է եթէ արդէն գտնուած հաւատացեալները իրենց հաւատքին վրայ պահէ, եւ թափուր մնալու պատճառ չըլլայ այն եկեղեցիին, որ մեր տոհմային նկարագիրը կը պահպանէ։
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԵՐԸ
301 թուին Ապոստոլ Գրիգոր Պարթեւի քարոզներով հայոց Տրդատ թագաւորը ընդունեց եւ հռչակեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն եւ բովանդակ հայ ժողովուրդին հետ մկրտուեցաւ:
Այդ ժամանակ, 303 թուին հիմնուեցաւ Էջմիածնի տաճարը եւ կաթողիկոսութիւնը՝ Արշակունիներու մայրաքաղաք Վաղարշապատին մէջ:
Ապոստոլ Գրիգորը կոչուեցաւ Հայաստան աշխարհի «Սուրբ Լուսաւորիչ» եւ եղաւ առաջին կաթողիկոսը, քահանայապետը, Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանը: Էջմիածինի հիմնարկութեան պատմական փաստը հիւսուած է հրաշքներով, առասպելներով (լեգենտա) եւ ժողովրդական աւանդութիւններով:
Դեռ չորրորդ դարուն ստեղծուած աւանդութեան համաձայն, Լուսաւորիչը իր տեսիլքին մէջ կը տեսնէ, որ Քրիստոս, Աստուծոյ միակ որդին, Միածինը, կ՚իջնէ երկինքէն եւ անոր ցոյց կու տայ այն վայրը, ուր պիտի կառուցուի տաճարը եւ լոյսերու մէջ գծուած տաճարին կաղապարը (մոտէլ): Այդտեղէն կը ծագի տաճարին անունը՝ Էջմիածին, այսինքն՝ Միածինը իջաւ:
Ժողովուրդի աւանդութեամբ, Քրիստոս նշեց շինել տաճարը այն վայրին վրայ, ուր Նոյ Նահապետը ջրհեղեղէն յետոյ՝ Արարատ լեռնէն իջնելով շնորհակալութեան զոհ մատուցանեց Աստուծոյ:
Դարձեալ ժողովուրդի աւանդութեամբ, Տրդատ արքան, որ հսկայ մարդ էր, իր ուսերուն դրած բերաւ Արարատ լեռնէն ահագին ժայռեր, որոնք կազմեցին տաճարի անսասան հիմքերը:
Հնութեան հմայքով օծուած, հրաշքներով, աւանդութիւններով նուիրականացած Էջմիածինը դարձաւ հայ ժողովուրդի համար ազգային ամենաառաջին սրբավայրը: Հայ ժողովուրդը հաւատաց անոր հրաշագործ զօրութեանը, երկինքէն ղրկուած անոր էութեանը:
Եւ այսպիսով, ան ներքնապէս ամրացած՝ կարողացաւ դիմանալ բախտի հարուածներուն ու յարատեւեց դարեր ու դարեր:
Էջմիածինը կոչուեցաւ «Կաթողիկէ Եկեղեցի, Մայր Եկեղեցի, Մայր Աթոռ, Սուրբ Էջմիածին»:
Սակայն Էջմիածնի պատմական դերը, անոր գոյութեան իմաստն ու իրաւունքը անհամեմատ աւելի հզօրացաւ եւ անհրաժեշտ դարձաւ հայ ժողովուրդի համար այն դժբախտ օրէն, երբ մենք 14-րդ դարուն կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը:
Այդ ժամանակէն հայ եկեղեցին փոխարինեց հայ պետութեան, ան դարձաւ եւ կոչուեցաւ հոգեւոր իշխանութիւն, հոգեւոր կառավարութիւն: Եկեղեցւոյ պետը ունէր իր գահը, հրամաններ կ՚արձակէր, կոնդակներ կը ղրկէր, կը բանադրէր, կը պատժէր կրօնազանցները, ազգուրացները, անբարոյականները:
Հայ պետութեան անկումով՝ հայ ժողովուրդը մնաց ամբողջապէս իսլամական ժողովուրդներու ծովին մէջ, ենթարկուած՝ անընդհատ արշաւանքներուն, աւերածութիւններուն եւ կոտորածներուն, բռնակալներու հարստահարութիւններուն եւ կրօնական մոլեռանդ հալածանքներուն, միակ ուժը, զօրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը որ կար, որուն կ՚ընդունէին առաւել կամ նուազ չափերով իսլամ պետութիւնները, ատիկա Էջմիածինն էր, կաթողիկոսութիւնը: Անոր ձեռքին կեդրոնացուած էին ազգային ներքին գործերը, հոգեկան-մշակութային բովանդակ կեանքը՝ կրօն, լեզու, բազմաթիւ վանքերը, ուր կային դպրոցներ, ուր կը մշակուէր գրականութիւնը:
Ատոնք ազգային գոյութեան վառարաններն էին, որոնք թշնամիի աչքէն վրիպած, արտաքնապէս մոխիրով ծածկուած կրակի մէջ մշտապէս կը կայծէին ժողովուրդի ազատութեան բաղձանքները, լուսաւոր ապագայի հաւատն ու յոյսերը:
Այս հզօր ազդակները դարերու իրենց ներուժը գործով պաշտպանեցին հայ ժողովուրդը՝ մահմետական դառնալէն, փրկեցին ձուլուելէն, իբրեւ ինքնուրոյն ազգութիւն ի սպառ ոչնչանալէն:
Հայ պետականութեան ժամանակ կաթողիկոսը կ՚ընտրուէր հայ թագաւորներուն, նախարարներուն եւ հոգեւորականներուն կողմէ, անոնցմէ յետոյ կաթողիկոսը կ՚ընտրուէր բովանդակ հայ ժողովուրդի եւ հոգեւորականներու կողմէ, որով ան կը կոչուէր Ամենայն հայոց կաթողիկոս, բոլոր հայերու կողմէ ընտրուած:
Այս իմաստով՝ Հայ Եկեղեցին ժողովրդավարական եւ ժողովրդական Եկեղեցւոյ բնոյթ ստացաւ: Անոր կը հնազանդէր հայրենիքի եւ պատմութեան բերումով ամբողջ երկրագունդի վրայ ցրուած հայութիւնը՝ իր մշակութային-հոգեկան-ազգային բոլոր խնդիրներու ժամանակ:
Այսպիսով՝ ցրուած հայութիւնը յանձին Էջմիածնի, իր ազգային միութիւնը ունէր, իր հեղինակաւոր պետն ու առաջնորդը:
Ժողովուրդը նեղ օրերուն կը դիմէր իր եկեղեցւոյ պետին, կ՚ապաստանէր իշխողներու հալածանքներէն եւ հարստահարութիւններէն պաշտպանուելու համար, շատ եւ շատ անգամ կաթողիկոսի միջամտութիւնը, աղերսները եւ թանկ նուէրները դադրեցուցած են հալածանքները, կաթողիկոսները մեծ յարգ ունէին իշխողներուն քով, յաճախ խորհրդատու էին անոնց, հաշտութեան միջնորդներ էին իրարու հետ կռուող իշխողներուն միջեւ:
Նատիր պարսից շահի թագադրման հանդէսին մեծ շուքով ներկայ էր կաթողիկոսը, որ օրհնեց շահի թուրը եւ կապեց անոր մէջքին:
Սուլթաններն ու շահերը Հայ Եկեղեցւոյ պետին հետ կը բանակցէին հայերու վերաբերեալ ընդհանուր գործերու առումով:
Հայ քաղաքականութի՛ւնը կը վարէր ան:
Երբ ռուսական ցարերը սկսան իջնել հարաւ եւ կռիւ կը մղէին թուրքերու եւ պարսիկներու դէմ, անմիջապէս ուշադրութիւն դարձուցին Էջմիածնի վրայ, որ տակաւին կը գտնուէր պարսկական իշխանութեան տակ: Ռուսաստանի մէջ ցրուած հայերու անունէն միջամտեցին Էջմիածնի ներքին գործերուն, դիւանագիտական ճանապարհներով յաջողեցան իրենց թեկնածուն դնել կաթողիկոսական գահին վրայ: Էջմիածնի համակրանքը, ուրեմն, բովանդակ հայութեան համակրանքը, դարձաւ Ռուսաստանի կողմը, եւ, ի հարկէ, պակաս չէին հայերը ազատագրելու ցարական խոստումները: Եւ նոյնիսկ Ներսէս կաթողիկոսը հայ կամաւորներուն գլուխը անցած, ռուս բանակի մէջ, կը կռուէր Պարսկաստանի դէմ:
Եւ առհասարակ կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ նպաստած է հայ ազատագրական շարժումներուն թէ՛ միջին դարերուն եւ թէ՛ նոր դարերուն. օրինակ՝ 18-րդ դարուն Սիւնեաց Դաւիթ Բէկի ապստամբութեանը եւ ազատութեան պայքարին՝ պարսիկ պետութեան դէմ:
Այնքան քաղաքական կշիռ ունէր Էջմիածինը, որ ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին, 1804 թուին կռուող կողմերը չէզոք գօտի ճանչցան Էջմիածնի տաճարը եւ անոր շուրջը: Հայութիւնը, ուր որ գտնուելու ըլլար, սիրտով եւ հոգիով կապուած էր Էջմիածնի հետ, օտարութեան մէջ անոր կարօտը կը քաշէր:
1605 թուին պարսից Շահ-Աբաս արքան, աւերելով Արարատեան նահանգը՝ բազմահազար հայեր գաղթի ենթարկեց Պարսկաստան՝ առեւտուրը եւ արհեստները իր պետութեան մէջ զարգացնելու նպատակով: Սպահանի մօտ Նոր քաղաք (Նոր Ջուղա) շինեց անոնց համար՝ տալով զանազան արտօնութիւններ, սակայն անոնք փարթամութեան մէջ առանց Էջմիածնի իրենք զիրենք դժբախտ կը զգային: Շահը մտադրուեցաւ քանդել Էջմիածինը եւ անոր քարն ու հողը բերելով՝ նոր Էջմիածին կառուցել Սպահանի մէջ, բայց հայերու թախանձանքով հրաժարեցաւ այդ չար միտքէն եւ միայն 15 քար տաճարէն տեղափոխեց Սպահան, որ նոր եկեղեցւոյ պատերուն մէջ դրին, որոնց առջեւ նորջուղայեցի հայերը կ՚աղօթէին, ուխտի կու գային, կը սփոփուէին իրենց կարօտէն ու վիշտէն: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կրօնական հաստատութեան մը այսպիսի նշանակութիւն ունենալը հազուագիւտ երեւոյթ է, սակայն՝ միանգամայն հասկնալի:
Օտար, դաժան պետութիւններու քմահաճոյքներուն ենթարկուած հայ ժողովուրդի համար Էջմիածինը՝ եկեղեցիներուն մայրը, հայրապետական Աթոռը, այս ծանր ու տանջալից դարերու ընթացքին, միակ ազգային հաստատութիւնն էր, որ տակաւին կը յարատեւէր մնալ հայութեան ձեռքը: Ան ազգային գոյութեան խարիսխն էր, ազգային միութեան խորհրդանիշը, հայ ժողովուրդի զսպուած հայրենասիրական զգացմունքը ելք կը գտնէր անոր մէջ:
Կրօն եւ ազգութիւն հոմանիշներ դարձած էին:
Ստրկացած ժողովուրդը իր մարդկային իրաւունքները, յոյսերը, երազանքները մարմնացուցած էր անոր մէջ: Ատոր համար հայերը բոլոր սիրտով կը գուրգուրային անոր, նախանձախնդիր էին անոր գոյութեան եւ փառքին: Հեռաւոր տեղերէ ուխտի կու գային, անոր հարուստ նուէրներ կը ղրկէին, գումարներ եւ ինչքեր կը կտակէին: Անոր տօնը ազգային ամենափառաւոր տօնն էր ամէնուրեք, ուր որ հայ կար: Հին եւ նոր բանաստեղծները, գուսաններն ու աշուղները բազմաթիւ երգեր, գովքեր նուիրած են անոր: Բոլոր հանդէսներու եւ խնջոյքներու ժամանակ առաջին բաժակը Էջմիածնի համար կը բարձրացնէին եւ ոտքի վրայ կ՚երգէին հինաւուրց երգերը անոր ձօնուած:
Էջմիածինը Հօրմէ է (Աստուծմէ է, Աստուծոյ կողմէ):
Եւ փառքին լոյսը անոր հետ է:
Միշտ անշարժ պահէ Աթոռն հայկազնեայ (հայոց ազգի):
Հայերը Էջմիածնի անունով կ՚երդուէին, եւ այդ երդումը հաւասար էր Աստուծոյ անունով երդումին:
Եւ վերջապէս, երբ Էջմիածնին վտանգ կը սպառնար, հայերը ինչքան ալ որ ընկճուած ըլլային, զէնքով կը կանգնէին անոր պաշտպան, ինչպէս եղաւ, օրինակի համար, 1903 թուին, երբ ցարական կառավարութիւնը գրաւեց եկեղեցւոյ կալուածքները, ժողովուրդը զէնքի դիմեց, արիւն թափուեցաւ երկու կողմէն, եւ կառավարութիւնը ստիպուած զիջեց եւ վերադարձուց կալուածները՝ խաղաղեցնելու համար ըմբոստացած ժողովուրդը:
Հայ ժողովուրդը բոլոր դարերուն միշտ ալ, անընդհատ, իր ազգային գոյութեան համար, անոր սկզբունքներու՝ պետութեան, հողի, լեզուի, կրօնի, մշակոյթի պահպանութեան համար կռիւ մղած է եւ որովհետեւ պետութիւնը կորսնցնելէ յետոյ ան ազգային գոյութեան սկզբունքները ամփոփած էր եկեղեցւոյ մէջ, ուստի եկեղեցիի պաշտպանութեան համար մղուած կռիւը ան նկատած է ազգային գոյութեան պաշտպանութեան կռիւ:
Գրութիւնս լրացնելու համար քանի մը խօսք ալ Էջմիածնի կատարած գրական-կրթական դերին մասին:
Շատ մեծ է եւ անգնահատելի է անոր դերը այդ բնագաւառին մէջ: Առաջին տպարանը հայ հողին վրայ իր թուղթերու գործարանով միասին բացուեցաւ Էջմիածնի մէջ, 18-րդ դարուն:
Շատ կրօնական, պատմական, գիտական, քաղաքական գիրքեր լոյս տեսան այդ տպարանէն:
Էջմիածինը ունեցաւ իր ամսագիրը, որ տեւեց երկար տարիներ: Ունեցաւ իր հոգեւոր դպրոցը եւ ապա՝ Գէորգեան ճեմարանը, որոնք մատակարարեցին ժողովուրդին՝ ընտիր ուսուցիչներ, եկեղեցականներ, գրողներ եւ գործիչներ: Օրինակի համար, մեր նոր գրականութեան հիմնադիրը՝ Խաչատուր Աբովեանը, հոգեւոր դպրոցի ուսումնաւարտ էր:
Էջմիածնի նշանաւոր գործերէն մէկը, որուն յաւիտեան շնորհակալ պիտի ըլլանք, այն էր, որ ան հաւաքեց եւ պահեց իր ամուր պատերուն մէջ. փրկելով վերջնական կորուստէն, մեր դարերու հոգեկան գանձը՝ 10 հազար հին ձեռագիրներ՝ մագաղաթեայ ու թուղթեայ, որոնք տեղափոխուած են Երեւան եւ կը պահուին աշխարհին յայտնի հայ պետական Մատենադարանին մէջ:
Մեր պետութեան անկումէն յետոյ՝ Էջմիածնի պատմութիւնը մեր վեց դարերու հայոց ժողովուրդի պատմութիւնն է, անբաժան՝ մէկը միւսէն:
Էջմիածինը, իբրեւ հոգեւոր իշխանութիւն, նկատի առնելով խաւար ու բռնակալ դարերուն հանգամանքները եւ կարելիութիւնները, թերեւս իր կարողացածէն աւելի պատուով կատարեց իր ազգապաշտպան դերը մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումը:
Հոկտեմբերեան խորհրդային մեծ յեղափոխութեան յաղթանակով հայ ժողովուրդը վերստին ձեռք բերաւ իր կորսնցուցած պետականութիւնը, տէր դարձաւ իր հողին, իրաւունքներուն, ճակատագրին, եւ իր մշակութային-տնտեսական բոլոր գործառոյթները մտան բնականոն զարգացման ուղիներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ