ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՑԸ. ԴԷՊԻ ՍԷՐԸ ՏԱՆՈՂ ՄԱՆՐԱՔԱՅԼԵՐ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅՈՒՆԻՍԻ ՀԱՄԱՐ)
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։
Անգլերէն գիրքը տարածուած է աշխարհով մէկ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ մտորումներու պատասխաններ կը փնտռեն նաեւ այս խորհրդածութիւններուն մէջ։
Կը ներկայացնենք խորհրդածութիւններ՝ կազմուած յունիս ամսուան համար։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ Է, ԲԱՅՑ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԴՈՒՐՍ
«Երանի»ները մեզի կը թելադրեն Յիսուսի դիմանկարը, որ առաջին իսկ հայեացքով կրնայ ամենատհաճն ու անբաղձալին թուիլ. ո՞վ կ՚ուզէ աղքատ, հեզ, ողորմած, մաքրասիրտ, խաղաղասէր ու միշտ ուրիշներով մտահոգուողը ըլլալ: Ո՞ւր է իրաւախոհութիւնն այստեղ: Պէտք չէ՞ որ ապրինք այս աշխարհին մէջ եւ մեր կեանքը ապահովելու համար օգտուինք անոր բարիքներէն։
Յիսուս ցոյց կու տայ մեզի այս աշխարհին մէջ ըլլալու, բայց նաեւ այս աշխարհէն դուրս գտնուելու ուղին: Երբ անոր կամքին համաձայն կեանք մը կ՚ապրինք, նոր աշխարհ մը կը բացուի մեր առջեւ: Երկինքի թագաւորութիւնը մերը կ՚ըլլայ, իսկ երկիրը՝ մեր ժառանգութիւնը: Մենք Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալով պիտի գտնենք մեր հանգստութիւնն ու յագենանք։ Եւ ոչ միայն անդենականին մէջ իբրեւ Աստուծոյ ճշմարիտ որդիներ պիտի ճանչցուինք, այլ նաեւ հոս, այժմէն իսկ սկսեալ (տե՛ս Մտ 5.3-10):
Ահա, այս է Յիսուսի կեանքին համաձայն ապրելու մեր վարձատրութիւնը։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՆՄԱՆԻԼ
Շատ յաճախ մենք մեզ կը փորձենք հեռու պահել Յիսուսէն, ըսելով. «Այն, ինչ Յիսուս գիտէր մենք չենք կրնար գիտնալ եւ ինչ որ կատարեց, մենք չենք կրնար ընել»: Բայց Ան երբեք հեռաւորութիւն չի պահեր իր եւ մեր միջեւ: Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի, ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15), եւ «Լա՛ւ գիտցէք. ով որ ինծի կը հաւատայ, պիտի կատարէ այն, ինչ որ ես կ՚ընեմ եւ աւելի՛ն ալ պիտի կատարէ» (Յհ 14.12):
Իրօք, մենք կոչուած ենք գիտնալու այն, ինչ Յիսուս գիտէր եւ կատարելու այն՝ ինչ ան ըրաւ: Արդեօք որքանո՞վ իրապէս կը փափաքինք այս ամէնը։
ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼ ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ կը մտածենք Յիսուսի՝ դարեր առաջ ապրած այդ բացառիկ ու անսովոր կարողութիւններու տէր անձնաւորութեան մասին, որուն խօսքերն ու կեանքը կը շարունակեն տակաւին ներշնչել մեզմէ շատերը, բնականաբար կրնայ վրիպիլ մեր ուշադրութենէն այն իրողութիւնը, թէ Յիսուս կ՚ուզէ, որ իրեն նմանինք: Ան անձամբ եւ զանազան ձեւերով կը յիշեցնէ մեզի, որ ինքը՝ Աստուծոյ Միածինը, աշխարհ եկաւ յայտնելու մեզի այն ճշմարտութիւնը, թէ մենք ալ Աստուծոյ սիրելի որդիներն ենք։
Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ իր ժողովուրդին. «Տեսէ՛ք, թէ ինչպիսի՜ սիրով Հայրը մեզ սիրեց, ուզելով որ Աստուծոյ որդիներ կոչուինք եւ արդարեւ Աստուծոյ որդիներ ենք» (Ա.Յհ 3.1): Ասիկա հոգեւոր կեանքի մեծագոյն մարտահրաւէրն է՝ յայտարարելու Յիսուսի ինքնութիւնը մեզի եւ ըսել. մենք իրմով միացած մէկական ապրող Քրիստոսներ ենք այսօր:
ԺԱՌԱՆԳԱԿԻՑ ԸԼԼԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Մենք կը շարունակենք նուաստացնել մեր անձերը աւելի, քան զՔրիստոս: Ուստի, կը խուսափինք քրիստոնէական կեանքի ամբողջական վայելքէն, ինչպէս նաեւ ամբողջական վիշտէն: Բայց Հոգին, որ առաջնորդեց Յիսուսը, մեզ ալ կ՚առաջնորդէ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եւ նոյն Հոգին է, որ վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք: Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ, թէ նաեւ ժառանգորդ ենք: Այո՛, ժառանգորդն ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի» (Հռ 8.16-17):
Երբ սկսինք այս ճշմարտութեան համաձայն ապրիլ, մեր կեանքը արմատականօրէն պիտի փոխակերպուի: Այսպիսով, մենք ո՛չ միայն Աստուծոյ որդիներուն կատարեալ ազատութիւնը պիտի ճանչնանք, այլ նաեւ՝ կատարեալ հրաժարումը աշխարհէն:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը դանդաղինք պահանջել վերոյիշեալ պատիւը, որպէսզի խուսափինք նաեւ անոր ընկերակցող ցաւէն: Բայց եթէ կամինք Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակից ըլլալ, իր փառքին ալ մասնակից պիտի դառնանք:
ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԵՑՈՒԱԾ ԽՕՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Սուրբ Հոգին, զոր Յիսուս մեզի կու տայ, մեզ խօսելու իրաւասու կը դարձնէ: Երբ մեզմէ խօսիլ կ՚ակնկալուի մարդոց, որոնք կը փորձեն յուսահատեցնել մեզ, մենք յաճախ ջղային կը դառնանք, նաեւ ինքնագիտակից: Բայց, երբ Սուրբ Հոգիով ապրինք, պէտք չենք ունենար մտահոգուելու։ Մենք մեզ պատրաստ կը զգանք պէտք եղածին պէս խօսելու: «Երբ ձեզ ժողովարան տանին կամ կառավարիչներու եւ իշխաններու դիմաց հանեն դատելու համար, մի՛ մտահոգուիք, թէ ինչպէ՛ս պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ եւ կամ ի՛նչ պիտի ըսէք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին ձեզի պիտի սորվեցնէ այդ ժամուն ձեր ըսելիքը» (Ղկ 12.11-12):
Մենք ահագին ժամանակ եւ ուժ կը կորսնցնենք պատրաստութեան համար: Յայտարարենք ճշմարտութիւնը, թէ Յիսուսի մեզի տուած Սուրբ Հոգին է, որ պիտի խօսի մեր մէջ համոզիչ կերպով:
ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԵՑՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ո՞վ ենք մենք։ Արդեօք այն ե՞նք, ինչ որ կ՚ընենք, եւ կամ ուրիշներ կ՚ըսեն մեր մասին: Այն զօրութի՞ւնն ենք, զոր ունինք: Յաճախ մարդկային ընկերութեան մէջ այդպէս կը թուի ըլլալ: Բայց, մեզի տրուած Յիսուսի Սուրբ Հոգին յստակօրէն կը յայտնէ մեզի մեր հոգեւոր ինքնութինը: Ան կը յայտնէ մեզի, թէ մենք յաջողութեամբ, զօրութեամբ եւ հռչակով լեցուն աշխարհի մը չէ՛ որ կը պատկանինք, այլ՝ Աստուծոյ։ Աշխարհը վախի միջոցաւ կը ստրկացնէ մեզ, բայց Ս. Հոգին ազատագրելով մեզ այդ ստրկութենէն, ճշմարիտ յարաբերութեան մէջ կը վերահաստատէ։
Ահա ա՛յս է այն, ինչ Պօղոս առաքեալ ըսել կ՚ուզէ. «Դուք Հոգին ստացաք` ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար: Այդ Հոգիով է, որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն՝ Հայր կը կոչենք» (Հռ 8.15):
Արդարեւ, ո՞վ ենք մենք: Մենք Աստուծոյ սիրելի զաւակներն ենք:
ՀԱՄԱԿ ՍԻՐՈՅ ԱՂԲԻՒՐԸ
Առանց մեր ծնողներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն սիրոյն, մենք չենք կրնար ապրիլ. կը մեռնինք: Շատերուն այս սէրը խեղճ ու սահմանափակ կը տրուի: Ան կրնայ արատաւորուիլ նախանձով, զայրոյթով, ոխակալութեամբ եւ նոյնիսկ չարաշահութեամբ: Չկայ մարդկային սէր մը, որ կարենայ բաղդատուիլ այն սիրոյն հետ, զոր մեր սիրտը կը ցանկայ։ Եւ երբեմն մարդկային սէրը այնքան անկատար է, որ հազիւ կարենանք զանազանել զայն:
Եւ որպէսզի չընկճուինք ու չխորտակուինք այդ մարդկային սէրէն կրած մեր վէրքերուն պատճառաւ, պէտք է վստահ ըլլանք, որ գերագոյն սիրոյ աղբիւրը Աստուծոյ անսահման, անպայմանադրական եւ կատարեալ սէրն է, որ հեռու չէ մեզմէ. ան՝ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է մեր մէջ:
ՍԷՐ ԸՆՏՐԵԼ
Ինչպէ՞ս կրնանք վստահիլ եւ համոզուիլ աստուածային անպայմանաւոր սիրոյ գոյութեան, երբ ընդհանրապէս մեր փորձառութիւնը սիրոյ հակառակը կը պարզէ, ինչպէս օրինակ, վախը, ատելութիւնը, վայրագութիւնը եւ լլկանքը:
Մենք դատապարտուած չենք զոհեր ըլլալու: Մեր ներսիդին պահուած կը մնայ, ինչպէս կը թուի ըլլալ, սէրը ընտրելու կարելիութիւնը: Բազմաթիւ մարդիկ, որոնք ամենավատ մերժումի տառապանքը ապրած եւ նոյնիսկ ենթակայ են դարձած ամենադառն չարչարանքներու, կարողութիւնն են ունեցած ընտրելու սէրը: Անոնք սէր ընտրելով հանդիսացած են ո՛չ միայն վկաները մարդկային ճկունութեան, այլեւ աստուածային սիրոյ, որ կը գերազանցէ մարդկային սիրոյ բոլոր չափանիշները: Անոնք, վախի եւ նախանձի մթնոլորտի մէջ ըլլալով հանդերձ, նոյնիսկ ամենափոքր չափանիշով սէր կ՚ընտրեն. այնպիսիք են, որ ճշմարիտ յոյս կը ներշնչեն մեր աշխարհին:
ԴԷՊԻ ՍԷՐԸ ՏԱՆՈՂ ՄԱՆՐԱՔԱՅԼԵՐ
Ինչպէ՞ս կրնանք սէր ընտրել, երբ այդքան քիչ վայելած ենք զայն: Մենք սէրը կ՚ընտրենք դէպի սէրը տանող մանրաքայլերով ամէն անգամ, երբ առիթը ներկայանայ: Ժպիտ մը, ձեռքով բարեւելու շարժում մը, քաջալերանքի խօսք մը, հեռաձայնային կապ մը, բացիկ մը, ողջագուրում մը, բարի նայուածք մը, օժանդակութիւն մը, հետաքրքրութեան բառ մը, նուէր մը, օգնութեան ձեռք մը, նիւթական օժանդակութիւն մը, այցելութիւն մը. ասոնք բոլորը դէպի սէրը տանող մանրաքայլեր են:
Նման իւրաքանչիւր քայլ մութին մէջ պլպլացող մոմի կը նմանի: Ան մթութիւնը լիովին չի փարատեր, բայց մեզ ապահով անոր մէջէն կ՚առաջնորդէ: Եւ երբ սիրոյ բազում մանրաքայլերէն ետք յետադարձ ակնարկ մը նետենք, կը տեսնենք, որ բաւականին երկար եւ յաջող ճամբայ ենք կտրած:
ՍԻՐԵԼ
Յաճախ սիրոյ շուրջ կը խօսինք այնպէս, ինչպէս զգացումի մը մասին: Բայց եթէ սպասենք սիրոյ զգացումի մը, նախքան մեր սիրելը, հաւանաբար երբեք չյաջողինք լաւապէս սիրել: Սիրոյ զգացումը գեղեցիկ է եւ կենսատու, բայց մեր սիրելը չի կրնար այդ զգացումին մէջ կեդրոնացած ըլլալ:
Սիրել կը նշանակէ մտածել, խօսիլ ու գործել ըստ այն հոգեւոր գիտակցութեան, թէ մենք մեծապէս սիրուած ենք Աստուծմէ եւ կոչուած ենք այդ սէրը տեսանելի դարձնել աշխահիս մէջ:
Ընդհանրապէս գիտենք, թէ սիրով գործել ի՛նչ կը նշանակէ: Եւ երբ սիրով «գործենք», նոյնիսկ այն ատեն, երբ ուրիշներ չկարենան փոխադարձել այդ սէրը, պիտի տեսնենք, որ մեր զգացումները համապատասխան են մեր գործերուն:
ՍԻՐՈՅ ՎԿԱՆԵՐԸ
Ինչպէ՞ս գիտնանք, որ մեծապէս սիրուած ենք Աստուծմէ, երբ մեզ շրջապատողները կը շարունակեն ըսել մեզի, թէ գոյատեւելու համար պէտք է մեր իրաւունքը ապացուցենք:
Առանց պայմանի սիրուած ըլլալու մեր գիտութիւնը չի կրնար յառաջ գալ գիրքերու, դասախօսութիւններու, հեռուստացուցային ծրագիրներու եւ աշխատանքի ճամբով: Տուեալ հոգեւոր գիտութիւնը կու գայ այն մարդոց միջոցաւ, որոնք կը վկայեն իրենց գործերուն եւ խօսքերուն ճամբով մեզի Աստուծոյ սէրը։ Այդ մարդիկը կրնան մօտ ըլլալ մեզի կամ շատ հեռու մեզմէ։ Անոնց վկայութիւնը կը փաստէ Աստուծոյ սիրոյն ճշմարտութիւնը եւ կը հրաւիրէ մեզ անոր համաձայն գործել:
ՄԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔՆ ԵՆՔ
Հոգեւոր կեանք ապրիլ կը նշանակէ ապրիլ կեանք մը, որուն մէջ, մեր հոգին եւ Աստուծոյ Հոգին կը կրեն այն միասնական վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ կը պատկանինք իբրեւ անոր զաւակները (տե՛ս Հռ 8.16): Սոյն վկայութիւնը կը ներառէ մեր ապրած կեանքին իւրաքանչիւր երեւոյթը: Պօղոս առաքեալ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Թէ՛ կերած-խմած ատեն եւ թէ՛ որեւէ այլ պարագայի՝ կը բաւէ որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընէք» (Ա.Կր 10.31): Մենք ենք Աստուծոյ փառքը, երբ կ՚արտայայտենք Աստուծոյ զաւակներուն ազատութեան ամբողջական տեսանելիութիւնը:
Երբ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին հետ հաղորդակցելով ապրինք մեր կեանքը, միայն այն ատեն կրնանք անոր վկաները դառնալ, որովհետեւ, ո՛ւր ալ երթանք, որո՛ւն որ ալ հանդիպինք, Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ի յայտ պիտի գայ մեր միջոցաւ:
ՀՈԳԻԻՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ
Ի՞նչ ձեւով Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մեր միջոցաւ ի յայտ կու գայ: Շատ յաճախ կը կարծենք, թէ վկայել կը նշանակէ Աստուծոյ ի շահ եւ ի պաշտպանութիւն գործել: Այս գաղափարը կրնայ մեզ շատ ինքնավստահ դարձնել: Կը շուարինք, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կրնանք մեր խօսակցութեան կեդրոնը դարձնել զԱստուած եւ ինչպէ՛ս նաեւ համոզել մեր ընտանիքի անդամները, բարեկամներն ու դրացիները, թէ Աստուած միշտ ներկայ է իրենց կեանքին մէջ: Բայց այս առաջնորդող փորձը յաճախ կը յառաջանայ անապահով սրտէ, հետեւաբար դիւրութեամբ անջատման տեղի կու տայ:
Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ամենահամոզիչ կերպով ինքզինք կը յայտնէ իր պտուղներուն միջոցաւ, որոնք են. «Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն» (Գղ 5.22):
Ուստի լաւ է միշտ ի մտի ունենալ հետեւեալ հարցումը, թէ «Ինչպէ՞ս կրնամ Սուրբ Հոգիով աճիլ», քան «Ինչպէ՞ս կրնամ ուրիշներուն մէջ Սուրբ Հոգիին հանդէպ հաւատք արթնցնել»:
ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ ԱՊՐԻԼ ԵՒ ԽՕՍԻԼ
Աստուծոյ համար վկայել, կը նշանակէ աշխարհի մէջ անոր ներկայութեան համար կենդանի նշան ըլլալ: Ինչ որ կ՚ապրինք աւելի կարեւոր է, քան ինչ որ կ՚ըսենք, քանզի արդարօրէն ապրիլը միշտ արդարօրէն խօսելու կ՚առաջնորդէ: Երբ ի խորոց սրտի ներենք մեր ընկերոջ, մեր սիրտը ներողամտութեան բառեր կը խօսի: Երբ երախտագէտ ենք, երախտագիտութեամբ կ՚արտայայտուինք եւ երբ յոյսով ենք եւ ուրախութեամբ լեցուն, յոյսի եւ ուրախութեան բառեր կ՚արտայայտենք:
Երբ մեր բառերը հապճեպով դուրս գան մեր շրթներէն, առանց երբեք ապրելու զայն, ինչ կը խօսինք, անպայման կրնանք սխալիլ եւ կրկնակի սխալիլ։ Կրկնակի սխալիլը, այսինքն, նախ խօսքով, ապա գործով, մեզ կեղծաւորներու կը վերածէ:
Թող մեր կեանքը մեզի տայ արդար խօսիլ եւ մեր խօսիլը թող մեզ դէպի արդար կեանքը առաջնորդէ:
ՄԵՐ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏԱՑԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԻԼ
Արդեօք կրնա՞նք խօսիլ միայն այն ատեն, երբ կատարելապէս կ՚ապրինք մեր խօսածները: Եթէ մեր բոլոր խօսքերը անհրաժեշտօրէն պէտք են, որ մեր բոլոր կատարած գործերը ընդգրկեն, մենք մնայուն լռութեան՝ կը դատապարտուինք։
Երբեմն կոչուած ենք Աստուծոյ սէրը յայտարարելու նոյնիսկ այն ատեն, երբ տակաւին լիովին չենք կրնար ապրիլ զայն: Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ մենք կեղծաւորներ ենք։ Կեղծաւոր ենք միայն այն ատեն, երբ մեր խօսքերը մեզ դարձի եւ ապաշխարութեան չեն հրաւիրեր։
Չկայ մէկը, որ կարենայ կատարելապէս ապրիլ իր իտէալներն ու տեսիլները: Բայց երբ խորին համոզումով եւ հեզութեամբ կը յայտարարենք զանոնք, աստիճանաբար կ՚աճինք մեր բարբառած ճշմարտութեամբ:
Այնքան ատեն որ կը գիտակցինք, թէ մեր կեանքն աւելի աներկբայ կը վկայէ, քան մեր խօսքը, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր խօսքերը խոնարհ պիտի մնան։
ԽՕՍՔԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ
Խօսքերը միշտ ալ ուրիշներուն համար են: Անոնք պէտք ունին լսուելու, ընկալուելու եւ փոխադարձուելու։ Խօսողը անպայման լսողի մը կարիքն ունի, ինչպէս գրողը՝ ընթերցողի։
Երբ անձնական կեանքը, այլ խօսքով մարդկային փորձառութիւնը խօսքի վերածուի, ընկերութիւն կրնայ ստեղծել: Երբ կ՚ըսենք. «Թող որ պատմեմ, թէ ի՞նչ տեսանք։ Եկո՛ւր, լսէ մեր ըրածը: Նստէ եւ ականջ տո՛ւր, թէ ի՞նչ պատահեցաւ մեզի: Սպասէ, որ գիտնաս, թէ որո՞ւ հանդիպեցանք», մարդիկը իրարու քով կը բերենք եւ մեր կեանքը ուրիշիներու ալ կեանքը կը վերածենք: Այս ձեւով խօսքերը մեզ ընկերութեան կը հրաւիրեն:
Երբ անձնական կեանքը խօսքի վերածուի, կրնայ ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութեան մէկ մասնիկը դառնալ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան