ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Ներկայ դարը կարելի է կոչել Տիրապետութեան դար, նկատի ունենալով հսկայ եւ զօրաւոր պետութիւններու մնայուն պայքարը՝ քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային գետիններու վրայ: Մեր թուականութենէն շուրջ 117 տարիներ առաջ, տիրապետութեան մասին թերթիս Ընկերային հարցեր վերնագրուած բաժինին մէջ՝ «Տիրապետութեան ոգին» խորագիրը կրող գրութիւն մը ունի Ռուբէն Զարդարեանը, ուր անդրադարձ կատարելէ ետք տիրապետութեան ինչութեան, կը խօսի նաեւ այդ տարիներուն Թուրքիոյ մէջ տիրող վիճակին մասին: Նկատի ունենալով տիրապետութեան շարունակուող ընթացքը ամբողջ աշխարհին մէջ, այդ գրութենէն կը մէջբերենք հատուածներ.

* Մարդկային պատմութեան թշուառական ու ամօթալի ոգին է՝ տիրապետութեան տենչը, տիրապետութի՜ւնը ազգի մը՝ որ երկաթէ մագիլներու մէջ կը բռնէ ուրիշ ժողովուրդներու ճակատը եւ դարերով կը նստի անոնց կուրծքին վրայ. տիրապետութի՜ւնը դասակարգի մը՝ որ երբեմն զինուորական, երբեմն տնտեսական, բայց միշտ նիւթական բիրտ զօրութևան մը միջոցով կը յաղթահարէ ժողովրդային ուրիշ զանգուածներ՝ ապրելով անոնց աշխատութեամբն ու քրտինքովը, սպառելով անոնց կեանքն ու կենսագործութիւնը:

Տիրապետութևան այդ անյագ ախորժակը սակայն ամենէն վերջը քայքայած է նոյն ինքն իր տէրերը՝ ըլլան անոնք ազգ կամ դասակարգ, ստեղծելով ինչպէս ժողովուրդներու, նոյնպէս ընկերական կեանքի մէջ նոր դասաւորութիւններ, նոր համեմատութիւններ:

Տիրապետութիւնը, քաղաքական եւ մանաւանդ արեւելեան հասկացողութեամբ, միշտ հոմանիշ է բռնապետութեան՝ ի՛նչ ալ ըլլայ իր ձեւը, ո՛ւրկէ ալ սկսի եւ ուր ալ վերջանայ իր սահմանը:

Ազգերը մանուկներու պէս խրատ չեն հասկնար, եթէ ոչ պատմութիւնը կրկնութիւն պիտի չունենար:

Ցնորք է կարծել թէ բիրտ ուժով, սպառնալիքներով եւ կամ օրէնքի խարդաւանանքով ու սեղմումներով կարելի պիտի ըլլայ ո՛եւէ տարրի գերիշխանութիւն տալ այս պետութեան մէջ, երբ այդ տարրը իր մտքի բարձրութեամբ, իր արուեստով, իր culture-ով ու իր ընդունակութիւններով չունի բնական այդ գերիշխանութիւնը: Եթէ իրաւցնէ տեղական տարրը օժտուած է այդ յատկութիւններով՝ հարկ չկայ ուրեմն շեշտելու եւ բռնադատելու. բարեշրջութեան ու ընկերային օրէնքներու համաձայն, անիկա կոչուած է միշտ բռնելու պետական կեանքին մէջ առաջին շարքը. իսկ եթէ, ընդհակառակը, զուրկ է նոյն յատկութիւններէն՝ իրաւունք չունի եւ չի կրնար արգիլել միւս ժողովուրդները, որ կանգ առնեն իրենց զարգացման մէջ, որ դադրին իրենց առաւելութիւնները արդիւնաւորելէ, որ հարկադրուին ստրկանքի, յետամնացութեան եւ ստորադասութեան: Անօգուտ եւ անարդար պահանջ մըն է ասիկա՝ որ չէ յաջողած ոչ մէկ երկրի մէջ եւ յաջողութիւն գտնելու ոչ մէկ շանս ունի:

Տիրապետութեան ունայնամիտ եւ անիծեալ ոգին տեւականապէս պատճառ եղած է ժողովուրդներու դարաւոր ատելութեան ու թշնամութեան, ժողովուրդներու թշուառութեան ու արիւնին, մշտնջենաւորելով միմիայն բռնաւորներ ու բռնաւոր դասակարգերու գոյութիւնը:

Տիրապետութեան ամօթալի՜ ձգտումը, որ երէկ բռնապետներու նախատինքն էր եւ այսօր ժողովուրդի մը իրաւունքն ու պատիւը կը հռչակուի:

Ուրեմն ատելութենէ, քինախնդրութենէ եւ եղբայրատեաց պայքարէ խոնջ, պարտասած խաղաղութեան կարօտ ղժբախտ ժողովուրդները դարձեալ կը հրաւիրուին նոր կռիւի, նոր զոհողութեանց, իրաւունքի ու ազատութեան նոր նուաճումներու:

Ո՞ւր է այս բոլորին իմաստութիւնը:

Ո՛չ, սահմանադրական երկրի մը մէջ չկայ ոչ մէկ գերիշխող ազգ եւ պէտք չէ գտնուի, ինչպէս ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքին առջեւ, նոյնը եւ առաւելապէս իւրաքանչիւր ազգ հաւասարազօր է բնակակից ո՛եւէ ուրիշ ցեղի մը հետ, ոչ աւելի, ոչ ալ պակաս: 

Առանց այս սկզբունքին՝ երկիր մը չի կրնար ինքզինք սահմանադրական դաւանիլ եւ խաղաղ աշխատութեան նուիրել (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 16, նոյեմ. 1-14 1908, էջ 1):

* Ալփասլան (Աղեքսանդր Փանոսեան) ունի բանաստեղծութիւն մը՝ «Յանգապատում. Նոր տառեր-հին օրեր» վերնագրով: Ահաւասիկ.

«Ժամանակ»ի նոր տառերուն համար, 
Երբ կ՚ուզեմ գրել քանի մը տող բան, 
Առջեւս առած թուղթ, գրիչ, կաղամար, 
Միտքիս մեջ մռայլ յուշեր կը ծըփան, 
Եւ հին օրերուն, կ՚անդրադառնամ յար, 
Երբ կ՚ուզեմ գըրել քանի մը տող բան 
«Ժամանակ»ի նոր տառերուն համար…:

Ժամանակն ինչպէ՞ս կ՚առնէ, կը տանի 
Գոյնն ու բոյրն անուշ անցեալ օրերուն, 
Ուր մեր ամէնուն՝ խանդոտ պատանի 
Գըրելու ախտին տենդով տոչորուն՝ 
Արեւելքն էր վայրն ու թերթն ընտանի… 
- Գոյնն ու բոյրն անուշ, անցեալ օրերուն 
Ժամանակն ի՜նչպէս կ՚առնէ, կը տանի:

Նորատունկ խանին սանդուխներէն վեր, 
Տանիքին - կապոյտ, երկինքին - մօտիկ 
Շաբաթն երեք չորս անգամ, անհրաւէր 
Կը բարձրանայինք քայլերով շուտիկ, 
Յօդուած մ՚ունէինք որ պիտի տըպուէր 
Տանիքին - կապոյտ երկինքին - մօտիկ, 
Նորատունկ խանին սանդուխներէն վեր:
Խմբագրատան մէջ՝ կար աղմուկ, ժըխոր,
Փոշի, սիկառի ծուխ, թուղթի դէզեր, 
Հոն՝ Բիւզանդ Քէչեան բազմած լայնափոր 
Անգլիերէն լա՜յն թերթեր կը խուզէր… 
Առջեւն ալ՝ դարակ մը, գուբի պէս խոր… 
Փոշի, սիկառի ծուխ, թուղթի դէզեր, 
Խմբագրատան մէջ, կար աղմուկ, ժըխոր:

Խարխուլ, հին փայտէ սեղանի մը քով 
Հազի՜ւ գտնէինք կոտրած մէկ աթոռ, 
Բայց, ի՜նչ փոյթ, թերեւս մեր այն գըրուածքով 
Պիտի կոչուէինք վե՜հ Մուսայից թոռ, 
Մեր սիրտը կ՚օրրէր մէկ երկնառաք հով… 
Հազի՜ւ գտնէինք կոտրած մէկ աթոռ 
Խարխուլ, հին փայտէ սեղանի մը քով…:

Տըպարանին սեւ տառերը կապար 
Իրենց խորշերուն մէջ խիտ, քովէ քով, 
Մեր աչքերուն տակ գերբնական մէկ պար
Կը կատարէին գրաշարաց ձեռքով, 
Ու կը սիրէի՜նք նուրբ, գեղատի՛պ յար, 
Իրենց խորշերուն մէջ խիտ, քովէ քով, 
Տըպարանին սեւ տառերը կապար…:

Գըրաշարներուն՝ հագուած հին ու մին, 
Երբ պատահէինք - մաքրութեան տիպար - 
«Մեր միտքին ասո՛նք կու տան կեանք, մարմին…» 
Կ՚ըսէինք ժպտուն, ու, մըտերմաբար. 
- «Սիկառ մը կ՚ուզէ՞ք, միւսիւ Բենիամին…»
Երբ պատահէինք՝ մաքրութեան տիպար
Գըրաշարներուն՝ հագուած հին ու մին:

Փորձի թուղթերուն վըրայ բաց, խոնաւ 
Պտղած տողերուն շարքին ընդմէջէն, 
Երբոր սըխալ մ՚ա՜լ չը մընար բընաւ, 
Կը կարծէինք թէ լոյսե՛ր ճաճանչեն, 
Եւ մեր սիրտն հեշտա՜նք մը անբաւ 
Պտղած տողերուն շարքին ընդմէջէն, 
Փորձի թուղթերուն վըրայ թաց, խոնաւ:

Սին հըպարտութեան խայտանքովն ազնիւ, 
Կը թնդար, կ՚ուռէր մեր պարզուկ հոգին, 
Երբ մեքենային թաւալուն անիւ 
Մեր գլխուն վըրայ դղըրդար ուժգին… 
Տըղա՛յ էինք դեռ գրչով ու… բանիւ, 
Կը թնդար, կ՚ուռէր մեր պարզուկ հոգին, 
Սին հըպարտութեան խայտանքովն ազնիւ:

Մեր ընկերներն հին-վառեակ, հաւ, աքլոր, 
Ցըրուեցան, անդարձ հեռացան, գացին… 
Ալ չի կան անոնց երգերն հեշտոլոր, 
Ոչ ալ երկնամերձ դիրքն այն հաւնոցին՝ 
Ուր մեր խանդն առոյգ կը թառէր բոլոր… 
Ցըրուեցան, անդարձ հեռացան, գացին 
Մեր ընկերներն հին, վառեակ, հաւ, աքլոր…:

Նո՛ր կո՛ւկո՛ւլի՛կակո՛ւ ու նոր կըտկըտա՛կ
Այսօր կը լըսուին աջէն ու ձախէն 
Բորբոքած աշնան հոսումովը տաք 
Նորե՛ր ժիր անփորձ թեւեր կը բաղխեն, 
Ու կը թռչըտին մինչեւ… Զօնկուլտաք… 
Այսօր կը լըսուին, աջէն ու ձախէն՝ 
Նո՛ր կո՛ւկո՛ւլի՛կակո՛ւ ու նոր կըտկըտա՛կ…:

«Ժամանակ»ին նոր տառերը կապար
Երբ խորշերուն մէջ փա՜ռ փառ կը փայլին
Շո՛ղ մը կը խառնեն անոնք, տիրաբար,
Յիշատակներուս մութ ու մըռայլին,
Եւ կու տան ինձ նոր միտք ու գաղափար
Երբ խորշերուն մէջ փա՛ռ փառ կը փայլին
«Ժամանակ»ին նոր տառերը կապար:

Ողջո՜յն ձեզ, ուրեմն, ողջո՜յն, տառեր նոր, 
Ազատ Մամուլին տառերն երջանիկ, 
Հայուն ոյժ ու լոյս տըւէ՛ք ամէն օր, 
Դուք որ ձեր եղբարց նըման անդրանիկ 
Չէք կըրեր նախկին ոտնախառն անշընորհ… 
- Ազատ Մամուլին տառե՛րն երջանիկ, 
Ողջո՜յն ձեզ, ուրեմն, ողջո՜յն, տառեր նոր:

(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 16, նոյեմ. 1-14 1908, էջ 1):

* Սարգիս Բտէեան՝ «Զինուորական վարժարաններ հայերուն համար» կարճ գրութիւն մը ունի, որ ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

Դպրոցական նոր տարեշրջանը սկսած է, թուրք վարժարաններն ալ այս շաբթու բացուեցան: Օսմ. Սահմանադրութիւնը ամէն պաշտօններու դռները բացած է Օսմ. ժողովրդեան կարողագոյններուն առջեւ, բայց այդ պաշտօններուն հասնելու համար, գրեթէ անհրաժեշտ է թուրք բարձր վարժարաններու շրջաններն աւարտած ըլլալ:

Մեր Ազգ. դպրոցները թուրք լեզուին ուսուցմանը որչափ որ ջանք չեն խնայեր, բայց եւ այնպէս շատ քիչերն են որ կրնան իտատիէ վարժարաններու դռնէն ներս մտնել, եւ մեծամասնուսթիւնը կը ստիպուի 1-2 տարի րիւշտիէներն յաճախելէ վերջ միայն իտատիէ մտնելու յաջողիլ, որով շատ տեղ ժամավաճառութիւն կ՚ըլլայ, քանի որ մեր դպրոցները թուրքերէն լեզուէն զատ միւս ճիւղերուն մէջ միշտ բարձր են րիւշտիէներէն:

Հետեւապէս ասկէ վերջ թուրքերէնը՝ մինչեւ հիմա եղածէն տարբեր ծրագրով եւ մասնաւոր ուշադրութեամբ դաս տրուելու է մեր դպրոցներուն մէջ: Բայց այս ներկայ տարուան համար, մեր ուսանողութիւնն ի՞նչ ըրաւ: Մէկ կողմէն յոյները, հրեաները գունդագունդ կը դիմեն իտատիէ վարժարաններն, ուր կ՚ընդունուին, բայց առած տեղեկութեանցս վրայ հազիւ մէյ մէկ հայեր դիմած են: Մէրճանի իտատիէ վարժարանին մէջ այս շաբթու քսան հատ յոյն արձանագրուած են եւ ըսածնուն նայելով դեռ 30 հատ մըն ալ պիտի գան, մէկ քանի ալ հրեաներ եկած են, ո՞ւր մնացին հայերը: Միթէ հարկ կա՞յ կրկնելու սա ճշմարտութիւնը, թէ թուրք երկրորդական վարժարաններէն ելլողները միայն կրնան կառավարական գործոց մէջ ընդունուիլ: Հետեւապէս կը հրաւիրենք հայ ուսանողութիւնը որ առիթը չփախցնէ եւ կարողները իսկոյն դիմեն իտատիէի քննութիւն տալու եւ մտնելու, իսկ թուրքերէնի մէջ յաջող չեղողները կրնան րիւշտիէ մը մտնալ եւ յաջորդ տարուան համար պատրաստուիլ:

Գուլէլիի զինուորական դպրոցը մինչեւ հիմա երեք հայեր միայն դիմած են եւ չեն յաջողած ընդունուելու:

Րիւշտիէի մասն ալ իբր թէ զինուորականներու տղոց միայն յատուկ ըլլալուն, դրսէն աշակերտ չեն ընդունուիր եղեր, ասոր ալ ճարը գտնալու է պաշտօնական դիմումներով (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 1):

* Իզմիրլեան Պատրիարքի մէկ հայրական խրատը՝ ուղղուած քահանաներուն: Կը կարդանք.

ՊԷՇԻՔԹԱՇԻ ԶԱՐՄԱՅՐ ՔԱՀԱՆԱՆ աջհամբոյրի ներկայացած պահուն [Իզմիրլեանի պատրիարք ընտրուելու առիթով], Ս. Պատրիարքին գանգատեցաւ, թէ ժողովուրդը բոլորովին կ՚ուծանայ եկեղեցիէն, եւ շատեր ո՛չ իսկ կիրակի օրեր Պատարագ տեսնելու կու գան: Տ. Զարմայր այս առթիւ խնդրեց Նորին Սրբազնութենէն որ ամենէն աւելի ժողովուրդին այս եկեղեցական ցրտութիւնը դարմանելու միջոցներուն ձեռնարկէ: Սրրազան Հայրիկը արդար շեշտով մը ըսաւ. «Դուք քահանայքդ եթէ ձեր սքեմին վայելուչ վարք ու բարք մը ունենաք, ժողովուրդը ինքնաբերաբար կը լեցնէ եկեղեցիները: Հետեւաբար, ժողովուրդը եկեղեցի հրաւիրելու համար պէտք է նախ քահանաները ուղղել» (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 2):

* ԵՐԿԱԹԵԱՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ առաջին գործը եղած է Պատրիարքարանը կարգի կանոնի դնել: Պատրիարքարանի բոլոր պաշտօնեաները, մեծ ու պզտիկ, այսօրուընէ սկսեալ կանուխ իրենց գործին գլուխը պիտի գտնուին եւ իրիկունը ուշ ատեն պիտի մեկնին, վստահ ըլլալով որ Իզմիրլեան Պատրիարքին հետ կատակ չ՚ըլլար (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 2):

* Հայ կուսակրօն եկեղեցականներու գործածած վեղարին մասին՝ «Վեղարը ուրկէ՞ մտաւ հայոց եկեղեցիին մէջ» վերնագիրին տակ կը կարդանք.

Կիրակի առտու, խօսակցութեան պահուն, Ս. Պատրիարքը [Իզմիրլեան] յայտարարեց, թէ հայկական քաղաքներու աւերակներու պեղումենրէն տեսած է ինք հայ զինուորներու արձաններ, որոնք վեղար կը կրէին իրենց գլուխը: Ուրիշ մը դիտել տուաւ, թէ վեղարը քուրմերուն համազգեստն էր, ինչպէս մինչեւ հիմակ ալ Հնդկաստանի քուրմերէն ոմանք միեւնոյն տարազը կը հագնին եւ թէ հայերը Քրիստոնէութիւնն ընդունելէ ետք, շարունակած են այս տարազը: Սրբազանը պատասխանեց. «Վեղարը քրիստոնէական պատմութևան մէջ մեծ հռչակ հանած Անտոն Անապատականին յիշատակն է: Այս սուրբը Քրիստոսի 250 թուականին եգիպտացի ղպտի մըն էր, որ Աւետարանին մէջ կարդալով թէ երկնից արքայութիւնը վայելելու համար պէտք է ամէն բան ձգել, իր ահագին հարստութիւնը աղքատներուն բաժնեց եւ անապատ քաշուեցաւ հոգեւոր կեանքը ապրելու համար: Հոն, որովհետեւ սոսկալի տաք կ՚ընէր, արմաւի տերեւներէ վեղարաձեւ գտակ մը շինեց իրեն արեւին տաքութենէն զերծ մնալու համար: Ուրիշ աշխարհական ճգնաւորներ ալ հետեւեցան Ս. Անտոնի, ու այսպէս վեղարը կրօնականներու պաշտօնական տարազը եղաւ» (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 2):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025