ՔԻՉԻԿ ՄԸ ՀԱՅԵՐԷՆ - ԵՐԲ ՀԱՅԵՐԷՆԸ «ՔԻՉԻԿ» Է, ՄԵՆՔ ԱԼ «ՔԻՉԻԿ» ԵՆՔ
Հայ հրապարակագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան գրութիւն մը ունի՝ «Քիչիկ մը գիտեմ» խորագրով։
Զայն կարդալով՝ կը փոխադրուինք սփիւռք, անցեալ դարու կէսեր, երբ սփիւռքի մանաւանդ արեւելեան համայնքներուն մէջ տակաւին կենսունակ էր հայերէնը, հայկական կեդրոններուն մէջ ներկայ էր լեզուին անվարան վստահութիւնը ու հայ բառը ամէնուր շունչ էր, ուրախութիւն, պատկանելիութեան հնչուն ձայն։ Բայց միեւնոյն ատեն, կը հասկնանք, որ նոյն համայնքներուն մէջ այսօր աղքատացած հայերէնի սկիզբը այդ օրերէն կու գայ։
Այսօր աշխարհի զանազան կողմերը գտնուող հայ սերունդին պատասխանը չի տարբերիր այդ օրերու հնչածէն․ «Քիչիկ մը գիտեմ…»։
Այդ «քիչիկ մը»ին մէջ եթէ ժամանակին կը տեսնէինք ամօթ, վախ, ժառանգութեան աղքատացում, այսօր զայն տեսակ մը սովորական դարձած է։ Մատներուն այն շարժումը, երբ հայ մանչուկը կը փորձէ չափել իր գիտցածին սահմանը, աւելի ծանր է՝ քան արտասանած բառը, որովհետեւ լեզուն, հայրենիքի նման, երբ չի ճանչցուիր ու սիրուիր ամբողջութեամբ, կը սկսի… կորսուիլ։
Ահա՛, ամենէն ցաւալի ճշմարտութիւնը։ Լեզուի կորուստը երբեք յանկարծակի փլուզում մը չէ․ կը սկսի բառ մը մոռնալով, արտասանութիւն մը զեղչելով, նախադասութեան մէջ օտար բառ մը սահեցնելով։ Կը սկսի «միայն կը հասկնամ»ով եւ կը վերջանայ «չեմ գիտեր»ով։
Շաւարշ Միսաքեանի այդ պատմութիւնը միայն յիշողութիւն չէ. այսօր ալ իրականութիւն է։ Նոյն ձեռքը այսօր ալ կը բարձրանայ՝ բթամատը ցուցամատին մօտեցնելով՝ «քիչիկ մը ըսելու համար»։
Ցաւը այն է, որ շատերու համար այդ «քիչիկ»ը արդէն բաւարար կը թուի։ Բայց լեզուն երբեք «քիչիկ»ով չի բարգաւաճիր։ Լեզուն կը ծաղկի այն ժամանակ, երբ կը յանդգնինք զայն լիարժէք հասկնալ, մտածել, ստեղծել, լսել ու փոխանցել՝ ոչ թէ որպէս պարտք, այլ որպէս սուրբ տաճար։ «Քիչիկ»ը իր մէջ ունի ճակատագրի տարողութիւն, եւ որքան աւելի կը մտածես այդ բառին շուրջ՝ այնքան աւելի ծանր կը դառնայ…
Այսօր «քիչիկ»ը կարծես կը սահմանէ մեր տեղը պատմութեան մէջ։
Ժողովուրդ մը, որ իր լեզուի իմացութիւնը սկսի չափել մատներու միջեւ, կը սկսի նաեւ չափել իր գոյութեան իմաստը։
Լեզուի աղքատացումով կը սկսի մտածողութեան, յիշողութեան, հայրենասիրութեան, վերջապէս՝ հայրենիքի աղքատացումը։
Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութներն էին, որ իրենց շունչով, դպրոցներով, երգով ու մամուլով կը պաշտպանէին հայերէնը եւ կը հպարտանային, թէ սփիւռքը կը շարունակէ հայերէն մտածել, աղօթել ու երգել։ Այն ատեն Պէյրութը, Հալէպը, Դամասկոսը, Պաղտատը, Գահիրէն կը թուէին հայերէնի կանաչ ամրոցները։ Այնտեղ էր, որ հայերէնը չէր ծուարած միայն դասանիւթ եղած բառերու մէջ, այլ կը շնչէր խանութներու ցուցանակներուն վրայ, սրճարաններու աղմուկին մէջ, թատերական ձեռնարկներու, թերթերու եւ երգարաններու աշխարհին մէջ։
Այսօր, սակայն, պատկերը փոխուած է, Մերձաւոր Արեւելքի նոյն այդ գաղութները, որոնք ժամանակին սփիւռքի լեզուական կեդրոնը կը կազմէին, այսօր իրենք ալ սկսած են աղքատանալ լեզուական տեսանկիւնէն։ Պատերազմներ, գաղթ, օտարացում, ձուլում, տնտեսական տագնապ, նոր իրականութիւններ… ամէնը միասին կը մաշեցնեն լեզուն։
Պոլիսը այս նիւթին մէջ միշտ առանձնայատուկ անուն էր․ երկար ատեն եղած էր վերջին պատուարը արեւմտահայերէնի։ Բայց այսօր, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին մէջ, հայերէնը աւելի շատ կը սերտուի՝ քան կը խօսուի։ Կը սորվին դասագիրքով, կը գոցեն գիրքը եւ այդ փակումով կը վերջանայ նաեւ լեզուն։ Շատերուն համար հայերէնը այլեւս գործածական լեզու չէ, այլ պարտականութիւն, միջավայրի պարտադրանք, երբեմն ալ՝ հնաբոյր աւանդութիւն, որուն կապուած կը մնան աւելի շատ յարգանքով՝ քան կենսունակ սիրով։ Եթէ հայերէնը կը մնայ դպրոցին մէջ ու չի ճամբորդեր դէպի տուն, սեղան, ընկերութիւն, կիրակնօրեայ հաւաք, կը դառնայ օտարական՝ խեղճօրէն սպասելով, որ զինք ընդունին տեղ մը։
Ու յանկարծ, Շաւարշ Միսաքեանի գրութենէն դարձեալ կը լսուին բառերը՝ «Քիչիկ մը գիտեմ…»։
Ուրեմն, այս նախադասութիւնը այլեւս անչափահաս հայ երեխայի անկարող պատասխան մը չէ․ այսօր ան դարձած է ամբողջ սերունդի ինքնագնահատական։
Այդ պատճառով այս պատմութիւնը միայն անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ ահազանգ՝ եթէ հայերէնը «քիչիկ» է, ապա մենք ալ «քիչիկ» ենք, եւ նոյնքան «քիչիկ» է մեր տեղը աշխարհին մէջ։
ՔԻՉԻԿ ՄԸ ԳԻՏԵՄ
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Տեսակ մը վարժութիւն դարձեր է հարցնել չորս-հինգ տարեկան մանչուկի մը կամ աղջնակի մը.
-Հայերէն գիտե՞ս։ Անունդ ի՞նչ է։
Հարցումը կը լլկէ միտքս եւ պատասխանի կը սպասեմ անձկութեամբ, ուր որ ալ հանդիպիմ։
Եթէ պատասխան ստացայ, կը փորձեմ երրորդ հարցումը.
-Քանի՞ տարեկան ես…
Անշուշտ պատասխանները լեզու, շեշտ կամ գոյն կը փոխեն, համաձայն իւրաքանչիւր միջավայրի։
Միլանի հայկական տան մէջ հարցուցի հինգ-վեց տարեկան մանչուկի մը.
-Հայերէն գիտե՞ս։
-Քիչիկ մը գիտեմ…
-Որքա՞ն քիչիկ…
Պճլտուն աչքերով տղեկը բթամատը կը մօտեցնէ ցուցամատին, հաստատելու համար իր գիտցածին չափը։
Եւ ցոյց տալով քիչ անդին կեցած տղեկ մը, կ՚աւելցնէ, այս անգամ իտալերէն։
Տեսնելով որ չեմ հասկնար, նորէն կը դիմէ մատներու օգնութեան։
Ըսել կ՚ուզէ, թէ ան «քիչիկ մը» աւելի գիտէ։
Աղեքսանդրիա
Պօղոսեան վարժարան։
Կէս օրուան դադար է, եւ աշակերտները կը խաղան պարտէզին մէջ։
Հայերէնը ծառերն ի վեր կը բարձրանայ հարիւրաւոր աշակերտներու գեղգեղանքով։ Յետոյ կը տարածուի ափէ ափ, իբրեւ կարկաչահոս առուակ մը։
Ուշադրութիւնս կառչած է մանկապարտէզի մանչուկներուն եւ աղջնակներուն վրայ. մօտ երկու հարիւր ձագուկներ, կարմիր գոգնոցներով։ Կը հարցնեմ աղջնակի մը, նոյն անձկութեամբ.
-Անունդ ի՞նչ է, աղջիկս։
-Շուշա՛ն։
-Քանի՞ տարեկան ես։
-Չորս տարեկան եմ:
-Չո՞րս, թէ երկու անգամ չորս։
-Ո՛չ պարոն, դեռ պզտիկ եմ, չորս տարեկան։
-Ո՞ր դասարանն ես։
-Մանկապարտէզին Բ. դասարանը, Կոկոն։
Դադարէն ետք, բոլորը կը հաւաքուին սրահին մէջ, իրենց պճլտուն աչքերը ուղղելով ճերմակ մազերով հիւրերուն։
Ազդանշանի մը վրայ, բոլորը միաբերան հայերէն երգ մը կ՚երգեն համարձակ, լոյս եւ սարսուռ տարածելով սրահին մէջ։
Ահա երկրորդ երգ մը, նոյն պայծառ արտայայտութեամբ։
Կարգը եկած էր արտասանութեանց։
Վարժուհին հարցումներ կ՚ուղղէ եւ բազմաթիւ ձեռքեր կը բարձրանան առաջնութիւնը խլելու համար։
Ճերմակ մազերով հիւրերուն աչքերը թրջած են արդէն եւ հազիւ կրնան քանի մը խօսք արտասանել։
Այս անգամ իրենք են, որ կը դողան յուզումէն եւ խանդաղատանքէն, մինչ կարմիր գոգնոցով մանչուկները եւ աղջնակները կը շարունակեն երգել ու արտասանել նոյն համարձակութեամբ։
Ամման (Յորդանան)
Հայկական դպրոց բարձունքի մը վրայ։ Կարմիր գոգնոցով տղեկ մը սանդուղն ի վեր։ Մեզ տեսնելով կը ժպտի։
-Ո՞ր դասարանն ես, տղաս։
-Տարրական առաջին։ Այս տարի երկրորդ պիտի մտնեմ:
-Կը մտնենք մանկապարտէզի բաժինը, ուր կարմիր գոգնոցը լոյս եւ ժպիտ կը ցանէ անշուք դասարաններու մէջ, մաշած գրասեղաններու վրայ։
Քանի մը հարցումներ։ Եւ ահա երգերն ու արտասանութիւնները թիթեռնիկներու անդաստանի մը կը վերածեն ամբողջ մանկապարտէզը։
Նոյն կուշտ խանդավառութիւնը՝ միւս դասարաններուն մէջ։
Եթէ մենք - արեւմտեան ճակատ - կը փորձենք հայերէն սորվեցնել դգալով կամ ծծակով, այստեղ եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ պաշարը կը բաշխեն շերեփով։
Աղբիւրը կը հոսի անընդհատ։
Եւ արդէն հասած է սերունդ մը առոյգ եւ հայաշունչ։
Ամմանի գաղութն ալ սրտանց փարած է գործին։ Եւ կ՚ուզէ սեփական դպրոց մը կառուցանել, փոխան վարձու շէնքին։
Ամման յետամնաց աւան մը կը համարուէր 1949-ին, սակաւաթիւ բնակչութեամբ։ Այսօր մայրաքաղաքն է նորածին պետութեան 550-600.000 բնակիչներով եւ կը վերաշինուի, կ՚արդիանայ սրընթաց արագութեամբ։ Նոր շէնքեր կը բուսնին բլուրներն ի վեր եւ բլրաշարքը ամփիթատրոնի ձեւ կու տայ քաղաքին։
Երէկ մատի վրայ կը համրուէին հայերը։ Այսօր արդէն կը կազմեն 3-3500 հոգինոց գաղութ մը, բաղդատաբար շէն։
Վարդապետ մըն է տեսուչը դպրոցին, որ կը կոչուի Հեթումեան եւ ունի 250 աշակերտ եւ աշակերտուհի։ Տասներեք ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ կարելին կը փորձեն, սորվեցնելով բոլոր գիտելիքները, ինչպէս եւ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն (կարգ մը դասարաններու մէջ նաեւ՝ գրաբար եւ ֆրանսերէն)։
Կաթողիկէ համայնքն ալ, թէեւ սակաւաթիւ, կը պահէ առանձին դպրոց մը, 135 աշակերտներով եւ աշակերտուհիներով։ Բողոքականները, նոյնպէս փոքրաթիւ, ունին իրենց դպրոցը (97 աշակերտ եւ աշակերտուհի)։
Միշտ բաժան, բաժան…
Ուրեմն համագումար 400 աշակերտ եւ աշակերտուհի, արաբական այս անապատին մէջ, առանց հաշուելու անոնք, որոնք օտար դպրոց կը յաճախեն։
Բաղդատեցէք սերունդի փրկութեան այս ճիգը Արեւմուտքի «Քիչիկ մը հայերէն»ին հետ, որ բթամատով կը սկի եւ ցուցամատով կը վերջանայ…
(«Յառաջ», 26 յունիս 1955)
ՀԱՅ ՄԵԾԵՐԸ՝ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ
Մայրենի լեզուի բառերը մենք կը զգանք, կ՚ապրինք, իսկ օտար լեզուինը՝ կը սորվինք, կը հասկնանք, կը յիշենք…
Սուտ է այն լուսաւորութիւնը, որ պիտի ըլլայ օտար լեզուով։ Այդպիսի դիպուածի պարագային դուք ձեր զաւակները կը հեռացնէք ձեզմէ։ Անոնց զաւակները անունով միայն պիտի ըլլան հայ, իսկ յաջորդ սերունդները աւելորդ պիտի համարեն այդ անունը կրել իւրեանց վրայ։ Ուրեմն՝ խելամիտ եղէք, եւ թող ձեր դպրոցներուն մէջ հնչէ մայրենի լեզուն։
Աւետիք Իսահակեան
Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազատ շրջիլ, հոգին այնքան ազատ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ. փայլակին բեկեալ, այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն, որ լեզուն կարող է պատկերացնել. ո՞ր լեզուն է՝ ոյր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կ՚անցնին գոռալով ու գալարելով, եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր ովկեանին անդնդախոր կը հասնին։
Եղիա Տէմիրճիպաշեան
Յունարէնը մեղմ է, հռոմէական լեզուն՝ հզօր, հոնարէնը՝ ահաբեկող, ասորերէնը՝ աղերսական, պարսկերէնը՝ պերճ, ալաներէնը՝ գեղեցկազարդ, գոթերէնը՝ հեգնական, եգիպտերէնը՝ տափակախօս ու խաւարաձայն, հնդկերէնը՝ ճռուողական, հայերէնը՝ քաղցր, որ միաժամանակ կրնայ միւս բոլոր լեզուներու յատկութիւնները ամփոփել իր մէջ։
Եղիշէ
Լեզուն է ամէն ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենէն մեծ փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենամեծ դրոշմը, պատմութեան եւ հեռաւոր անցեալին կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին եւ հոգեբանութիւնը։
Յովհաննէս Թումանեան
Բաւական չէ ազգասէր եւ հայրենասէր ըլլալը, պէտք է քիչ մըն ալ լեզուասէր ըլլալ. պէտք է սիրել, պաշտել, գգուէլ հարազատ մօր հարազատ լեզուն։ Այս սէրը միայն պիտի բանայ մեր առջեւ մեր լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, անոր նրբութիւնը եւ քաղցրութիւնը։
Ղազարոս Աղայեան
Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին՝ հոն հայրենիքը ողջ է…
Ղեւոնդ Ալիշան
Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր ու թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարի յուռթի շտեմարաններէն յատկապէս օգտուիլ։ Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք եւ մուրացիկ ուրիշի ետեւէն վազենք։
Միսաք Մեծարենց
Դպրոցի ազգութիւնը կախուած չէ աշակերտներու եւ վարժապետներու լոկ հայութենէն։ Լեզուն է, որ միայն կրնայ այդ վերնագիրը դնել դպրոցի ճակատին։ Թող ուրեմն հայ մանուկը նախեւառաջ իբրեւ հայու զաւակ սորվի իր սեփական լեզուն եւ ապա օտարը։
Ազգի հոգին ու սիրտը կրնան իրենց յատկութիւնը եւ որակը մաքուր պահել միայն՝ կերպարանափոխուելով ազգային լեզուի ազդեցութեան տակ։ Այս ճշմարտութիւնը ուրացողը՝ ուրացող է ազգութեան։
Հայ լեզուն է այն սարսափելի ուժը, որուն դէմ տկար են նաեւ միլիոնաւոր բարբարոսներու սուինները։ Լեզուն է ազգերու դրօշակը, լեզուն է անոնց վիճակի ու նկարագրի յայտարարը։
Հայոց լեզո՛ւ, դուն եղար մեր անկողոպտելի գանձը, մեր անընկճելի հայրենիքը։ Մեր ժողովուրդը կորսնցուց թագ ու գահ, զօրք ու իշխանութիւն. աւերուեցան մեր բերդերն ու քաղաքները, բայց դուն մնացիր կանգուն։ Ցնցոտիներ հագաւ ժողովուրդը, բայց դուն ծիրանի հագուստով ծածկեցիր անոր հոգին… Թշնամին ջախջախեց անոր սրունքը, իսկ դուն թեւեր տուիր անոր՝ ժողովուրդին։
Միքայէլ Նալպանտեան
Գրաբարը… ոսկի է։ Ան լեզու չէ միայն՝ այլ երկնային երաժշտութիւն, պերճութիւն, ուժ, ճկունութիւն, նոր միայն կը սկսիմ ատիկա զգալ։ Եւ ինչպիսի ձախորդութիւններու ալ հանդիպիմ, եւ որքան ալ ինծի համար դժուար ըլլայ, ես պատրաստ եմ ամէն ինչի, միայն թէ իրագործեմ երազանքս՝ կատարելապէս ուսումնասիրեմ այդ արքայական լեզուն։
Վահան Տէրեան
Փառք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ եւ Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրահոս: Հայ լեզուն այդ տառերու սանդխտամատերուն վրայ ոտն առ ոտն բարձրացաւ ամէն դարու ճակատին վրայ՝ հոն փորագրելու համար անմահութիւնը մեր ժողովուրդին:
Դանիէլ Վարուժան
…Մեր լեզուն միայն մեզ չի պատկանիր, այլ աշխարհին․ զայն միայն մեր սրբութիւնը չէ, այլ մասունքը հանուր մարդկութեան… Այդ լեզուի խնամքը, անոր անաղարտութիւնն ու պաշտպանութիւնը դրուած է մեր վրայ։
Սիրանոյշ
Մեր մայրենի լեզուն ազգային պարտէզի վարդն է․ առանց անոր մենք չունինք հրապոյր։ Առանց մայրենի լեզուի մենք մեռած ենք։
Պարոյր Սեւակ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան