ՑԱՒԸ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԿԱՐՕՏ

Ցաւ մը կայ, որ բառերով բացատրելը դժուար է։ Այդ ցաւը անուն մը ունի. կարօտ։

Կարօտը միայն բացակայութեան զգացում չէ։ Ան մոռցուած ժպիտ մըն է, որ տակաւին սրտիդ մէջ կ՚ապրի։ Ան զանգակ մըն է, որուն ձայնը չես լսեր, բայց միշտ կը զգաս։ Կարօտը այն պահերն են, որոնք այլեւս չկան, բայց միշտ ուզած ես որ վերադառնան։

Երբ գիշերները լուռ են եւ քամին անցեալի շունչը կը բերէ, կարօտը սրտիդ դուռը կը զարնէ։ Կը բանայ հին էջերը. նամակներ, ձայներ, ծանօթ բոյրեր… Իւրաքանչիւր մանրուք, զոր քեզ կը յիշեցնէ ինծի, վեր կը բերէ այդ ծանօթ ցաւը։ Ու ես կը ժպտիմ այդ ցաւին մէջ, որովհետեւ գիտեմ՝ եթէ կարօտ կայ, ուրեմն իսկապէս սիրած եմ։

Կարօտը սէր է առանց ներկայութեան։ Կարօտը այն սէրն է, որ ժամանակը, տարածութիւնը, լռութիւնը չի կրնար սպաննել։ Ան կը մնայ։ Ան կը սնանի յուշերէն, երազներէն, նոյնիսկ լռութիւններէն։

Մարդը կ՚օրօրուի կարօտին մէջ. ո՛չ վիշտով ամբողջովին, ո՛չ երջանկութեամբ։ Միջանկեալ վայր մըն է ան, ուր անցեալն ու ներկան կը համբուրեն զիրար։ Այնտեղ է, որ կը հասկնաս՝ մարդը ինչպէս կրնայ կարօտնալ մէկը, նոյնիսկ եթէ գիտէ, որ այլեւս զայն տեսնել կարելի չէ։

Երբեմն կը գրեմ՝ առանց ուղարկելու։ Երբեմն կը խօսիմ քու լռութեանդ հետ։ Կը սպասեմ պատասխանի, զոր գիտեմ՝ պիտի չստանամ։ Բայց այս սպասումը այլեւս ցաւ չէ. ան եղած է սրտիս մէկ մասնիկը։ Սորված եմ ապրիլ կարօտով։

Իմ կարօտը քեզմէ մնացած գեղեցիկ ցաւ մըն է։ Ու ես շնորհակալ եմ, որ զգացի այսպէս։ Որքան ալ սիրտս ցաւի, գիտեմ՝ կեանքիս ամենէն իրական զգացումներէն մէկը եղած է։

Հայրս, անցած են օրերը։ Ամէն առաւօտ արթննալով՝ կարծես կը սպասեմ, որ դուն կրկին ներս պիտի մտնես, ժպիտով մը ու քու տաք գրկիդ մէջ զիս պիտի առնես։ Բայց լռութիւն կայ, պապական լռութիւն, որ չի լռեր։

Քու բացակայութիւնդ խոր փոս մըն է սիրտիս մէջ։ Ամէն բան ուրիշ ձեւով կ՚երեւի հիմա։ Քու խօսքերուդ ջերմութիւնը, քու հեգնանքով լեցուն կատակները, քու խրատները՝ ամէն օր աւելի ու աւելի կը մխրճուին իմ յիշողութեան մէջ։ Գիտեմ՝ շատերս կորսնցուցած ենք հարազատ մը, բայց… Հայրս իմ լոյսն էր խաւարի մէջ, իմ ուժս՝ թուլութեան պահուն։

Երբ կեանքը դժուար կը թուէր, դուն հոն էիր՝ առանց բառ մը ըսելու, բայց աչքերուդ մէջ կար վստահութիւն մը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Դուն կրնաս»։ Հիմա այդ աչքերը չեմ տեսներ, բայց կը փորձեմ փակել աչքերս ու քեզ պատկերացնել։ Կը խօսիմ քեզի հետ գիշերները, երբ լռութիւնը վկայ է մեր զրոյցներուն։

Քու սիրոյ ջերմութիւնը անկրկնելի է։ Շատեր կ՚ըսեն՝ ժամանակը դարման է, բայց ինչպէ՞ս կ՚ապաքինես բացը այն մարդոց, որոնք քու արմատներն են։ 

Քեզ կը կարօտնամ ամէն վայրկեան։ Ամէն անգամ, երբ բան մը ձեռք կը բերեմ, կ՚ուզեմ առաջին անգամ քեզի պատմել։ Երբ կ՚իյնամ՝ կ՚ուզեմ, որ ձայնդ լսեմ. «Բաց աչքերդ, աղջիկս, դուն միշտ ուժեղ եղար»։ Ու հիմա կ՚ուզեմ ուժեղ ըլլալ, քեզի համար, որովհետեւ գիտեմ՝ դուն կը նայիս վերեւէն ու կը հսկես։

Կեանքը առանց քեզի կը շարունակուի, բայց ոչ նոյն ձեւով։ Քու տեղդ դատարկ է, բայց քու սէրդ՝ յաւերժ։ Քու յիշատակդ՝ լոյս։ Քու անունդ՝ օրհնութիւն։

Քեզ կը սիրեմ, հայրս։ Քեզի կը կարօտնամ, ամէն օր, ամէն շունչով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025