ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
* ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ - ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ՅՈՐԴՈՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱԺԻՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐԻՆ
Շաբաթ օր Իզմիրլեան Սրբազանի շնորհաւորութեան այցելութիւն տուին Տեղապահ Սրբազանը, Արմաշական եւ Երուսաղիմայ միաբաններ, Մայր Եկեղեցւոյ, Գումգաբուի, Կէտիկփաշայի քահանայից դասերը, եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ, Պատրիարքարանի ամբողջ պաշտօնեաները իրենց գլուխ ունենալով Կարապետ էֆ. Խաչատուրեանը, մի առ մի համբուրեցին Նորին Սրբազնութեան աջը եւ շնորհաւորեցին զայն իր պատրիարքութեան առթիւ: Իզմիրլեան Սրբազան ըսաւ. «Ես ձեզի քանի մը խօսք պիտի ընեմ: Ահաւասիկ ամէնքդ ալ հոս էք գրեթէ. տեսայ, թէ դուք ձեր գործերուն մէջ բաւական յաջող էք եւ ամենայն կանոնաւորութեամբ կը կատարէք ձեզի յանձնուած գործերը, բայց միայն մի՛ գոհանաք ձեզի յանձնուած պաշտօնը կատարելով, այլ ջանացէք օգտակար ըլլալ եւ եղէք ձեր հետեւած ճամբաներուն մէջ անշահախնդիր, գթած եւ բարեսիրտ. ես պարծանօք կը յիշեմ այն անունները, որոնք միշտ ազգին շահը մտածող եղած են, դուք պէտք է միշտ ձեր ուղղութեան մէջ հետեւիք Կարապետ Խաչատուրեան եւ Թէլեան էֆէնտիներու, որոնք յիսուն երկար տարիներ անշահախնդիր ոգւով ծառայած են ազգին: Ձեր կոչումն է ինծի օգնել: Դուք պիտի աշխատիք ինձ հետ ամոքելու ազգին ցաւերը: Ձեր առաջնորդները՝ Լեւոն Քիւրքճեան եւ Գառնիկ Հայկեան էֆէնտիները բաւական գիտակ են իրենց պաշտօնին եւ պատիւ կը բերեն ձեզի, ուստի կար եւ կարողութիւն մաղթելով, գացէք շարունակեցէք ձեր աշխատութիւնը աւելի ոգեւորեալ»: Պաշտօնեաները մի առ մի Նորին Սրբազնութեան աջը կրկին համբուրելով մեկնեցան իրենց դիւանները: Իզմիրլեան Սրբազան հետեւեալ յորդորականը ըսաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ազգային բաժնի խմբագրին, երբ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորելու գնաց:
«Արդի լրագրութիւնը քիչ մը խիզախ է եւ անխոհեմութեամբ կը նետուի այն խնդիրներուն մէջ, որոնք կրնան քննադատութեանց տեղի տալ: Ես կը փափաքիմ, որ լրագրութիւնը յառաջդիմէ, բայց այս մէկ բանով միայն կ՚ըլլայ, պէտք է կուսակցական խըն-դիրներ, սին եւ անօգուտ վիճաբանութիւնները, ուրիշին սխալը իբր գէշ գործ հրապարակաւ պախարակելը, ասոնց ամէնքը պէտք է մէկ կողմ ձգենք: Քննադատութիւնը կը նպաստէ եւ մեծ լոյս կը սփռէ ընթերցողին մտքին մէջ, բայց երբ, ինչպէս ըսի, քինախնդիր վիճաբանութիւններու արձագանգ ըլլայ, ժողովուրդին օգտակար ըլլալէ աւելի վնասակար կը դառնայ:
Լրագրութիւնը ժողովուրդին ուղեցոյցն է, երբ ան սին բաներով զբաղի, լոկ ժամանակի վատնում կ՚ըլլայ: Լրագրութեան կոչումն է գաղափարները մշակել, սորվեցնել ժողովուրդին երկրին ամէն պայմանները, որոնք թերթի մը ապագան կ՚ապահովեն: Նորէն կը յորդորեմ, պէտք է միաձայնութեամբ լուրջ խնդիրներով զբաղինք ամէնքս ալ, եթէ կ՚ուզենք որ թէ՛ ազգը օգտուի եւ թէ լրագրութիւնը»:
Իզմիրլեան Սրբազան գնահատելով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Դուրեանի պաշտօնավարութիւնը, հաստատեց զայն իր պաշտօնին մէջ:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 2):
* ՍՈՒՏ ՀԻՒԱՆԴ
Տքթ. Շէրպէթճեանի Բերայի բնակարանը ներկայացող կեղծ հիւանդ մը, դեղագիր գրելու համար տոքթորին զբաղած ըլլալէն օգտուելով, պատէն կախուած բաճկոնակին մէջէն գողցաւ տոքթորին ոսկի ժամացոյցը եւ փախաւ: Ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ այս սուտ հիւանդը:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 3):
* ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՔԱՆՏԻՏԱՆԵՐ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ-ԴՈՒՐԵԱՆ
ՎԵՐՋԻՆ ՀԵՌԱԳԻՐ - ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԱՅՑ ՄԸ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻՆ - ԱՌՏՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԻՐԿԻԿՈՒՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը ուրբաթ օր կրկնապատկած էր իր աշխատութիւնն ու գործունէութիւնը հայ ազգին համար պատմական կարեւորութիւն ունեցող դէպքի մը՝ Իզմիրլեան Հայրիկի Պատրիարքական ուխտին նկարագրութիւնը մանրամասնաբար հրամցնելու իր ընթերցողներուն: Գիշերուան ժամը 5-ն էր: Խմբագրութեան աշխատութիւնները հասած էին իրենց վերջակէտին եւ ահա երկու օրէ ի վեր ակնդէտ սպասուած հեռագիրը հասաւ Ս. Էջմիածնէն: Մենք անդրանիկ աւետաբերը եղած էինք Իզմիրլեան Սրբազանի պատրիարքական ընտրութեան, ուստի կաթողիկոսական ընտրութեան մէջ ալ նոյն առաջնութիւնը վայելելու տենչով, ուղղակի փութացինք Երուսաղէմատուն, ուր օրուան հանդիսութիւններէն յոգնած եւ ուժասպառ անկողինին մէջ կը ննջէր Սրբազան Պատրիարքը: Դուռի մէկ քանի թեթեւ հարուածներէ արթնցաւ Սրբազանը եւ զարմացումով հարցուց, թէ ի՛նչ բանի համար կ՚արթնցնէին զինքը:
-Կաթողիկոսական ընտրութեան համար, պատասխանեցին:
Սրբազանը վառեց մոմը, բացաւ դուռը եւ իր ննջասենեակը հրաւիրեց մեզ: Վայրկեան մը լուռ ու մունջ սպասելէ ետք.
-Սրբազան Հայր, ըսին, պատմական օր մըն է այսօր ազգին համար: Առատուն երբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ազգային երեսփոխանական ժողովոյ եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, ձեր Պատրիարքական ուխտը կը կատարէիք, ճիշդ նոյն ժամուն ալ Ս. Էջմիածնի Իջման Տաճարին մէջ, աշխարհի ամէն կողմ ցրուած հայերէն հաւաքուած պատգամաւորութիւնը միահամուռ քուէն կու տար ձեզի, իբրեւ կաթողիկոսական առաջին ընտրելին:
Սրբազանը հազիւ լսուելու աստիճան ցած ձայնով մը մրմնջեց:
Իր վերջին աստիճանի տոկուն ու լուրջ բնաւորութիւնը չէր թոյլատրեր իրեն անշուշտ յուզումի արտայայտութիւն մը ընելու: Եւ սակայն բացայայտ էր, որ ներքնապէս կը զգացուէր: Աւելի չերկարելու համար Նորին Սրբազնութեան համբերութիւնը, անմիջապէս ներկայացուցինք Էջմիածնայ մեր թղթակիցին հեռագիրը:
ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ 78 քուէ
ԴՈՒՐԵԱՆ 60 քուէ
ՍՄԲԱՏԵԱՆ 35 քուէ
ԳԱՌՆԱԿԵՐԵԱՆ 35 քուէ
ՕՐՄԱՆԵԱՆ 9 քուէ:
Նոյն պահուն, Եղիշէ Վրդ. Չիլինկիրեան, Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեան, Խաչատուր Վրդ. Ղազարոսեան, որոնք Երուսաղէմատուն կը գիշերէին, ներս մտան Սրբազան Հայրապետին պարզունակ ննջասենեակէն եւ իմանալով հեռագրին բովանդակութիւնը, թէ բոլոր պատգամաւորներուն միաձայն քուէներովը կաթողիկոսական Ա. ընտրելի հռչակուած է Նորին Սրբազնութիւնը, անմիջապէս աջն առին եւ իրենց շնորհաւորութիւնները մատուցին: Անգամ մըն ալ խնդիրը դարձաւ սա հարցին վրայ, թէ այս երկու պաշտօններէն որո՛ւն մէջ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ եւ ո՞րը ընդունելով աւելի մեծ ծառայութիւն մը մատուցած պիտի ըլլայ ազգին: Իզմիրլեան Սրբազան պատասխանեց.
-Շնորհակալ եմ, որ ազգը կը գնահատէ իմ աշխատութիւնս եւ կրկնակ պաշտօններ կը յանձնէ ինձ: Ես փառասիրութիւն չունիմ, հիմա Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան մէջ կը տեսնեմ ծանր աշխատութիւններ, զորս արդիւնաւորապէս ի գլուխ հանելու համար պէտք է ոգի ի բռին մաքառիլ: Տարի մը, երկու տարի բաւական չեն ազգին քայքայուած շէնքը քիչ շատ վերակազմելու համար:
-Հապա Էջմիածինը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Սրբազան, այնտեղի պահանջները նուա՞զ կարեւոր կը նկատէք:
-Ազգը խիստ խոհեմութեամբ վարուած է այս ընտրութեան պարագային մէջ, ստուարագոյն քուէն տալով Դուրեան Սրբազանին, որ իմ աշակերտս է եւ սրտի ազնուութիւնովը, մտքի զարգացումովն ու ամէն կատարելութիւններովը ճշմարտապէս իրաւունք ունի հայրապետութեան գահը բարձրանալու:
-Դուրեան Սրբազանի առաւելութիւններն ու արժանիքները ոչ ոք կ՚ուրանայ, Սրբազան Հայր, մինակ թէ քիչ մը նուազ փափկասրտութիւն պէտք է ատանկ կարեւոր պաշտօն մը ընդունելու համար:
-Այդ դատաստանը սխալ է. Դուրեան Սրբազան բուն իսկ կաթողիկոսութեան մարդն է: Ուղղամտութիւն, արդարասիրութիւն եւ կատարեալ հմտութիւն, ասոնց երեքն ալ կը փայլին իր անձին վրայ, որ հայրապետական աթոռը բազմելով պիտի կրնայ ազգին ամէն պիտոյքները լրացնել թէ՛ իբր սրտի մարդ եւ թէ իբր մտքի մարդ: Էջմիածնայ վանքը ոչ միայն կարող վարիչի մը պէտք ունի, այլ նոյնքան ալ արժանաւոր վարդապետի մը, որ ազգին միակ աթոռը լուսոյ օրրան մը դարձնէ: Դուրեան Սրբազանի ո՞վ կրնայ հաւասարիլ, երբ խնդիրը աշակերտներ հասցնելու վրայ ըլլայ: Իզմիրլեան Սրբազան յայտարարեց նաեւ, թէ առողջական պատճառներով ալ Կովկասի օդը չի պատշաճիր իրեն, եւ թէ Դուրեան Սրբազան արժանաւոր կաթողիկոսցուն է:
Խօսակցութիւնները դարձան կաթողիկոսական վաւերացման շուրջ եւ երբ ուրիշներ կ՚ենթադրէին, թէ այդ գործողութիւնը առնուազն վեց ամիս մը կը տեւէր, Նորին Սրբազնութիւնը յայտարարեց, թէ Ձարին կողմէ կաթողիկոսութեան վաւերացուիլը ամենէն շատը տասնըհինգ օրուան գործ է միայն: Խրիմեան Հայրիկի վաւերացումը անո՛ր համար վեց ամիս տեւեց, որ հայրապետ ընտրուող անձը ըստ օրինի ռուսական հպատակութիւն պիտի ընդունի, եւ այս հպատակութիւն փոխելու հարցը այն շրջանին ծանր դժուարութիւններու բախեցաւ:
Սրբազանը, որ ցորեկուան արարողութիւններէն ու յոգնութիւններէն վերջին աստիճանի յուզուած, պարտասած էր, հիմա բոլորովին քունը փախցուցած, սկսաւ ազգային նիւթերու վրայ համեղ խօսակցութեան մը:
Կրկին յուզուեցաւ սա հարցը, թէ ո՛ւր պիտի բնակի Իզմիրլեան Սրբազան: Նորին Ամենապատուութիւնը լուրջ դէմքով մը «հնաւանդ օրէնքներէն պէտք չէ շեղինք, ըսաւ, պատրիարքը միշտ պէտք է Պատրիարքարանի մօտ գտնուի, որպէսզի ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլայ գործովը զբաղելու: Կրնայ երբեմն մայրաքաղաքիս ո՛րեւէ մէկ թաղը երթալ առժամաբար, բայց բնակութիւնը անհրաժեշտ է, որ Պատրիարքարանի մօտ ըլլայ»:
Ներկաներ հաշիւ ըրինք, որ Էջմիածնայ մէջ գումարուած բոլոր պատգամաւորները տուած էին իրենց քուէները Իզմիրլեան Սրբազանի: Կովկասահայերը հետեւեալ քուէները միայն ունէին.
Վեց թեմերը 12 քուէ
Սինոդականները 8 քուէ
Էջմիածնի միաբանները 7 քուէ
Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի վիճակները 4 - 31 քուէ
Թրքահայ պատգամաւորները 47 - 78 քուէ
Ուրկէ կ՚երեւայ, թէ պատգամաւորները միաձայնութեամբ իրենց քուէները տուած են Իզմիրլեան Սրբազանի:
Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ հրաժեշտ առնելով Նորին Սրբազնութենէն մեկնեցանք:
Այսպէս պատգամաւորները իրականացուցին հայ ազգին իրենց վրայ դրած յոյսը եւ ուրախալի է, որ իրենց քուէները կեդրոնացուցին ազգին ամենէն յարգուած, ամենէն արժանաւոր երկու եկեղեցականներուն վրայ:
Հիմա ըստ օրինի, ընտրութեան տեղեկագիրը կը մատուցուի Ռուսիոյ Ձարին, որ կը վաւերացնէ երկու քանտիտաներէն մէկուն կաթողիկոսութիւնը: Իրաւ է, որ ամէն ընտրութեան առթիւ մեծ դժգոհութիւն կը պատճառէ երկու քանտիտա ներկայացնելու խնդիրը, սակայն այս պարագային մէջ Ձարը ո՛րն ալ որ ընտրէ, ազգը բան մը չպիտի տուժէ, քանի որ Իզմիրլեան ու Դուրեան սրտակից, գաղափարակից ու գործակից են. եւ Իզմիրլեան Հայրիկ իր անձին չափ հաւատք ունի իր ձեռնասունին՝ Դուրեան Սրբազանին վրայ ալ: Այս ընտրութեան ամենէն նշանակալից պարագան այն է, որ ժողովուրդը գոնէ ասանկ վճռական առիթի մը մէջ գիտցաւ ամէն նկատում ոտքի տակ առնել, եւ միմիայն ազգին ու Եկեղեցիին շահը նպատակակէտ ունենալով տալ իր քուէները:
Մաղթենք, որ երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներն ալ արդիւնաւորեն ազգին իրենց վրայ դրած յոյսը, ու ճշմարիտ ոսկեդար մը ընծայեն իրենց պաշտօնավարութիւնը համայն հայ ազգին համար:
ԿԵՑՑԷ՛ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ
ԿԵՑՑԷ՛ ԴՈՒՐԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ
ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅ ԱԶԳԸ
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 17, նոյեմ. 3-16 1908, էջ 4):
* ԿԱՐՕՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏ
Գոնեայի ուսումնասիրաց ընկերութիւնը 10 Օսմ. ոսկի ղրկած է Պատրիարքարան ի նպաստ կարօտելոց:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 18, նոյեմ. 4-17 1908, էջ 2):
* ՀԵՌԱԳԻՐ
Կիւրինէն հետեւեալ հեռագիրը հասած է Պատրիարքարան. «Կարօտելոց վիճակը նամակաւ ծանուցուած է, հարիւրաւոր թշուառներ անմիջական օգնութիւն կը խնդրեն, նպաստ փութացէ ապա թէ ոչ սովամահ պիտի ըլլան»:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 18, նոյեմ. 4-17 1908, էջ 2):
* ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ «ԺԱՄԱՆԱԿ»
Պատերազմական նախարարը հետեւեալ հերքումը հրատարակած է Թուրք թերթերուն մէջ:
«Հայ զինուորներ» վերնագրով ԺԱՄԱՆԱԿ լրագրին մէջ յօդուած մը կար, ուր ըսուած էր, թէ զինուորական բժշկական վարժարանը հայ աշակերտներ չեն ընդունուիր, Սահմանադրութեան հակառակ պատճառանքներ մէջբերուելով: Ասիկա ճշմարտութեան համաձայն չէ: Բացատրենք, թէ ինչո՞ւ այս միջոցին աշակերտ չ՚ընդունուիր նոյն վարժարանը: Յայտնի է, որ սահմանադրական վարչութեան հաստատուելէն ետք, ամէն պաշտօնատան մէջ վերակազմութեան ձեռնարկուեցաւ: Զինուորական բժշկական վարժարանի վերակազմութիւնն ալ կատարուեցաւ եւ որոշուեցաւ ջնջել զինուորական բժշկական վարժարանի նախապատրաստական կարգը, որով երկու տարիի չափ թէ՛ իսլամ եւ թէ ոչ-իսլամ աշակերտ պիտի չընդունուի Զինուորական բժշկական վարժարանը: Այդ ժամանակամիջոցին մէջ աշակերտ չընդունուիլը վերակազմութեան պահանջումն է: Պայմանաժամին աւարտելէն ետք դիմողները, ըլլան իսլամ կամ ոչ-իսլամ, հաւասարապէս պիտի ընդունուին: Հետեւապէս այս կէտը կը ծանուցուի, որպէս զի ամէն մարդ գիտնայ:
«ԻԳՏԱՄ»
Շնորհակալ ենք Պատերազմական նախարարին այս պաշտօնական ծանուցման համար: Յիչուած պատճառները ամէնուն ծանօթ չեն եւ բնական է որ զանազան մեկնութիւններու տեսակ տեսակ անձնական գաղափարներու տեղի տան: Այլեւս այս ծանուցման վրայ կը կարծենք, թէ ո՛չ ոքի ըսելիք չի մնար:
ԺԱՄԱՆԱԿ
Պատերազմական նախարարութեան այս պաշտօնական յայտարարութիւնը հրատարակած են մեր ամբողջ Թուրք պաշտօնակիցները: Ուրախ ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արդարացի մէկ կոչը նկատի առնուած է Պատերազմական Վսեմ. նախարարին կողմէ եւ պատասխան մըն ալ գրուած, անոր ի բացատրութիւն: Վսեմ. նախարարը կ՚ըսէ, թէ Զինուորական բժշկական վարժարաններու նախապատրաստական կարգը խնայութեան համար վերցուած է եւ երկու տարի վերջ պիտի վերաբացուի, ուր հիմա իսլամ եւ ոչ-իսլամ հաւասարապէս պիտի չընդունուին: Մեր յօդուածին հիմը սակայն բժշկական վարժարան չէր. քրիստոնեաներու Զինուորական վարժարանը չընդունուելու հարցն էր, որուն մասին վճռական պատասխանի մը կը սպասենք: Քրիստոնեաները Սահմանադրութեան առաջին օրէն իսկ զինուոր կը նկատեն ինքզինքնին եւ մեծ զրկանք մըն է իրենց համար՝ Զինուորական վարժարան չընդունուելնին, ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցեալ շաբթուան վերջին թիւերէն մէկուն մէջ հրատարակեցինք: Գուլէլիի վարժարանը ընդունուելու համար աղերսագիր մատուցած էր հայ պատանի մը, որուն վրայ օրինական ամէն ձեւակերպութիւններ կատարուած էին եւ վերջին պահուն միայն խնդրարկուին ըսած էին, թէ զինուորներու զաւակները միայն կրնան ընդունուիլ զինուորական վարժարանները: Եւ որովհետեւ հայը զինուորի տղայ չէր, պիտի չկրնար ընդունուիլ: Նոյն իսկ այն պատանիին աղերսագիրը Ն. Բարձրապատուութիւն Պատերազմական նախարարը սրբագրած էր տեղ տեղ եւ օրէնքին պատշաճեցուցած: Աւելի տրամաբանական չէ՞ր ըլլար այն ատեն ըսել տղուն, թէ վարժարան պիտի չընդունուին ոչ-իսլամները: Միւս կողմէ խնդիր մըն ալ կը ծագի, քրիստոնեաները ո՞ր թուականէն սկսեալ զինուոր պիտի տան:
Բնական է, որ Սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք գործադրելի ըլլան անոր ամէն տրամադրութիւններն ալ եւ քրիստոնեաներուն զինուորագրութիւնը սկսի ներկայ թուականէն: Արդ, երբ իբր հասարակ զինուոր ընդունուին քրիստոնեաները եւ սպայութեան ընդունուելու համար վարժարանը գոց ըլլայ իրենց առջին, ինչպէ՞ս ըմբռնուած կ՚ըլլայ հաւասարութիւնը: Միթէ ամէն մարդ պիտի չմտածէ՞, թէ դարձեալ անհաւասարութիւնն է, որ կը տիրէ եւ քրիստոնեաները միայն Նէֆէր ըլլալու եւ հրամայուելու կոչուած են: Ինչպէս մեր «Հայ զինուորներ»ը վերնագրով յօդուածին մէջ ալ բացատրած էինք, մենք եւ մեր թերթը ջերմ նախանձախնդիր ենք մեր Օսմ. հայրենիքին զարգացմանը եւ բարգաւաճմանը: Նոյն զգացումը կը տածեն նաեւ մեր ամբողջ ընթերցողներն ալ: Հետեւաբար այսչափ անկեղծ ու ջերմ վերաբերում մը յուսավրէպ չընելու համար, անհրաժեշտ է որ Պատերազմական նախարարութիւնը ամէն զոհողութեանց յանձնառու ըլլալով բաց թողու զինուորական վարժարաններու դռները հայ աշակերտներու առջեւ:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 18, նոյեմ. 4-17 1908, էջ 2):
* ՀՈՒԳՈՒԳԸ ՈՒՄՈՒՄՒՅԷ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
Հուգուգը Ումումիէ իր երէկուան թիւին մէջ «Զօհրապ էֆէնտին կրնա՞յ երեսփոխան ըլլալ» խորագրով յօդուածի մը մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Անոնք որ գիտեն կարողութիւնը Զօհրապ էֆէնտիի, բնական է, թէ հաստատական պատասխան պիտի տան, որովհետեւ Զօհրապ էֆէնտի իր վրայ կը լրացնէ պահանջուած ամէն պայմանները, բայց երեսփոխանութիւնը այնպիսի խնդիր մըն է, որ մեր ընկերական զգացումներուն, մեր ապագայ գոյութեան հետ առնչութիւն ունի, ուստի կ՚արժէ, որ գիտցածնիս ըսենք ու գրենք եւ ետքը հանրային կարծիքին դիմելով հարցնենք, թէ «Զօհրապ էֆէնտի կրնա՞յ երեսփոխան ըլլալ»: Բռնակալութեան օրով մեր հայ հայրենակիցներու կրած ամէն սոսկալի աղէտներուն պատճառը սոսկ ռուսական նենգամիտ եւ անգութ քաղաքականութիւնը եղած է, ինչ որ գիտեն անխտիր ամէն հայեր: Զօհրապ էֆէնտի ատեն մը ասանկ տէրութեան մը պաշտօնական գրովը ծանուցած էր, թէ նոյն Տէրութեան Դեսպանատան մէջ պաշտօն ունի: Եւ հիմա որ այդ պաշտօնէն հրաժարած ըլլալը հաստատող վաւերական գիր մը չունի, թէեւ զայն երեսփոխան ընտրել ժողովուրդին գիտնալիք մէկ բանն է, բայց կը կարծենք, թէ կառավարութիւնը պիտի վարանի զայն երեսփոխան ճանչնալու: Կը սպասենք, որ անոր քուէ տուող մեր հայրենակիցները ուշադրութենէ չեն վրիպեցներ այս կէտը: Մամուլը ասիկա հրատարակելով իր պարտաւորութիւնը կատարած կը նկատէ. հիմա կը մնայ սա հարցումը միայն կրկնել, թէ «Զօհրապ էֆէնտի կրնա՞յ երեսփոխան ըլլալ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ
Մեր յարգելի պաշտօնակիցը Հուգուգու Ումումիէի վերի տողերուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Երեսփոխանութիւնը արդարեւ, կենսական խնդիր է եւ ընտրելիներու վարքն ու բարքը անհրաժեշտ է, որ ծանօթ ըլլայ քուէարկուներուն: Բայց կ՚երեւայ, թէ մեր յարգելի պաշտօնակիցը Զօհրապ էֆէտիով կ՚ուզէ սկսիլ այս անհրաժեշտ պէտքին: Մինչեւ հիմա տասնեակներով երեսփոխաններ ընտրուեցան գաւառական այս կամ այն անկիւնէն բոլորովին անծանօթներ եւ Հուգուգը Ումումիէ չհաճեցաւ գէթ հարեւանցի ծանօթութիւն մը հաղորդել մեզի անոնց նկատմամբ. նոյն իսկ ըսուեցաւ, թէ նորընտիր երեսփոխաններուն մէջ հին րէժիմէն մնացած մարդիկ ալ մուտ գտան, ատոնց մասին ալ ո՛րեւէ լուսաբանութիւն մը չստացանք մեր պաշտօնակիցէն: Խնդիր չէ սակայն, բաւական է որ ուշ կամ կանուխ հանրօգուտ գործի մը ձեռնարկած է եւ կը յուսանք, թէ Զօրհապ էֆէնտիէ ետք բոլոր երեսփոխաններն ու երեսփոխանցուները պիտի ներկայացուին իրենց ներկայով ու անցեալով:
Գալով Զօհրապ էֆէնտիին երեսփոխանութեանը, ուղղակի այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, մենք ալ կը հարցնենք, թէ պաշտօնի վրայ գտնուող նախարարապետ մը, որ անգլիական դեսպանատունը կ՚ապաստանի, կրնա՞յ քանի մը տարի ետքը նախարարապետ ըլլալ: Կուսակալ մը, որ օտար հիւպատոսարանի մը պաշտպանութիւնը կը հայցէ, կրնա՞յ նախարարապետութեան բարձր պաշտօնը ստանձնել: Մեր սիրելի պաշտօնակիցը կ՚երեւայ, թէ Օսմ. Պատմութեան վերջին շրջանին իրադարձութիւններուն չ՚ուզեր անդրադառնալ: Սայիտ փաշա եւ ազատականներու նախահայրը Միտհաթ փաշա նեղ պարագաներու մէջ, Բռնապետական րէժիմին անիրաւ հարուածներէն խուսափելու համար, օտար դեսպանատուններուն դուռը ափ առին, եւ ասիկա բան մը չպակսեցուց անոնց արժանիքէն: Զօհրապ էֆէնտի ալ իր անմրցելի պերճախօսութեանը, անպարտելի արիասրտութեանը եւ քիչ մըն ալ չափազանց դրամ վաստկելով պերճօրէն եւ շռայլաբար ապրելուն համար, սկսաւ բուռն հալածանքի մը ենթարկուիլ օրուան բռնապետութեան հերոսներէն, որոնց ճիրաններէն մորթը ազատելու համար ստիպուեցաւ ռուսական մուշտակ մը անցընել վրան, եւ այսչափ միայն: Անկէ անդին, Զօհրապ միշտ հոգւով մարմնով օսմանցի մըն եղած էր եւ է ցարդ լեզուով, գրչով եւ սրտով: Հետեւաբար եթէ այս պատճառով է միայն, որ Հուգուգը Ումումիէ կը խղճահարի Զօհրապ էֆէնտին երեսփոխան ընտրել տալու, կրնայ վստահ ըլլալ, թէ Զօհրապ էֆէնտին անձնապաշտպանութեան համար միայն ընդունած է Ռուս դեսպանատան պաշտօնէութիւնը:
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 18, նոյեմ. 4-17 1908, էջ 2-3):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ