ՀՈԳԵՊԷՍ ՀԱՍՈՒՆ ՄԱՐԴԸ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՈՐՁԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿՈՒՐԾՔ ՏԱԼ ՈՒ ԳԼՈՒԽԸ ԲԱՐՁՐ ՊԱՀԵԼ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ՀԱՄԱՐ)
Մարդու հոգին յաճախ կը ճնշուի վիրաւորանքով, ցաւով ու դժբախտութեամբ։ Ամէն անգամ ճիշդ եւ հաւասարակշռուած չենք կրնար ըլլալ մեր արձագանգներուն մէջ, երբ ներքին ծանրութիւնները կը խեղդեն։ Բայց մեր տառապանքներուն խորքէն ծագող պատասխանները շատ յաճախ կը բացայայտեն մեր իսկ էութեան ուժերը, մեր հաւատքը, մեր պատիւը եւ այն, թէ որքան պատրաստ ենք պահելու լոյսը մեր կեանքին մէջ, նոյնիսկ ամենադժուարին պահերուն։
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը (որ հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած) իր էջերուն մէջ յաճախ կու տայ պատասխանը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է չարին դիմաց չար չհատուցել, այլ խարսխուիլ սիրոյն մէջ ու պաշտպանել մեր հոգիներն ու Աստուծմէ տրուած մեր պատուական Ես-ը։ Կը ներկայացնենք մտորումներ սեպտեմբերի համար։
ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ԵՍԸ
Երբ մէկէ մը խորապէս կը վիրաւորուինք, գրեթէ անկարելի կ՚ըլլայ թշնամական մտածումներ, բարկութեան եւ ատելութեան զգացում եւ նոյնիսկ վրէժխդրութեան ցանկութիւն չունենալ: Այս բոլորը շատ յաճախ բնազդօրէն կը ծնին, առանց ներքին բաւարար հաւասարակշռութեան: Նման պարագային, անէծքի փոխարէն օրհնութեան ընտրութիւնը հաւատքի մեծ ուժ կը պահանջէ եւ անկարելի կը թուի։ Բայց, ամէն անգամ որ կ՚անդրանցնինք մեր վիրաւորուած անձնասիրութիւնը եւ կը կոչենք մեր աստուածատուր ինքնութիւնը, շունչ ու կենդանութիւն կու տանք ո՛չ միայն մեզի, այլ նաեւ անոնց, որոնք նախատած են մեզ:
ԲԱՐԻՈՎ ՅԱՂԹԵԼ ՉԱՐԻՆ
Պօղոս առաքեալ հետեւեալը կը գրէ. «Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէ՛ք… Ոեւէ մէկու չարիքին չարիքով մի՛ հատուցանէք… Երբեք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք… Եթէ թշնամիդ քաղցած է, հաց տուր անոր. եթէ ծարաւ է՝ ջուր։ Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ բարիով յաղթէ չարին» (տե՛ս Հռ 12.14-21):
Վերոյիշեալ բառերը հոգեւոր կեանքի հիմքը կը կազմեն: Անոնք կը յստակեցնեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընտրել կեանքը, փոխան մահուան եւ օրհնութիւնը՝ փոխան անէծքին: Բայց այն, ինչ հոս կը պահանջուի մեզմէ, լիովին կը հակասէ մեր մարդկային բնութեան սերմնահատիկին: Մենք Պօղոս առաքեալի խօսքերուն համաձայն կրնանք գործել միայն այն ատեն, երբ գիտակցինք, որ այն, ինչ կը պահանջուի մեզմէ ընել ուրիշին, Աստուած ըրաւ մեզի:
ՄԵՐ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՍՊԱՍԵԼ
Մահուան տեղ կեանքը ընտրելը հսկայ կամեցողութիւն կը պահանջէ, որ յաճախ կը հակասէ մեր ներքին մղումներուն, որոնք հատուցում կը պահանջեն, մինչ մեր կամքը կ՚ուզէ ներում շնորհել: Մեր ներքին մղումները կ՚առաջնորդեն մեզ անմիջապէս հակազդելու:
Ինչպէ՞ս ընել, որ կամքը գերիշխէ ներմղումին վրայ: Բանալի պատասխանը՝ սպասելն է: Ինչ որ ալ պատահի, մենք պէտք է որոշ դադար տանք մեր դէմ ուղղուած թշնամական արարքին եւ մեր ներմղումներուն միջեւ: Պէտք է հեռաւորութիւն պահենք, ժամանակ տրամադրենք մտածելու, խորհրդակցինք բարեկամներու հետ, եւ սպասենք, մինչեւ որ պատրաստ ըլլանք պատասխանելու պատշաճ ձեւով:
Ներմղումով հակազդեցութիւններն ու պատասխանները թոյլ կու տան, որ չարը պարտութեան մատնէ մեզ. բան մը, որուն համար միշտ պիտի զղջանք: Եւ սակայն բարի կամեցողութեամբ տրուած պատասխան մը պիտի օգնէ մեզի, որ «բարիով յաղթենք չարին» (Հռ. 12.21)։
ԲՈՒԺԻՉ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Երբ շատ խիստ եւ բարկացկոտ նամակ կը գրես ընկերոջդ, որ խորապէս վիրաւորած է քեզ, մի՛ ուղարկեր զայն: Թող քանի մը օր մնայ սեղանիդ վրայ եւ կարդա՛ զայն քանի մը անգամ: Յետոյ հարց տուր դուն քեզի. «Արդեօք այս նամակը կեանք պիտի տա՞յ ինծի եւ ընկերոջս: Բուժիչ ուժ եւ օրհնութիւն պիտի ըլլա՞յ»:
Պէտք չունիս անտեսելու իրողութիւնը, թէ խորապէս վիրաւորուած ես: Պէտք չունիս ընկերոջմէդ պահելու, թէ նախատուած կը զգաս դուն քեզ։ Բայց կրնաս այնպիսի ձեւով պատասխանել, որ բժշկութիւնն ու ներողամտութիւնը կարելի դառնայ եւ նոր կեանքի մը դուռը բացուի:
Վերստին գրէ նամակդ, եթէ կը կարծես, որ ան կեանք չի տար եւ աղօթքով մը ղրկէ զայն ընկերոջդ:
ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐԵՆՔ ԲԱՌԵՐԸ
Յարաբերական կեանքի մէջ, մեր օգտագործած բառերը ունին իրենց հետեւանքը: Այսպէս, երբ անձի մը կ՚ըսենք. «Շատ տգեղ, անպէտք եւ անարգ մէկն ես», խորտակած կ՚ըլլանք այդ անձին հետ յարաբերութեան կարելիութիւնները: Աւելին, սխալ օգտագործուած բառերը կրնան նաեւ տարիներ շարունակ իրենց ժխտական հետեւանքները ունենալ:
Արդ, յարաբերական կեանքէ ներս, անհրաժեշտ է իմաստութեամբ ընտրել բառերը: Յատկապէս բարկութեան պահուն աւելի լաւ է լուռ մնալ քան դառն նախադասութիւններ թափել մեր հակառակորդին գլխուն, քանի որ բարկութեան մէջ արտասանուած բառերը, մեծապէս կրնան դժուարացնել յետագայի հաշտութեան կարելիութիւնը:
Ուստի, երբ գիտակցօրէն երբեմն լուռ կը մնանք, կամ ուշադրութեամբ կ՚ընտրենք մեր գործածած բառերը, դիմացինին համար փոխանակ մահ ցանկալու, կեանք ցանկացած կ՚ըլլանք եւ անէծքի փոխարէն՝ օրհնութիւն։
Հաշտութիւնը կրնայ սկիզբ առնել միայն այսպիսի խոհուն վերաբերմունքով։
ՍԻՐՈՅ ԽՕՍՔԵՐ ԽՕՍԻՆՔ
Յաճախ լուռ կը մնանք, երբ պէտք է բան մը ըսենք:
Առանց բառերու գործածութեան, դժուար է սէր արտայայտելը: Երբ մեր ծնողքին, զաւակներուն, սիրելիներուն եւ բարեկամներուն կ՚ըսենք․ «Ես քեզ շատ կը սիրեմ» կամ «Կը մտահոգուիմ քեզմով» կամ «Յաճախ կը մտածեմ քու մասիդ» կամ «Դուն մեծագոյն պարգեւս ես», դիմացինին կեանք պարգեւած կ՚ըլլանք:
Դիւրին չէ միշտ ուրիշին նկատմամբ մեր զգացած սէրը բառերով արտայայտել։ Սակայն, ամէն անգամ որ այդ ընենք, պիտի անդրադառնանք, որ օրհնութեան համազօր բարիք մը գործեցինք ուրիշին, որ երկար պիտի յիշուի:
Երբ զաւակ մը կարենայ իր հօր ըսել․ «Հայր, կը սիրեմ քեզ», եւ երբ մայր մը կարենայ իր դստեր ըսել․ «Աղջիկս, քեզ շատ կը սիրեմ», անոնց միջեւ բոլորովին նոր հոգեվիճակ մը կը ստեղծուի, որ վայելք է նաեւ շրջապատին համար։
Իսկապէս որ բառերը կեանք ստեղծելու զօրութիւնը կը պարունակեն իրենց մէջ:
ԶԻՐԱՐ ՕՐՀՆԵՆՔ
Օրհնել կը նշանակէ իրարու ազնիւ խօսքեր ըսել եւ մենք պարտինք շարունակաբար զիրար օրհնել: Ծնողները հարկ է, որ օրհնեն իրենց զաւակները, զաւակները՝ իրենց ծնողները, այրերը՝ իրենց կիները, կիները՝ իրենց այրերը եւ ընկերները՝ իրենց ընկերները։ Այն ընկերութիւնը, որուն մէջ կ՚ապրինք, լեցուն է տեսակաւոր չարիքներով: Հետեւաբար, ուր որ ոտք դնենք, այդ միջավայրը պէտք է օրհնութեամբ լեցնենք։
Առօրեայի ընթացքին, շատ դիւրաւ կրնանք մոռնալ, որ Աստուծոյ սիրեցեալ զաւակներն ենք եւ թոյլ տալ, որ աշխարհի մտահոգութիւնները մթագնեն մեր սիրտը: Հետեւաբար, յաճախ պէտք ունինք յիշեցումի, որ Աստուծոյ սիրեցեալ զաւակներն ենք եւ մեր կարգին, մենք ալ պէտք է ուրիշներուն յիշեցնենք միեւնոյնը:
Հիմնականը այն է, որ մեր կեանքը պէտք է օրհնութեամբ լեցուի եւ անկասկած, օրհնութիւնը կարելի է փոխանցել բառերով կամ արարքներով, հանդիսաւորապէս եւ կամ անպաշտօն կերպով:
ԱՊՐԻԼ ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
Կ՚ապրինք վերջին ժամանակներուն մէջ: Սակայն, այս չի նշանակեր, որ ստեղծագործութիւնը շուտով պիտի հասնի իր վախճանին: Պարզապէս, վերջին ժամանակներուն մասին Յիսուսի կողմէ մատնանշուած պատերազմներու եւ յեղափոխութեանց, վէճերու եւ պայքարներու, ազգերն ու թագաւորութիւնները խռովող տագնապներու, երկրաշարժներու, համաճարակներու, սովի եւ հալածանքներու նախանշանները արդէն իսկ ներկայ են մեր կեանքէն ներս (տե՛ս Ղկ 21.9-12)։
Յիսուս աշխարհի վախճանին վերաբերող դէպքերու յիշատակութիւնը կ՚ընէ, որպէսզի հռչակէ, թէ (տագնապներով լեցուն) այս աշխարհը մեր վերջնական բնակարանը չէ, այլ Մարդու Որդին պիտի գայ, որպէսզի մեզի բերէ կատարեալ ազատութիւն: Յիսուս կ՚ըսէ. «Երբ այս բաները սկսին պատահիլ, շտկուեցէք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղկ 21.28)։
Մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող սարսափելի անցուդարձերը պէտք է դիմագրաւենք իբրեւ միջոցներ, որոնք մեզ կը պատրաստեն վերջնական ազատագրութեան:
ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆԵՐԸ
Վերջին տագնապալի ժամանակներուն մէջ ապրողներուս համար, մեծագոյն վտանգը, մեր հոգին կորսնցնելու կարելիութիւնն է։ Հոգին կորսնցնել կը նշանակէ խզուիլ կեդրոնէն, կորսնցնել ճշմարիտ կոչումի, առաքելութեան եւ հոգեւոր յանձնառութեան գիտակցութիւնը։ Հոգին կորսնցնել կը նշանակէ այնքան տարուիլ շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերով, որ ի վերջոյ կրնանք հոգեպէս ջլատուիլ, շփոթիլ եւ դառնալ անհաստատ: Յիսուսի համար ծանօթ էր այս վտանգը: Ան կ՚ըսէ. «Զգոյշ եղէք. չխաբուի՛ք: Շատեր իմ անունովս պիտի գան եւ ըսեն. «Ես եմ Քրիստոսը», կամ՝ «Ժամանակը հասած է»: Բայց մի՛ հետեւիք անոնց» (Ղկ 21.8):
Դժուարին եւ տագնապալի ժամանակներու ընթացքին, ամէն տեսակ «փրկութեան» խոստումներ տալու պատրաստակամութեամբ, բազմաթիւ կեղծ մարգարէներ կը յայտնուին մեր շուրջ: Անհրաժեշտ է, որ մենք հաւատարմօրէն պահենք Յիսուսի աշակերտը ըլլալու գիտակցութիւնը եւ անտարբեր չգտնուինք մեր ներքին հոգեւոր անձերուն նկատմամբ:
ՄՆԱՆՔ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ
Բնականօրէն, ընկերային ու քաղաքական տագնապներով եւ մարդկային անասելի տառապանքներով լեցուն աշխարհէ մը ներս, հաւատացեալները յաճախ պիտի ծաղրուին, իրենց ոչ գործնական համարուող հաւատքին համար: Շատեր պիտի ըսեն. «Եթէ կը հաւատաս, որ սիրող Աստուած մը կայ, թող որ այդ Աստուածդ այս խառնիճաղանճը սրբագրէ»։ Ոմանք պարզապէս պիտի յայտարարեն, որ կեանքէն ներս կրօնքը տեղ չունի. մինչ ուրիշներ, կրօնքը խոչընդոտ պիտի համարեն նոր եւ աւելի լաւ կեանք մը ստեղծելու գործընթացին մէջ:
Յիսուս յաճախ իր հետեւորդներուն կ՚ըսէ, թէ անոնք ալ իրեն նման պիտի հալածուին, ձերբակալուին, տանջուին եւ սպաննուին: Բայց ան նաեւ կը յորդորէ մեզի, որ չմտահոգուինք, այլ միշտ վստահինք իրեն։ «Այժմէն իսկ ձեր միտքերուն մէջ ըլլայ, որ սկիզբէն չմտածէք թէ ինչ պատասխան պիտի տաք, որովհետեւ ես ձեզի պէտք եղած խօսքը եւ իմաստութիւնը պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան հակառակիլ կամ պատասխան տալ ձեր բոլոր հակառակորդները» (Ղկ 21.14-15):
Արդ, մարդոց ցուցաբերած թերահաւատութիւնն անամօթ վարմունքը թող չվախցնեն մեզ. այլ վստահինք, որ պատնէշի վրայ մնալու համար, Աստուած մեզի պիտի տայ բաւարար զօրութիւն։
ԽԱՐՍԽՈՒԱԾ ՄՆԱՆՔ ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ
Երբ նեղութեան մէջ ենք, մեր ապրած հոգեկան տագնապը կրնայ մեզ դիւրագրգիռ դարձնել: Այսպէս, յարձակումի ենթարկուելու պարագային, շփոթի կը մատնուինք եւ ըսելիք չենք գտներ, հարցաքննուելու պարագային, դժուար կը պատասխանենք, եւ ամբաստանուելու պարագային, անհրաժեշտ պաշպանողականը չենք կրնար կատարել: Իրօք, մեր ապրած ներքին տագնապին հետեւանքով, կը կորսնցնենք ինքնավստահութիւնը եւ մեր մէջ կը տկարանայ խղճմտանքը:
Յիսուս մեզի կը թելադրէ երբեք չմտահոգուիլ, այլ վստահ ըլլալ, որ ինք մեզի պիտի տայ անհրաժեշտ բառերն ու իմաստութիւնը։ Արդ, այնքան ալ կարեւոր չէ սկիզբէն խօսելիքնիս պատրաստելը: Հիմնականը այն է, որ մենք խարսխուած մնանք Քրիստոսի սիրոյն մէջ եւ այդ սիրով ամրացած, կեանքէն ներս ապահով զգանք ինքզինքնիս ու անով ըմբռնենք աշխարհէն ներս մեր գոյութեան իմաստը:
Երբ խօսելու ժամանակը գայ, մենք միշտ ալ մեր ըսելիքը պիտի գիտնանք, պայմանաւ որ մեր սիրտը միացած ըլլայ Յիսուսի սիրտին:
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱՆՔ
Շատեր կ՚ապրին անգիտակից կերպով եւ կամ, պարզապէս կ՚ակնկալեն, որ ի վերջոյ կեանքը պիտի բարելաւուի, վերջ պիտի գտնեն պատերազմները, պիտի վերանան անօթութիւնը, աղքատութիւնը, կեղեքումը, զրկանքը, չարաշահութիւնը, եւ մարդիկ դարձեալ ներդաշնակութեամբ պիտի գոյակցին իրարու հետ: Այսպէս մտածողներուն կեանքն ու գործերը, ակնկալութիւններով կ՚առաջնորդուին: Սակայն, երբ իրենց ապրած ժամանակամիջոցին, աշխարհէն ներս չեն իրագործուիր այդ ակնկալութիւնները, մարդիկ յաճախ կը հիասթափուին եւ ինքզինքնին ձախողած կը համարեն:
Կեանքի մասին Յիսուս երբեք այդպիսի լաւատեսութեան պատկերացում չի պարզեր: Ան ոչ միայն կը նախատեսէ իրեն համար սիրելի համարուող Երուսաղէմ քաղաքին կործանումը, այլեւ կակնարկէ անգթութեամբ, վայրագութեամբ եւ հակասութիւններով լեցուն աշխարհի մը: Յիսուսի հասկացողութեամբ, այս աշխարհին մէջ չկայ կատարեալ երջանկութիւն եւ ան մեզմէ չի պահանջեր, որ կեանքի վախճանէն առաջ աշխարհէն ներս գոյութիւն ունեցող բոլոր տագնապները լուծենք: Պարզապէս, ան մեզի կ՚առաջարկէ ի գին ամէն զոհողութեան, հաւատարիմ ըլլալ։
ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէ՞ս չկորսնցնենք մեր հոգիները, երբ մեր շուրջ, ամէն ինչ եւ ամէն մարդ տարբեր ծայրայեղութիւններու կը տանին մեզ։ Կեանքէն ներս ինչպէ՞ս կրնանք հաւասարակշռութիւն պահել, երբ շարունակաբար յուսալքումի կ՚ենթարկուինք:
Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձեր գլուխէն մազ մ՚իսկ պիտի չկորսուի: Եւ ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները» (ՂԿ 21.18-19): Մենք, աշխարհէն եկող տագնապներուն կրնանք դիմադրել այն ատեն միայն, երբ կը գիտակցինք, որ Աստուած մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնայ մեր անձերը: Մենք կրնանք հաւասարակշռութեան մէջ պահել ինքզինքնիս՝ երբ հաւատանք, որ Աստուած կը պահէ ու կը պաշտպանէ մեզ: Մենք կրնանք մեր կեանքը շահիլ, երբ հաւատարմօրէն կառչած կը մնանք այն ճշմարտութեան, թէ մեր Տիրոջ հովանիին տակ, մեր ամենաչնչին մասնիկն իսկ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր մազի թելը, լիովին ապահով է։ Այլ խօսքով, երբ հոգեւոր կեանք կ՚ապրինք, ոչինչ պէտք է մեզի վախ պատճառէ:
ՀԱՍՏԱՏ ՄՆԱՆՔ ԽԱՉԻՆ ԴԻՄԱՑ
Հոգեպէս հասուն մարդը միայն կրնայ աշխարհի փորձանքներուն կուրծք տալ ու գլուխը բարձր պահել: Կեանքի երեւոյթներէն ստացուած փաստերը, կրնան աշխարհի վերջնական ու ամբողջական քայքայումի սարսափով լեցնել մեզ։ Սակայն, կարելի է դիմադրել այս փորձութեան եւ ինքնավստահութեամբ ապրիլ աշխարհէն ներս, որովհետեւ, «նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան», Յիսուսի խօսքերը պիտի չանհետանան (Ղկ 21.33)։
Յիսուսի մօր՝ Մարիամի նմանինք: Ան, հակառակ իր սիրեցեալ Որդւոյն մահուան, Աստուծոյ ապաւինած, խաչին դիմաց հաստատ կեցաւ:
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Է
Երբ Աստուած Յիսուս Քրիստոսով մարմնացաւ, արարիչն ու արարածը, յաւիտենականն ու ժամանակաւորը, աստուածայինն ու մարդկայինը՝ միաւորուեցան: Այս միութեան նպատակն էր, որ այսուհետեւ այն, ինչ որ մահկանացու է, դէպի անմահը ուղղուի եւ ամէն բան, որ սահմանաւոր է՝ անսահմանին դիմէ։ Յիսուսի մէջ եւ Յիսուսով, ամբողջ ստեղծագործութիւնը շքեղ քօղի մը փոխակերպուած, Աստուծոյ երեսը կը պարզէ մեզի:
Ասիկա կը կոչուի ստեղծագործութեան խորհուրդ, ուր ամէն բան սուրբ է, որովհետեւ ստեղծագործութեան մէջ ամէն ինչ Աստուծոյ փրկարար սիրոյն մասին կը պատգամէ։ Ծովերն ու հովերը, լեռներն ու ծառերը, արեւը, լուսինն ու աստղերը, բոլոր անասուններն ու մարդիկ, մեզի կը փոխանցեն Աստուծոյ փառքին նշոյլները։
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
Աշխարհէն ներս ինչպէ՞ս կ՚ապրինք։ Արդեօք իրերով լեցուն այս վայրը մենք կ՚օգտագործենք գոհացում տալու համար սեփական կարիքներո՞ւ եւ կամ՝ հետապնդելու համար անձնական նպատակներ: Կամ, արդեօք առաջին հերթին, ստեղծագործութիւնը կը տեսնենք որպէս նուիրական իրականութիւն եւ սուրբ միջավա՞յր, ուր մեզի կը յայտնուի աստուածութեան անսահման գեղեցկութիւնը:
Այնքան ատեն, որ կը շահագործենք ստեղծագործութիւնը, չենք կրնար ճանչնալ անոր նուիրականութիւնը. որովհետեւ, անոր կը նայինք որպէս անձնական սեփականութիւն։ Սակայն, երբ մեր շուրջ գտնուող ամէն բանի հետ կը վարուինք որպէս մեզի ալ կեանք պարգեւած Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած իրականութիւններ եւ որպէս միջավայր մը, ուր Աստուած մեզի կը յայտնուի եւ կը հրաւիրէ մեզ երկրպագութեան եւ պաշտամունքի, այն ատեն միայն կարող կ՚ըլլանք ճանչնալու Աստուծոյ ստեղծագործութեան նուիրականութիւնն ու սրբութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան