ՅԻՍՈՒՍ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Շատերու համար գուցէ տարօրինակ թուի, սակայն, Յիսուս Քրիստոս Խաչի վրայ չմահացաւ. ուշաթափութիւն մը ունեցաւ եւ մարդիկ զինք մեռած կարծելով դրին գերեզման, ուրկէ դուրս գալով որոշեց, որ ժամանակն է Հնդկաստան երթալու եւ գնաց։ Այսպէս կը հաւատան աղանդաւորական շարժումի մը հետեւորդները. աղանդաւորներ իրենց այս պնդումը աւելի ամրապնդելու եւ համոզիչ դարձնելու համար կը փորձեն նոյնինքն Աւետարանի խօսքերով փաստել. Մատթէոսի 12:40-ին մէջ կը կարդանք. «Ինչպէս Յովնան երեք օր, ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ». Յովհան կէտ ձուկի փորին մէջ կենդանի մնաց եւ եթէ Մարդու Որդին խաչին վրայ կը նմանի Յովնանին՝ ապա Ան եւս հոգին չաւանդեց։ Անշուշտ, աղանդաւորները ինչպէս միշտ, իրենց նախընտրած խօսքը առնելով առաջ կ՚երթան՝ մոռնալով, որ Ղուկաս աւետարանիչ կը գրէ. «Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ.- «Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս.- այս խօսքը ըսաւ եւ հոգին աւանդեց» (Ղուկաս 23:46): 

Եթէ հարցնելու ըլլաք, թէ Յիսուս Հնդկաստանի մէջ ի՛նչ գործ ունէր, բացատրենք. Բաբելոնի ժամանակ՝ Յիսուս Քրիստոսէ 721 տարիներ առաջ (թուականը ըստ աղանդաւորներուն) Իսրայէլէն տասը ցեղեր Սալմանասար թագաւորի կողմէ քշուելով տարուած էին Հնդկաստան եւ Յիսուսի առաքելութիւնն էր երթալ եւ Իսրայէլի հօտը գտնել։ Անշուշտ, աղանդաւորներ կը փորձեն ամէն բան «փաստ»երով հիմնաւորել։ Ֆրանսացի ճանապարհորդող տքթ. Ֆրանսուա Պեռնիէ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ իբր կը յիշատակէ, թէ քաշմիրցիները հիմնականին մէջ հրեաներ են: Աւելին, անոնք կը հաւատան, որ Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը՝ որ նկարագրուած է Նոր կտակարանին մէջ, յայտնաբերուած է Հնդկաստանի մէջ: Աղանդաւորներու համաձայն՝ Յիսուս մինչեւ Հնդկաստան ճանապարհորդած ժամանակ իր հագին ունէր անթեւ շապիկ մը. ճամբու ընթացքին միայն կանաչեղէն կ՚ուտէր եւ երբեք մսեղէն չէր ուտեր. առատ ջուր կը խմէր եւ պատահած տեղ կը քնանար: Աւելին, ճանապարհորդած ժամանակ հաւատացեալներ Յիսուսի համար ձի գնեցին եւ Յիսուս Քրիստոս մէկ օր ճանապարհորդեց ձիով, սակայն, ձիուն կերը չկրցաւ ապահովել, այդ իսկ պատճառով հրաժարեցաւ ձիով ճամբան շարունակելէ (մէկ հացով հինգ հազար կերակրողը ձի մը չկրցաւ կերակրել փաստօրէն...): Այսպիսով Յիսուս Քրիստոս անցած էր Աֆղանիստանէն, Նուսայպինէն եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներ այցելելէ ետք վերջնական բնակութիւն հաստատած էր Քաշմիրի մէջ։ Անշուշտ, կայ համոզում, որ որոշ ժամանակ Յիսուս մնացած է Աֆղանիստանի մէջ, ուր պսակուած է եւ շատ հաւանական է, որ Իսա Խել ցեղը սերած ըլլայ Յիսուս Քրիստոսէ: Ի դէպ, աղանդաւորներու «Հնդիկ» Քրիստոսը ո՛չ թէ 33, այլ 125 տարեկան հասակին մահացած է: 

Անշուշտ, այս բոլորը աղանդաւորները կ՚ուզեն փաստել. այդ իսկ պատճառով առաջ կը բերեն, որ Հնդկաստանի մէջ գտնուած է հազարամեակներու հնութիւնդ ունեցող մետաղադրամ մը, որուն մէկ կողմը հնդկերէն գրութիւններ, իսկ միւս կողմը Յիսուս Քրիստոսի պատկերը կը կրէ, ինչ որ իրենց համոզումով՝ այդ ժամանակաշրջանին որպէս յարգանքի նշան եղած իրողութիւն մըն է: Յիսուս Քրիստոս ապրելով Հնդկաստանի մէջ փնտռած է Իսրայէլի կորած ցեղը: Բացի Իսրայէլի ժողովուրդէն, Յիսուս Հնդկաստանի մէջ փորձած է դարձի բերել նաեւ պուտտայականները եւ մինչեւ իսկ ոմանք զինք նկատած են Պուտտա եւ պաշտած զինք։ Յիսուս Քրիստոս Հնդկաստանի մէջ Յիսուս անունը չէ՛ գործածած. որպէս անուն ընտրած է «Լոյս»ը: Անոնք կը հաւատան, որ պուտտայական կրօնի շատ մը ուսուցումներ կը պատկանին Քրիստոսի, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին Յիսուս Քրիստոս անոնց վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է։ Այդ իսկ պատճառով անոնք կը պնդեն, թէ քրիստոնէական եւ պուտտայական ծիսակատարութիւններու մէջ կան նմանութիւններ, նոյնիսկ պատմութիւններ ու առակներ, որոնք ամբողջութեամբ նոյնն են՝ պարզապէս անուններն ու վայրերը տարբեր են: Անոնք կը հաւատան, որ պուտտայական կրօնի մէջ բազմիցս յիշուած է Յիսուս Քրիստոսը, սակայն տարբեր անուններով. ինչպէս օրինակ՝ Րուլլահ, Րահուլաթ եւ այլն: 

Այս բոլորը պարզապէս բաժին մըն է այն հազարաւոր եւ միլիոնաւոր կեղծ տեղեկութիւններէն, որոնք կարելի է գտնել Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Ի դէպ, այս բոլորը պարզապէս ըսուելու սիրոյն ըսուած տեղեկութիւններ չեն. անձեր նստած եւ բազմահազար էջեր յատկացուցած եւ իբրեւ թէ փաստերու վրայ հիմնուելով ուսումնասիրած են նման նիւթեր։ Անոնք զառանցողնե՞ր են՝ չենք գիտեր, սակայն անոնց աշխատութիւնները նայելով տեսանելի է, թէ բազմաթի՜ւ աղբիւրներ ուսումնասիրած ու անոնց մէջէն դուրս բերած են իրենց ըսածը որոշ չափով արդարացի դարձնող տողերը։ Զարմանալին այն է, որ անոնք հաւատացած են իրենց երեւակայածին սուտերուն եւ աւելին՝ յաջողած են իրենց սուտը հաւատալի դարձնել շատ շատերու համար: Հրատարակած են գիրքեր եւ ունեցած ընթերցողներ: Վերոյիշեալ բոլոր տեղեկութիւնները քաղուած են Միրզա Ղուլամ Ահմատի գրած «Յիսուս Հնդկաստանի մէջ» (Jesus In India) աշխատութենէն, որ գրուած է 1899 թուականին եւ հրատարակուած՝ 1902-1903 թուականներուն եւ այլ լեզուներու թարգմանուած 1944 թուականին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Յիսուս Քրիստոսի մասին տարածուած ի՞նչ սուտ համոզում կայ:

Պատասխան. Յիսուս Քրիստոսի մասին տարածուած կան շարք մը սուտ համոզումներ, որոնցմէ ամենէն տարածուածը այն է, որ ան պարզապէս Աստուածաշնչական պատմութիւն մըն է՝ առանց մշակութային կամ պատմական ճշմարտութեան: Ասորական, հնդկական եւ այլ մշակոյթներու առասպելներ կը վկայեն, որ Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու ուսուցումները շատ աւելի բազմազան էին, քան հոգեւորը։ Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ ո՛չ միայն հոգեւոր, այլ կան նաեւ հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային երեւոյթներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026