ՊԱՌԱԿՏՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԱՆՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պառակտումը՝ միաբանութեան եւ միութեան քայքայման շարժառիթն է։ Արդարեւ, Յիսուս կը ստուգէ այս ճշմարտութիւնը. «Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան-բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ». (ՄԱՐԿ. Գ 24)։ Նո՛յնն է պարագան ընտանիքին համար. «Նոյնպէս ալ, եթէ ընտանիք մը ինքն իր մէջ բաժնուած ըլլայ, այդ ընտանիքը չի՛ կրնար կանգուն մնալ». (ՄԱՐԿ. Գ 25)։

Ուստի, անմիաբանութեան վախճանաբանութիւնը կը ներկայացնէ եւ կը հաստատէ Յիսուս այս խօսքերով։

Ընտանիքի մը անկայունութիւնը կը ստեղծէ ամբողջ ընկերութեան անկայունութիւնը, քանի որ ընկերութեան կորիզը ընտանի՛քն է։

Ընտանիքի կազմութիւնը կը նմանի իրարու ագուցուած չորս պատերով շէնքի մը։ Եթէ պատերը անկիւնասիւներով իրարու չմիանան՝ մէկ կամ միւս կողմը բաց կը մնայ եւ անպատեհութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Եւ այս սիւները՝ հաւատարմութիւն, հանդուրժողութիւն, ուրախութիւն եւ զոհողութիւն, որոնք կը միանան, կ՚ամրացուին սիրով։ Ուստի, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է ունենայ այս գիտակցութիւնը եւ զգայ իր պատասխանատուութիւնը ընկերութեան հանդէպ։

Եթէ ընտանիքին անդամներէն մին կամ միւսը թերանայ, անտարբեր գտնուի՝ «շէնք»ին այդ սիւնը աւազի վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ եւ կը վնասուի ընտանիքը ե՛ւ ընկերութիւնը։

Եւ այս իմաստով, ահաւասիկ, ոեւէ հաւատացեալի «հոգեկան շէնք»ին հիմը պէ՛տք է ըլլայ Քրիստոս, եւ աւելին՝ Ան պէտք է հաստատուի ընտանիքին կեդրոնը, որպէսզի հաստատախարիսխ մնայ այդ կառոյցը։

Այսօր աշխարհի ընտանեկան ընդհանուր վիճակը յարափոփոխ ընթացքի մը մէջ կը գտնուի։ Ընտանիքներ ամուսնալուծման վտանգին մէջ յաճախ կը կազմալուծուին եւ քայքայումի կ՚ենթարկուին։ Այսօր մարդիկ կ՚ամուսնանան ո՛չ թէ ցվերջ հաստատամիտ ըլլալու նպատակով, այլ ամուսնալուծման հաւանականութիւնը որպէս տարբերակ ընդունելով։ Չափազանցած պիտի չըլլանք երբ ըսենք, թէ մարդիկ կ՚ամուսնանան կարծես ամուսնալուծուելու համար։

Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ միջին հաշուով ամուսնացեալ չորս զոյգէն մին բաժանումով եւ պառակտումով կը վերջանան եւ կը փճացնեն իրենց ընտանեկան միութիւնը։ Եւ պառակտուած եւ քանդուած, քայքայուած ընտանիքներ կ՚ոտնակոխեն բոլոր սրբութիւնները եւ կը սրբապղծեն բարոյականութիւնը։

Ի՜նչ ցաւալի է զգացումները երիտասարդի մը, երբ հայր կամ մայր չի ճանչնար եւ երբեմն ալ հօր կամ մօր ո՛վ ըլլալը չի գիտեր։ Ժառանգական եւ ծինային բարոյական նկարագիր չ՚ունենար, եւ կացութեան նաեւ միջավայրին ազդեցութեան կ՚ենթարկուի այդ երիտասարդը։ Եւ այդպիսի պարագաներուն է, որ աւելի եւս կը զգացուի ընտանիքին արժէքը։ Խորատխուր է քայքայուած ընտանիքին վիճակը։

Մասնագէտ ընկերաբաններու ուշադրութեան կը յանձնենք սա հարցումը, թէ՝ ինչո՞ւ կը խաթարուին ընտանիքներ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամէն խաթարում արդիւնք է օրէնքի անհնազանդութեա՛ն։ Մարդ երբ չյարգէ բնական օրէնքները՝ կը հիւանդանա՛յ։ Ընդհանուր առումով «անհնազանդութիւն»ը ամէն վատ կացութեան նախապատճա՛ռն է։ Սիրոյ պատուիրանին անհնազանդութիւնը ամէն անհնազանդութեան մա՛յրն է. ատելութիւն, եսասիրութիւն, մոլութիւններ, պարտազանցութիւններ, անբարոյականութիւն, եւ ընդհանրապէս անհաւատարմութիւն ընտանեկան միութեան մէջ սէր եւ խաղաղութիւն չեն թողուր։ Եւ հոն՝ ուր սէր եւ խաղաղութիւն կը պակսին, քայքայումը անխուսափելի՛ է հոն։

Սէրը «աղբիւր» մըն է. անիկա պէտք է հոսի մարդուն սրտէն։ Եւ անգամ մը որ ցամքի այդ աղբիւրը՝ անապատի կը վերածէ իր այնքան զարդարուն եւ շքեղ շէնքը։

Սիրե՛նք՝ փոխանակ ատելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 30, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2025