«ՊԱՊԱՅԻԴ ԲԱՐԵՒ ԸՐԷ՛»
Կոմիտասը եկեղեցական, երաժիշտ ու հանճար ըլլալէ առաջ մա՛րդ էր. մեզի միշտ ներկայացուցած են Կոմիտասի դժբախտ կողմը՝ աքսորը, «խելագարութիւն»ը, սակայն չե՛ն ըսած մեզի, թէ ո՞վ էր Կոմիտաս մարդը՝ իր ընկերային բոլոր յատկութիւններով: Կը հաւատանք, որ գոյութիւն ունի Կոմիտաս մը, զոր ծանօթ չէ մեզի:
Անշուշտ, այս բոլոր տեղեկութիւնները ենթադրութիւններ չեն. հաւաքուած են իր ժամանակակիցներու յուշագրութիւններէն եւ զանազան աղբիւրներէ։ Արդ, սկսինք սերտել Կոմիտասը. Կոմիտաս Վարդապետի մտերիմներէն Գարեգին Լեւոնեան կը գրէ. «Միջահասակ, նիհար, ջղուտ եւ զգայուն, դէմքը դեղնաւուն, աչքերը արտայայտիչ եւ վառվռուն, գլուխը ճաղատ, մօրուքը ո՛չ «վարդապետավայել», այլ ծնօտի տակ միայն թողած, արագաքայլ եւ անհամբեր, միշտ շտապող, միշտ աշխատասէր, կեանքէն գոհ եւ լաւատես»: Այս բոլորը, անշուշտ, Կոմիտասի երիտասարդութեան նկարագրութիւնն է, ուր վարդապետը տակաւին երիտասարդ ու լաւատես էր. այս բոլորը կարեւոր են, ճանչնալու համար մեծ վարդապետին խառնուածքը:
Բարեկամը կը շարունակէ. «Գարուն թէ ձմեռ, կը քնանար բաց պատուհանով եւ կը պառկէր ուղղակի յատակի վրայ՝ առանց ներքնակի եւ բարձի: Նօթագրութեան մէջ մաքրասէր էր. կը գրէր գեղեցիկ. այնպէս որ ուղղակի կարելի էր քլիշէ պատրաստել իր ձեռագիրով»:
Երիտասարդ Կոմիտասը լաւատես եւ կենսուրախ. շաբաթական դրութեամբ դասընկերներուն հետ կը հաւաքուէին մէկու մը տունը եւ ընկերական լաւ երեկոներ կը կազմակերպէին. Կոմիտաս ուրախութեամբ կը մասնակցէր այդ երեկոներուն: Թուաբանութեան վարպետ Կարապետ Տէրեանին կ՚ըսէր. «Է՜յ զուռնաճի, եկուր նարտի խաղա՛նք» եւ ժամերով Կարապետ Տէրեանի դէմ նարտի կը խաղար. դասընկերները կ՚ըսեն, որ ամէ՛ն անգամ երբ Կոմիտաս Վարդապետ նարտիի խաղին կը յաղթէր «Գնա՛ պապայիդ բարեւ ըրէ», կ՚ըսէր խաղակիցին, իսկ երբ պարտուողը ինք ըլլար, խաղը կէս ձգելով կ՚երթար մանուկներուն հետ խաղալու եւ վազելու:
Կոմիտասի որոշ նամակներէն ի յայտ կու գայ այն թաքնուած մանուկը՝ որ Կոմիտաս Վարդապետ ունի իր մէջ. օրինակ՝ ամբողջական նամակ մը օր. Մարգարիտին Կոմիտաս Վարդապետ կը գրէ հետեւեալ ոճով. «Սիրելի օլիոլդ Մալգալիդ, Նախ եւ ալաջ կը հալցնեմ ձել թանկագին ալողջութիւնը. մեզ ոլ հալցնէք, փալք եւ գոհութիւն Աստուծոյ, ալողջ ենք: Սատ ու սատ եւ յատուկ բալեւնելս մայլիկին, հայլիկին...»: Անշուշտ, Կոմիտաս միայն մէկ նամակ չէ գրած այս ոճով։ Այս բոլորը հարազատ արտայայտութիւնն են Կոմիտասի ինքնութեան. հալածուող Հայր Կոմիտասը իր մէջ ունէր մանկութիւն, իր մէջ ունէր խաղաղութիւն ու սէր եւ կ՚ուզէր այդ խաղաղութեամբ ապրէր կեանքը, սակայն, ճշմարտութիւնը անողոք էր. իր այս նամակը Կոմիտաս կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով. «բոլ է սատ բաց բելանութիւնը լաւ ցէ. Ասխատելուց լաւ բան ցկայ»:
Իր ժամանակակիցները կը նշեն, որ Կոմիտասի «եկեղեցական» ըլլալը գրեթէ տեսած չեն. օրինակ՝ շատ քիչ մարդ տեսած է Կոմիտաս Վարդապետը պատարագի զգեստով. նոյնիսկ եթէ անոր բոլոր լուսանկարները փորձէք պրպտել՝ պատարագիչի վիճակով նկար չունի մեծ վարդապետը։ Կոմիտաս Վարդապետ եկեղեցական արարողութիւններու կը մասնակցէր միայն այն ժամանակ, երբ երգչախումբը պիտի երգէր, այլապէս միւս ժամերուն զբաղ կ՚ըլլար իր երաժշտական գործունէութեամբ։ Ժամանակակիցները կը նշեն, որ նոյնիսկ վանքի սահմաններէն դուրս եկեղեցական վերարկու չէր հագուեր. սակայն, երբ համերգ ներկայացնէր եւ երգչախումբը ղեկավարէր, հանդէս կու գար վերարկուով ու վեղարով՝ որպէս Հայր Կոմիտաս:
Անշուշտ, կեանքով լեցուն այս վարդապետի կեանքը այնքան ալ լաւատես չեղաւ՝ ինչպէս ինք կը պատկերացնէր. հալածելու կողքին մերժեցին զինք. այս իրողութիւնը գրեթէ լսուած չէ, սակայն, մեծ վարդապետի կեանքի դժբախտութեանց մաս կը կազմէ. երբ Կոմիտաս վարդապետ նոր կը հիւանդանայ, Փարիզէն մարդիկ նամակով մը կը դիմեն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն, որպէսզի Պատրիարքարանը յանձն առնէ Կոմիտաս Վարդապետի հիւանդութեան ծախսերը, ինչպէս նաեւ սենեակ մը տրամադրէ մեծ վարդապետին։ Օրուան պատրիարքը՝ Դուրեան Եպիսկոպոս այս դիմումը կը մերժէ, առարկելով, որ վանքը հնարաւորութիւններ ու միջոցներ չունի Կոմիտաս Վարդապետի բուժման ծախսերը հոգալու եւ զինք ընդունելու։ Էջմիածինը ի՛նք եւս չհոգաց Կոմիտաս Վարդապետի բժշկութեան ծախսերը։ Ֆրանսայի մէջ մի քանի անհատներու շնորհիւ հիմնուեցաւ «Ընկերութիւն» մը, ուր անհատներ ամսական դրութեամբ որոշ անդամավճար տրամադրելով ապահովեցին Կոմիտաս Վարդապետի կեցութիւնն ու բժշկութեան ծախսերը:
***
Ի դէպ, որպէս տարօրինակ տեղեկութիւն յայտնենք այս մէկն ալ. նկատի ունենալով, որ արհեստագիտութիւնը այսքան զարգացած չէր եւ երկիրէ երկիր տեղեկութիւն ստանալը այսքան դիւրացած չէր, օր մը Կոմիտաս Վարդապետի ընկերները Թիֆլիզի մէջ կը լսեն, որ Ֆրանսայի մէջ մահացած է Կոմիտաս Վարդապետը։ Լուրը կը տարածուի Թիֆլիսի մէջ եւ ընկերները ի յիշատակ մեծ վարդապետին հոգեհանգիստ մը կը կազմակերպեն՝ փոքր երաժշտական համերգով մը. մի քանի օրեր ետք ստոյգ կը գիտնան, որ Կոմիտաս Վարդապետ ողջ է՝ սակայն տարուած է հոգեբուժարան... եւ այսպիսով իր կենդանութեան կը կատարուի մեծ վարդապետին առաջին հոգեհանգիստը:
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի...:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է հանճարներու մեծագոյն թերութիւնը:
Պատասխան. Հանճարներու մեծագոյն թերութիւնը այն է, որ անոնք շատ անգամ չեն կրնար իրենց ունակութիւններն ու հմտութիւնները իրական աշխարհին հետ համադրել: Շատ անգամ անոնց միտքի խորութիւնը, ստեղծագործութիւններն ու տեսլականները կը գերիշխեն իրենց առօրեայ գործունէութեան մէջ եւ իրականութեան հետ համեմատած անհամապատասխան վիճակ մը կը ստեղծեն. հանճարները շատ անգամ կ՚ապրին իրենց միտքերուն խորերը եւ կը դժուարանան քայլ պահել հասարակ օրակարգին հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան