ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ իրենց հիմնական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իրենց զաւակներուն մարդկային ու մարմնական պէտքերը ապահովելն է. ինչպէս՝ հագուստը, սնունդը եւ այլն, բայց, իրականութեան մէջ, ծնողական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իր մէջ շատ աւելին ունի, որովհետեւ հոգեկան բաժինը շատ աւելի կարեւոր է։ Սնունդի որակը, տեսակը օրերու ընթացքին կրնայ փոխուիլ, սակայն դաստիարակութիւնը, բնաւորութիւնն ու հոգեկան ընթացքը զաւակը ամբողջ կեանք մը իր հետ պիտի պահէ ու անբաժան ըլլայ անկէ։ Ծնողական մեծագոյն սխալներէն մէկը զաւկին հետ ունեցած հաղորդակցութեան պակասն է. եթէ հաղորդակցութեան պակաս կայ ծնողքին եւ զաւկին միջեւ, ապա դժուար է ծնողքի մը համար որոշ արժէքներ սերմանել։ Վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ այն զաւակները, որոնք իրենց ծնողներուն հետ առողջ հաղորդակցութեան մէջ են, շատ աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՚ապահովեն՝ քան անոնք, որոնք չունին այդ հաղորդակցութիւնը։ Աւելին, անոնք շատ աւելի շուտ կողմնորոշուելու պատրաստուածութիւն կ՚ունենան, որովհետեւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը հսկողութեան եւ հաղորդակցութեան մէջ կը տատանի: Ի դէպ, հաղորդակցութիւնը երկու կողմերուն համար ալ շահաբեր։ Այսպէս.

Ա.- Զաւակը իր կողմէ կը զգայ լսուած ըլլալու եւ բնականաբար սիրուած ըլլալու զգացումը։ Մանուկը կը սիրէ տեսնել, որ մեծահասակներ զինք անտեսելու փոխարէն կը լսեն՝ նոյնիսկ երբ սխալ կամ տրամաբանութենէ հեռու ըլլան իր ըսածները։ Այս մէկը առիթ կու տայ, որպէսզի մանուկը ապագային եւս իր միտքերն ու կարծիքները ազատօրէն արտայայտէ, չկաշկանդուի։ Այն մանուկները, որոնք «դուն լռէ՛»ի հրամայականին տակ մեծցած են, հասարակութեան մէջ շատ աւելի լուռ, շատ աւելի ստուերի տակ կ՚ապրին, քան անոնք, որոնք ազատ արտայայտուելու բախտը ունեցած են: Ձեր աչքին առջեւ բերէք մանկապարտէզի երկու մանուկներ. մին «շատախօս» եւ ազատ արտայայտուող, իսկ միւսը «ամչկոտ» ու «երկչոտ»։ Իրականութեան մէջ այս պարագան մենք կը կարծենք մարդու կառուցուածքէն կախեալ է, սակայն, մեծ դեր ունի հաղորդակցութիւնը. համարձակ կ՚ըլլայ այն զաւակը, որ իր հօր եւ մօր դիմաց ազատ ձեւով իր միտքերը արտայայտելու բախտաւորութիւնը կ՚ունենայ. «դուն պզտիկ ես», «դուն մի՛ խառնուիր» եւ «տարիքիդ յարմար չէ՛» արտայայտութիւնները որոշ կապանքներ կը դնեն մանուկին ինքնասիրութեան եւ ինքնավստահութեան վրայ։ Անշուշտ, միշտ չափի մէջ մնալը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ծայրայեղութիւնը այլ յոռի երեւոյթի մը կրնայ առաջնորդել: 

Բ.- Զաւկին հետ առողջ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը ի շահ ծնողքին է, որովհետեւ այդ մէկը առիթ կու տայ, որպէսզի ծնողքը շատ աւելի մօտէն հասկնայ իր զաւկին ունեցած խնդիրներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ աւելի դիւրին ու շուտ լուծում տալու համար: Ծնողքի մը վերաբերմունքն է, որ զաւկին մօտ կը ստեղծէ հետեւեալ տրամադրութիւնը. ամէն բան խօսիլ ու արտայայտուիլ եւ կամ ամէն բան ծածկել ու ներքին հարցերու վերածել այդ մէկը։ Այն զաւակները, որոնք ազատ արտայայտուելու կարողութիւնը չունին (ինչ որ ծնողքին մեղաւորութիւնն է եւ ոչ մանուկին թերութիւնը), նուրբ եւ զգայուն հարցերու դիմաց վախ կ՚ունենան. ներքին տագնապով մը «այս մէկը ճիշդ է ըսել», «այս մէկը պէտք չէ ըսել» կացութեան մէջ կը յայտնուին եւ բնականաբար այսպիսով բաց մը կը ստեղծուի ծնողքին եւ մանուկին միջեւ:

Հաղորդակցութեան պարագային մեր դիմաց կը յայտնուի մի քանի տարբեր տեսակի ծնողներ. 

Ա.- Իշխանական ծնողք. շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ իրենք «ոստիկաններ» են եւ ծնողական դաստիարակութիւնը մանուկին այս կամ այն սխալը կանխելն է՝ պոռալով, ծեծով եւ բարկութեամբ: Այս տեսակին պատկանող ծնողները կը կարծեն, որ մանուկ-ծնողք յարաբերութիւնը հիմնուած է հնազանդութեան վրայ եւ ո՛չ սիրոյ եւ հասկացողութեան: 

Բ.- Դասախօս ծնողք. այս տեսակին պատկանող ծնողները մանուկին տրամաբանութեամբ հասկցնելու փոխարէն օրէնքներ կը սահմանեն. մանուկը ծնած օրէն ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ որոշ «պէտք է»ներու եւ ստիպուած կ՚ըլլայ ամբողջ կեանք մը անոնց հիման վրայ ապրելու՝ առանց հասկնալու, առանց տրամաբանելու: Այս մթնոլորտի մէջ ապրող մանուկները իրենց սեփական երջանկութիւնը, պէտքերն ու առաջնահերթութիւնները մոռցած՝ ամբողջ կեանք մը կ՚ապրին այդ «պէտք է»ներու ցանկը ամբողջացնելու համար: 

Գ.- Մեղադրող ծնողք. կը տեսնենք, որ մեր մէջ օրէ օր աճ կ՚արձանագրեն ծնողներու այն տեսակները, որոնք իրենց դաստիարակութիւն փոխանցելու անկարողութիւնը մոռցած՝ զաւակը մեղադրելու եւ այպանելու «լծուած» են. «մի՛ ըներ»ներու, «քու պատճառովդ…»ներու եւ հազար ու մէկ տարբեր մեղադրանքներու մէջ կը գտնէ մանուկը ինքզինք եւ ծնողքը կը մոռնայ, որ ինք է այդ մանուկին նկարագրին, կազմուածքին ու հոգեկան աշխարհին հեղինակը. Մա՛նաւանդ մանկութեան ժամանակ իւրաքանչիւր սխալի մէջ պէտք է մեղադրել ո՛չ թէ մանուկին արարքը, այլ այն դաստիարակութեան բացը՝ որ առիթ տուաւ այդ սխալին: 

Այս երեք տեսակներէն ազատելու համար անհրաժեշտ է լսել սորվիլ։ Մենք գիտենք, որ մանուկը պէտք է լսէ ծնողքին՝ որպէսզի ճիշդ ճամբու մէջ մնայ, սակայն, մենք այս գրութեամբ կու գանք ըսելու, որ լաւ ճամբու մէջ ըլլալու հիմնական ու առաջին անհրաժեշտ կէտը ծնողներուն լսել սորվիլն է, որովհետեւ մանուկը լսելէ աւելի խօսելով, պատմելով կը զարգանայ ու ինքնավստահ անհատականութեան կը վերածուի, որովհետեւ սկզբնական շրջանին մանուկին համար տրամաբանութենէն աւելի լսուած ըլլալն է կարեւորը եւ սէրը փաթթուկէն, պաչիկէն աւելի՝ մանուկը այդպէս կը զգայ: 

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ուրախ ենք եւ կը պարծենանք, որ այդ աշխարհներէն մէկը, եւ անդրանի՛կը եղաւ մեր Հայաստան աշխարհը, որ ծարաւի ըլլալով լոյսի, կեանքի, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ բարոյական եւ հոգեւոր ազատութեան, խմեց Յիսուսի Աւետարանին եւ Հոգւոյն կենարար աղբիւրէն, նա՛խ Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի առաքելութեամբ, յետոյ Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ իր շառաւիղներուն եւ հետեւողներուն քարոզութեամբ եւ ոռոգուելով բիւր բիւրաւոր արի եւ ճշմարիտ նահատակներուն Սուրբ արիւնովը:

ՓԱՌԷՆ ԵՊՍԿ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026