ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ կը կրկնենք՝ ընտանիքը առտնին Եկեղեցի մըն է։ Այս իմաստով, ընտանիքին ծոցին մէջ ապրուած սիրոյ ուրախութիւնը նաեւ Եկեղեցւոյ ուրախութիւնն է։ Եւ այս ընտանիքը կը կազմուի օրինաւոր ամուսնութիւնով, որ է սուրբ եւ անլուծանելի՛։ Անշուշտ, կեանքի բնական ընթացքին մէջ բացառութիւն կը համարուին այս ընդհանուր սկզբունքին, կարգ մը յատուկ պարագաներ՝ ուր արտօնուած պէտք է նկատուի ամուսնալուծութիւնը։ Բայց սկզբունքով ամուսնութիւնը անլուծանելի է, քանի որ ան հաստատուած է ուղղակի՛ Աստուծոյ կողմէ՝ Իր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին համաձայն՝ ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ԾՆՆԴ. Բ 21-24)։ Ապա ուրեմն, ընտանիքը «բարի լուր» մըն է։
Հարկ է սիրոյ ուրախութիւնը հաստատել եւ պահպանել ամուսնութեան մէջ։ Արդարեւ, ամուսնութիւնը մշտապէս ուղղուած է դէպի աւելի ամուր եւ խոր միութիւն մը։ Ուստի, ամուսնութիւնը հաստատուած է, որպէսզի սէրը ուղիղ արտայայտուի, յառաջդիմէ եւ աճի։ Եւ ըստ Սուրբ Գիրքի ամուսնութիւնը իրերօգնութեան եւ ուրեմն մարդասիրութեան արտայայտութեան առիթ մըն է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն համար։
Արդարեւ, այր-մարդու եւ կին-մարդու այս յատուկ «բարեկամութիւն»ը իր լիացուցիչ դիմագիրը կը մարմնաւորէ ամուսնական միութեան մէջ, որ է՝ «ընտանիք»ը։ Այս միութիւնը ամբողջացուցիչ՝ լրացուցիչ ըլլալով, նաեւ բացարձակ է, հաւատարիմ իրերօգնութեան կոչումին։ Հոն ամէն ինչ կը բաժնուին փոխադարձ յարգանքով, արժանապատուութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Այս սէրը ամուսիններ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, կ՚առաջնորդէ ազատ, յօժարակամ եւ փոխադարձ նուիրումի՝ որ կ՚արտայայտուի գուրգուրանքի զգացումներով եւ անոնց ամբողջ կեանքը համակող արարքներով։ Ամուսնութեան մէջ փոխադարձ նուիրումը եւ զոհողութիւնը ընտանեկան ուրախութեան նախապայմանը եւ անհրաժեշտ արարքն է։
Երբ հաճոյքին փնտռտուքը մտասեւեռում կը դառնայ, ան մեզ միայն մէկ բանի մէջ կը փակէ եւ կ՚արգիլէ, որ ուրիշ տեսակ գոհացում գտնենք։ Իսկ ուրախութիւնը՝ ընդհակառակը, վայելելու կարողութիւնը կ՚արդարացնէ եւ մեզի թոյլ կու տայ այլազան իրականութիւններուն եւ իրավիճակներուն մէջ հոգեւոր հաճոյք գտնել, նոյնիսկ կեանքի այն հանգրուանին՝ ուր հաճոյքը կը մարի։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով Սուրբ Թովմաս Աքուինացին կ՚ըսէ. «Ուրախութիւն բառը կը գործածուի սրտին ընդլայնումը արտայայտելու համար»։
Ամուսնական ուրախութիւնը՝ որ կարելի է նոյնիսկ ցաւին եւ վշտին մէջ ապրիլ, կ՚ենթադրէ ընդունիլ, որ ամուսնութիւնը ըլլայ գոհութեան, ջանքի, լարուածութեան եւ հանգիստի, տառապանքի եւ ազատագրումի, զոհողութեան եւ որոնումի, հաճոյքի եւ ձանձրոյթի անհրաժեշտ խառնուրդ մը եւ ասիկա՝ միշտ բարեկամութեան ճանապարհին վրայ եւ որ ամուսինները՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ կը մղէ իրարու հոգ տանելու, իրարու փոխադարձաբար օգնելու եւ թիկունք կանգնելու…
Սիրոյ, յարգանքի եւ զոհողութեան ձեւաչափով կազմուած եւ ձեւաւորուած ընտանիքը՝ այս սուրբ միութիւնը պահել եւ պահպանել մարդուն Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ մը՝ շնորհ մըն է եւ անշուշտ պարտականութի՛ւն մը։ Բարեկամական սէրը, որ շնորհ մըն է, «եղբայրսիրութիւն» կը կոչուի, երբ որ ուրիշին «մեծ արժէք»ը կ՚ըմբռնենք եւ զայն կ՚արժեւորենք։ Արդարեւ, ուրիշին «մեծ արժէք»ը եղող գեղեցկութիւնը, որ անոր մարմնական եւ հոգեբանական հրապոյրներուն հետ չի շփոթուիր, մեզի թոյլ կու տայ անոր անձին սրբազնութիւնը փորձարկելու, առանց սակայն անոր տիրապետելու բուռն ըղձանքին։
Գեղեցկագիտական զգացումը կ՚աղքատանայ, ուրախութիւնն ալ կը մարի սպառումի ընկերութեան մէջ, ուր ամէն ինչ եղած է գնուելու, իւրացուելու կամ սպառելու համար, նաեւ մարդի՛կը, իսկ գթասրտութիւնը, ընդհակառակը, արտայայտութիւնն է անկեղծ սիրոյն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 2025, Իսթանպուլ