ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ը.)
Վերջին մեր գրութեամբ խօսեցանք հարուստ ընտանիքներու մէջ տեղ գտած զաւակ-ծնողք յարաբերութեան մասին եւ, ըսինք, թէ այն նոյն պատկերը, որ կար այնտեղ, նոյնը չէր աղքատ ընտանիքներու պարագային։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու սկիզբը դասակարգերու մէջ կար յստակ տարբերութիւն մը. հարուստ ընտանիքի հայրը ձեւով մը աւելի միջամուխ կ՚ըլլար իր զաւկին, որովհետեւ անոր համար կարեւոր էր բարձր պահել ընտանիքի արժանապատուութիւնն ու ունեցած ազդեցութիւնը շրջապատին վրայ, սակայն, աղքատ ընտանիքի հայրը այդ «բախտաւորութիւն»ը չունէր. անոր առաջին պարտաւորութիւնն էր դաժան աշխատանքի միջոցով ապահովել ընտանիքի օրուան հացը, այդ իսկ պատճառով հայրը ընդհանրապէս տան մէջ ներկայութիւն մը չէր: Հօր եւ զաւկին միջեւ կար վիհ մը, որովհետեւ զաւակը հայրը շատ քիչ կը տեսնէր եւ հետեւաբար անոնք «անծանօթ»ներ էին իրենց առօրեայով:
Սակայն, այս յարաբերութիւնը՝ մանաւանդ տղայ զաւակներու համար որոշ տարիքէ մը ետք կը փոխուէր, որովհետեւ այդ թուականներուն ծնողքի մը համար (մանաւանդ աղքատ ծնողքի) մեծագոյն նպատակն էր կրթել զաւակ մը, որ կրնայ դրամ շահիլ եւ իր ընտանիքին տէր կանգնիլ. անոնք այսօրուան նման երազներ չունէին, որպէսզի իրենց զաւակը դառնայ բժիշկ եւ կան այլ մեծ պաշտօններու տէր, որովհետեւ այդ մէկը մենաշնորհն էր հարուստներուն։ Այդ իսկ պատճառով աղքատ դասակարգի հայրը իր որոշ ժամանակ ետք իր զաւակը իր հետ կը տանէր արհեստանոց՝ որպէսզի սորվելով ձեռքին «ոսկի ապարանջան» մը ունենայ: Իբր այդ, անոնց միջեւի յարաբերութիւնը շատ աւելի լուրջ ու խիստ էր, քան այսօր: Հայրեր լաւապէս կը հաւատային, որ իրենց ձեռքն է իրենց զաւակներուն ապագան. արհեստ մը սորվելով անոնք պիտի յաջողին կեանքի դժուար պայքարին մէջ դիմանալ ու յառաջդիմել: Եւ եթէ նայինք անցեալին, պիտի տեսնենք, որ զաւակները մեծաւ մասամբ եղած են իրենց հօր աշխատանքը շարունակողները:
Այս բոլորին մէջ տեղ կը գտնէ նաեւ ծեծի դաստիարակութիւնը. այդ ժամանակ չկար մանկավարժութեան այն մօտեցումները, որ զաւակը ծեծելը կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ: Ծեծը դաստիարակութեան մաս կը կազմէր (նոյնիսկ շատ անգամ դպրոցներէն ու ուսումնարաններէն ներս). այդ ծեծը, ձեւով մը վախի ճամբով արդէն իսկ տան հեղինակութեան հանդէպ որոշ յարգանք մը կը պարտադրէր. հին ժամանակ զաւակներ շատ աւելի նուազ անարգալից վերաբերմունք կ՚ունենային, քան այսօր: Այդ վախի ազդեցութեան տակ շատ աւելի քիչ էր գայթակղութիւնն ու անօրէնութիւնը, որովհետեւ զաւակները իրենք եւս համոզուած էին, թէ պարտաւոր են պատրաստուիլ կեանքի պայքարին:
Գիւղական ընտանիքներու պարագային պատկերը կրնար քիչ մը փոփոխութիւն կրել, որովհետեւ այդ պարագային զաւակները՝ տղայ թէ աղջիկ, իրենց փոքր տարիքէն մաս կը կազմէին իրենց ծնողներու կողմէ կատարուած հողի մշակութեան աշխատանքներուն: Այդտեղ բացի արհեստ սորվելէն, անոնք կը սորվէին ցանքը, մշակումը:
Այս բոլորը ըսինք մասնաւորաբար տղայոց համար. աղջիկները եւս գրեթէ նոյն մտածողութեամբ կը մեծնային, այն տարբերութեամբ, որ արհեստի փոխարէն անոնց համար կարեւոր էր ասեղնագործութիւնը, տան պարտաւորութիւններու անթերի կատարումը եւ այլն: Այնպէս, ինչպէս հայրը իր զաւակը ապագային կը պատրաստէր, նոյնպէս մայրը իր դուստրը կը պատրաստէր ապագային, որովհետեւ այդ ժամանակամիջոցին անուշիկութեան ու պատիւին չափ արժէք ունէր նաեւ այդ հմտութիւններն ու կարողութիւնները: Նոյնիսկ եթէ ուսումնասիրենք անցեալի աւանդութիւնները՝ կը տեսնենք, թէ ինչպէս «աղջիկ տես»ի ժամանակ աղջիկը կը պարտաւորուէր իր կարողութիւնները ցուցադրել, իր ասեղնագործութեան կամ այլ տնային աշխատանքներու միջոցով:
Աղջիկ զաւակին դերը հին ընտանիքին մէջ տունն էր. շատ ծայրայեղ աղքատութեան պարագային էր, որ տան աղջիկը եւս կ՚երթար այլ տուներու մէջ սպասաւորութիւն ընելու՝ որպէսզի ինք եւս նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերէ իր ընտանիքին: Հօր եւ դստեր յարաբերութիւնը աղօտ ու պղտոր էր. աղջիկ զաւակին դաստիարակը մայրն էր, սակայն, անոր ճակատագիրը կախեալ էր հօրմէն. հայրն էր, որ զինք պիտի պսակէր, պիտի ընտրէր յարմար փեսացուն եւ իր հաւանութիւնը եւ կամ մերժումը տար բոլոր դիմողներուն: Այդ իսկ պատճառով անոնց ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուելէ աւելի հիմնուած էր շահերու վրայ, որովհետեւ ամուսնութիւնն ու խնամիական կապերը միջոցներ էին դուրս գալու աղքատութենէն եւ բարելաւելու իրենց ունեցած դիրքը: Խնամութեան ճամբով կարելի էր շատ մը գործերու պարագային միջամտութիւններ գտնել եւ հետեւաբար այդ բոլորը ամբողջ ընտանիքին համար շատ աւելի ծանր կը կշռէր, քան սէրը: Հարուստին համար զաւակը նիւթական հարստութեան ապագայ ժառանգն էր, սակայն, աղքատ ընտանիքին համար օգնական ձեռքեր. մանաւանդ պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ թուականներուն անպակաս էր սովը, պատերազմն ու անգործութիւնը. շատերու մօտ կար անթիւ նիւթական հարստութիւն. պէտք էր նուազագոյնը խնամութեամբ օգտուիլ այդ բոլորէն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. 19-րդ դարուն մարդ կամ շատ հարուստ կ՚ըլլար կամ շատ աղքատ. ինչո՞ւ:
Պատասխան. 19-րդ դարուն անհաւասարութիւնը հասած էր իր ծայրայեղ վիճակին: Հարուստները, որոնք մեծ մասամբ հողատէրեր էին կամ գործարանատէրեր, ունէին մեծ առաւելութիւններ, նոյնիսկ շատ անգամ պետական մակարդակի վրայ: Ընկերային պայմանները առիթ կու տային հարուստներուն՝ աշխատցնել աղքատները շատ ցած ու աննշան աշխատավարձով. աշխատողը ունէր շատ սահմանափակ իրաւունքներ եւ երկրի տնտեսական պայմաններուն դիմաց պարտաւոր էր աշխատիլ նոյնիսկ ամենէն վատ պայմաններուն: Գուցէ այդ է պատճառը որ այդ տարիներուն շատ կը տեսնենք բանուորական շարժումներ ու բողոքի ցոյցեր՝ հանդէպ այդ մեծահարուստներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան