ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՉԿԱ՛Յ ՎԱԽ
Քրիստոս, իր կեանքի օրինակով, երկչոտութիւնը համարձակութեան եւ վախկոտութիւնը քաջութեան վերածեց։ Յիշենք 11 աշակերտները՝ որոնք ծակեր փնտռեցին պահուըտելու համար եւ իրենց վախէն լքեցին եւ ուրացան իրենց Տէրը՝ վարդապետը՝ երբ Ան կը ձերբակալուէր, կ՚ամբաստանուէր, կը ծեծուէր, երբ Ան մեծապէս կը կարօտէր իրենց ներկայութեան, ընկերակցութեան եւ մխիթարութեան։
Բայց շատ չանցած, Երուսաղէմի մէջ եւ շրջակայքը, խումբ մը մարդոց ձայները լսուեցան, որ խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոս մը կը քարոզէին՝ որ մեռած էր մարդոց մեղքերուն համար եւ կենդանացած էր անոնց արդարացման համար։
Հետաքրքրականը ա՛յն էր, որ այս խումբին գլուխը կը կենար Պետրոս անունով մէկը՝ որ քանի մը օրեր առաջ՝ Քրիստոսը ուրացած եւ լքած էր զԻնք, աւելին՝ Աստուծոյ անունը անիծած է։
Զարմանքով դիտեցին այս խորհրդաւոր անձը, առանց կարենալ բացատրելու այն մեծ փոփոխութիւնը՝ որ երեւան եկած էր անոր կեանքին մէջ։ Աշխատեցան զայն վախցնել սպառնալիքներով, բայց ի զուր։ Ի՞նչ էր, որ «նապաստակ»ը առիւծի վերածած էր. կամ դեղձանիկը՝ արծիւի։ Արդարեւ, ինչո՞ւ վախնալ մահէն, երբ գերեզմանէն անդին ուրիշ կեանք մը կա՛յ. նոր կեանք մը՝ երկնային կեանք մը, կատարեալ կեանք մը, յաւիտենական կեա՛նք մը։
Աշխարհ կէտադրուած է Քրիստոնեայ Եկեղեցիով։ Շաբթուան ամէն մէկ օրը եւ օրուան ամէն ժամը՝ տեղ մը, հաւատաւոր հաւատացեալներ մէկտեղ կու գան եւ միացնող ձայներով Աստուածը կը փառաբանեն փրկութեան եւ յաւիտենական երանելի՜ կեանքի պարգեւին համար՝ որ կարելի եղաւ Յիսուս Քրիստոսով։
Քանդուած, յուսալքուած կեանքեր կը վերաշինուին, կը քաջալերուին, կը կերպարանափոխուին։
«Չար»ը եւ մեղքը տեղի կու տան Քրիստոսի փրկարար զօրութեան առջեւ, կը քաջալերուին եւ ստոյգ ձայնով կը փաստեն, թէ Քրիստոսի յարութիւնը պատմական եւ յաւիտենական անուրանալի իրականութի՛ւն մըն է։
Քրիստոս իր կեանքին տիպարով, անորոշութիւնը վստահութեան եւ մահը՝ անմահութեան վերածեց։
Շրջան մը կար, աշխարհի պատմութեան մէջ, երբ յուղարկաւորութիւն մը չափազանց տխրատեսիլ եւ դժբախտ փորձառութիւն մըն էր, որուն կրնար ենթարկուիլ սգաւոր ընտանիք մը՝ որ մխիթարութեան կը կարօտէր։ Պաղ հողին գիրկը կը յանձնէին իրենց սիրելիին մարմինը՝ առանց ունենալու որեւէ յոյս, թէ ապրողները եւ մեռնողը օր մը դարձեալ իրարու պիտի միանային։
Յոբ կը հարցնէ. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք». (ՅՈԲ. ԺԴ 14)։
Աշխարհի իմաստունները եւ իմաստասէրները չկրցան դրական, ստոյգ որեւէ պատասխան մը տալ այս հարցումին. ո՛չ ալ կրցան որեւէ ընդունելի փաստ ներկայացնել այս ուղղութեամբ։ Երբ փիլիսոփայութեան մարմնացումը նկատուող Սոկրատ մահմերձ կը պառկէր, շուրջը հաւաքուած աշակերտները հարցուցին իրեն. «Վարդապե՛տ, պիտի ապրի՞նք դարձեալ»։ Կ՚արժէ հոս յիշել անսահման իմացականութեան տէր այս մարդուն տուած պատմական պատասխանը. «Կը յուսամ. բայց մէ՛կը չի գիտեր»։
Սակայն յանկարծ, այդ յուսահատ, յուսալքուած դարուն սեմին, կանգնեցան խումբ մը հրավառ հաւատացեալներ՝ որոնք իրենց շրթներուն վրայ ունէին նոր աւետարան մը՝ կեդրոնական նոր նիւթով մը. «Բայց հիմա Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է. ննջեցեալներուն առաջին պտուղը». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 20)։
«Եւ մեծ զօրութեամբ առաքեալները վկայութիւն կու տային Տէր Յիսուսի յարութեան, եւ անոնց բոլորին վրայ մեծ շնորհք կար». (ԳՈՐԾՔ. Ե 33)։
Պզտիկ աղջիկ մը գերեզմանատան քովը կը բնակէր, ան ճամբան կարճցնելու համար գերեզմանատան մէջէն անցնելով տուն կ՚երթար։ Օր մը իրեն հարցուցին, թէ չէ՞ր վախնար գերեզմանատունէն անցնելու։ «Ո՛չ», ըսաւ, «որովհետեւ տունս գերեզմանատունէն անմիջապէս անդին է»։
Ո՜վ գերեզման. ո՞ւր է քու յաղթութիւնդ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 9, 2025, Իսթանպուլ