ՍՈՒՐԲ ԿԸ ՊԱՀԵՆՔ
Մի քանի շաբաթներ առաջ Երեւանի մէջ փոքր խումբով մը ներկայացուցինք գրող եւ մանկավարժ Թլկատինցիի «Կտակը» թատերգութիւնը. նիւթը պարզ ու իրապաշտ է: Սողոմոն աղա՝ մահամերձ ծերուկ մըն է, որ ունի երկու զաւակ՝ Սարգիս եւ Համբարձ անուններով. անոնց կողքին ունի երկրորդ կին մըն ալ՝ տիկ. Եղսօ: Զաւակներն ու կինը անհամբեր կը սպասեն ծերուկին մահանալուն՝ տիրանալու համար անոր ժառանգին։ Աղային մահամերձ ըլլալը, անշուշտ, թաղականութեան աչքէն չի վրիպիր եւ թաղականութեան երեք անդամներ կու գան Թլկատինցիի բառերով «յանուն դպրոցին բան մը փրցնելու»:
Ներկայացման մէջ տող մը ուշադրութիւնս գրաւեց. թաղականները կը խօսին դպրոցին մասին եւ Սողոմոն աղային զաւակը՝ Սարգիս լաւ չլսող հօրը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Կը լսէի՞ր հայր, մեր դպրոցը կ՚ըսեն, մեր եկեղեցիին չափ սուրբ կը պահենք»: Եթէ մեր թուականէն 110-120 տարիներ առաջ դպրոցը կը համեմատէին եկեղեցիի հետ՝ անոր հանդէպ ունեցած իրենց ըմբռնումն ու արժեչափը ցոյց տալու համար, այսօր նման բան մը չփորձեն ընել, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր եկեղեցին չկրցաւ սուրբ պահել՝ որպէսզի անոր նմանութեամբ սուրբ պահէ նաեւ հայ դպրոցը: Եկեղեցին հոգին կը կրթէ, իսկ դպրոցը՝ միտքը, իսկ մեր պարագային թէ՛ հոգեւորը եւ թէ մտաւորը վտանգուած ու անտեսուած վիճակի մը մէջ կը գտնուի:
Սողոմոն աղայի զաւակին՝ Սարգիսի արտայայտութիւնը՝ բացատրութիւնն է դարաշրջանի մը եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած անդրադարձն է. նոր ժամանակներուն ապրող մարդը ինքզինք շատ աւելի զարգացած ու իմաստուն կը զգայ՝ համեմատած հիներուն, սակայն Սարգիսի այս մէկ տողը մեծագոյն փաստն է, որ հիները շատ աւելի լաւ հասկցած են դպրոցին կարեւորութիւնը եւ զայն համեմատած են սրբութեան՝ եկեղեցիին հետ, որովհետեւ նկատած են, որ ազգային գոյատեւման համար դպրոցը անհրաժեշտութիւն է:
Մեր օրերուն ո՛չ եկեղեցին սուրբ է եւ ո՛չ ալ դպրոցը եւ իրականութեան մէջ անոր մեղաւորը եկեղեցին չէ. մեղաւոր են բոլորը, որոնք չեն կրցած այդ սրբութեան մէջ պահել թէ՛ եկեղեցին եւ թէ դպրոցը: «Կտակը» թատերգութիւնը մեծագոյն օրինակն է, թէ ինչպէս հիները կը տագնապէին կենդանի պահելու համար դպրոց մը. հիներուն համար դպրոցը սրբութիւն էր, իսկ մերօրեայ ազգայիններուն համար շատ անգամ դպրոցը բեռ ըլլալ կը թուի՝ որովհետեւ անոր գոյատեւումը նիւթական կը պահանջէ եւ այս օրերուն նիւթականը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան դպրոցը: Սարգիսի խօսքին մէջ կարելի է տեսնել թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ դպրոցին հանդէպ յարգանք մը: Այսօր այդ երկուքը կը բացակային:
Եկեղեցին իր ներքին կազմալուծումներով, պառակտումներով, հաւատացեալներու հեռացումով, աղանդաւորական շարժումներու թիրախաւորումով եւ գրեթէ ամէ՛ն ձեւով նահանջի մէջ է. այսօր անոր սրբութեան հանդէպ ժողովուրդը տարակարծութիւն ունի, որով կը վտանգուի անոր գոյութիւնը: Նոյնպէս նահանջի մէջ է դպրոցը. ուսուցիչի պակասը, նիւթական անբաւարարութիւնը եւ ճիշդ անձը ճիշդ տեղը չդնելու մեր հիւանդութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ դպրոցը տկարանայ: Աչքի առջեւ ունեցէք վերջին տասնամեակը. շատ աւելի եկեղեցիներ փակուած են՝ քան կառուցուած. շատ աւելի դպրոցներ բացուած են՝ քան կառուցուած: Երբ ժողովուրդ մը նոր դպրոց եւ նոր եկեղեցի շինելու կարիքը կը զգայ, կը նշանակէ կը յառաջդիմէ, կը ստուերանայ, սակայն երբ եղածները փակելու կը նայի՝ կը նշանակէ նահանջի մէջ է:
Անշուշտ, այս բոլորը կը կարօտի սրբագրութեան, որովհետեւ եթէ նոյն ընթացքով շարունակենք, մի քանի տասնեակ տարիներ ետք թէ՛ եկեղեցին եւ թէ դպրոցը շատ աւելի տխուր վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուին: Դարձեալ վերականգնելու համար եկեղեցին պէտք է վերագտնէ իր սրբութիւնը. պէտք է մատուցէ անշահախնդիր ծառայութիւն եւ պահէ իր հոգեւոր սրբութիւնը։ Նոյնպէս դպրոցը պէտք է վերականգնուի եւ դառնայ գիտելիքի, բարոյականութեան եւ կրթութեան տաճար, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ճշմարիտ հայը հոգիով եւ միտքով առողջ հայն է. լոկ լաւ հոգիով եւ կամ լոկ լաւ գիտելիքով լաւ հայ չ՚ըլլար: Այս բոլորը դարձեալ իրենց սրբազան արժէքին մէջ դնելու համար պէտք ունինք նուիրուած ուսուցիչներու եւ եկեղեցականներու. նուիրուածութիւնը առանձին արժէք չունի. անոնք պէտք է ըլլան որակեալ եւ լաւապէս տիրապետեն հայկական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, որպէսզի յաջողին այդ ժառանգը փոխանցել այլ սերունդներու:
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վերածնունդին, որովհետեւ այն սերունդը, որուն պիտի վստահինք մեր ազգի ապագան, այնքան ալ յուսատու չէ:
Պետական մակարդակով պէտք է յստակ ըլլայ, որ դպրոցը եւ եկեղեցին միասնաբար հայու ինքնութիւնը պահելու դարբնոցներ են:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ ազգ մը դպրոց չունենայ:
Պատասխան. Երբ ազգ մը դպրոց չունենայ, կը զրկուի կրթութեան եւ գիտելիքիփոխանցման հիմնական միջոցէն, ինչ որ անգրագիտութեան տարածում, մտաւորներուժի անկում, մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան պահպանման վտանգ կըստեղծէ: Առանց դպրոցի նոր սերունդը չի ստանար անհրաժեշտ հմտութիւններ ումտածողութեան զարգացում եւ ազգը կախեալ կը դառնայ ուրիշներու գիտելիքէնու արժէքներէն, ինչ որ երկար ժամանակի վրայ կը թուլացնէ իր ինքնութիւնը եւգոյատեւման կարողութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան