ՀՕՐ ՄԸ ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐԸ
Ընտանիքը առաջին ուսումնարանն է մարդուն՝ ուր ծնողներ պատուական դաստիարակներ են։ Այս ուղղութեամբ, պահ մը ենթադրենք հօր մը իր զաւակներուն ուղղեալ պատուէրները՝ որոնք կրթութեան եւ դաստիարակութեան սկզբնական միջոցներն են։ Իր ծնողական պատասխանատուութեան գիտակից ամէն հայր համամիտ՝ կը պատուիրէ այս բոլորը իր զաւակներուն, չէ՞ որ ծնողներու առաջնակարգ պարտականութիւնը՝ բարի, լաւ եւ օգտակար մարդ պատրաստել եւ հասցնել է ընկերութեան։
Հայր մը իր զաւակներուն կը պատուիրէ եւ խոստանայ ըսել անոնց՝ ի՛նչ որ բարի է եւ օգտակար։
«Զաւակներուս պիտի սորվեցնեմ զԱստուած սիրել, հաւատալ, յարգել եւ հնազանդիլ։ Յարգել եւ մանաւանդ բոլոր մարդիկը եւ սիրել զանոնք։
«Անոնց տեւապէս պիտի պատուիրեմ եւ սորվեցնեմ աշխարհի վրայ՝ գործի մէջ ուղղամիտ, ճշմարտախօս ըլլալ, իսկ խաղի մէջ նոյնպէս միշտ պարկեշտ ըլլալ։
«Իրենց սրտին եւ մտքին մէջ հաստատ կերպով պիտի դրոշմեմ գնահատումը կրօնքին եւ սրբութիւնը ընտանիքին։ Անոնց պիտի սորվեցնեմ, թէ ընտանիքը առտնին Եկեղեցի մըն է՝ սուրբ վայր մը իր անդամներով։ Ուստի հաւատքը եւ ընտանեկան սրբութիւնը կը կազմեն ընկերութեան ողնայարը։ Ընտանիքը՝ ընկերութեան կորիզն է. լաւ ընկերութիւն մը պտուղն է լաւ ընտանիքներու։ Ծառը հաստատ է, երբ արմատները առողջ են եւ հաստատո՛ւն։
«Ճիգ եւ ջանք պիտի չխնայեմ փոխադարձ հասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ զաւակներուս մտերիմ եւ անկեղծ բարեկամը ըլլալու։ Քանի որ բարեկամութիւնը ամէն փոխյարաբերութիւններու նախապայմանն է անոնց նպատակայարմար ընթացքին։ Մտերմութիւնը արդիւնքն է բարեկամութեան։
«Պիտի արծարծեմ անոնց մէջ հայրենասիրութիւնը, պարկեշտ հայրենասիրութեան ոգին, միշտ յարգելով ուրիշներու հարենասիրութիւնը։ Սիրել եւ պատուել հայրենիքը՝ անոր օրէնքները յարգելով։ Տուեալ օրէնքներու հպատակիլ եւ հնազանդիլ՝ ամէն քաղաքակիրթ մարդու պարտքը եւ պարտականութի՛ւնն է։
«Պիտի քաջալերեմ, որ պատասխանատու գործեր ստանձնելու արկածախնդրութիւնը ունենան. մարզելով զանոնք կարգապահութեան վարժութեան մէջ։ Պիտի յիշեցնեմ իմ զաւակներուս, թէ քա՛ջ ըլլալ՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմա՛նն է. ապրելու եւ դժուարութիւններու տոկալու համար պէ՛տք է քաջ ըլլալ։
«Պիտի սորվեցնեմ անոնց՝ որ ինքնավստահ ըլլան, եւ անոնց օգնել՝ որ ազատութեան եւ անկախութեան ոգին բարգաւաճի կեանքին մէջ։
«Պիտի սորվեցնեմ զաւակներուս՝ ժողովուրդի մէջ գործօն եւ աշխոյժ բաժին ստանձնելու անհրաժեշտութիւնը, ըլլայ տեղական համայնքին, ըլլայ քաղաքական թէ կառավարական պաշտօններու մէջ։ Ասիկա թէ՛ իրաւունք մըն է եւ թէ պարտք մը եւ պարտաւորութիւն՝ ընկերային կեանքին տեւականացման համար։
«Պիտի օգնեմ անոնց՝ որ կարենան իրենք իրենց ապագայի ծրագիրները ծրագրել եւ մշակել անկախաբար եւ իրենց ազատ կամքով։
«Պիտի պատրաստեմ զանոնք այնպէս՝ որ ազատ ընկերութեան մէջ կարենան պատասխանատու եւ օգտակար քաղաքացիներ ըլլալ»։
Եւ ամէն հայր իր զաւակներուն կը յիշեցնէ. աւելի եւս սիրել իրենց մայրը։ Վստահութեամբ ներշնչուիլ՝ թէ իրենք կը պատկանին իրենց ընտանիքին։ Յաճախ ընտանիքին հետ խնդալ եւ զուարթ հաճելի ժամանցներ ունենալ, ո՛ւր որ ալ ըլլան չմոռնալ իրենց ընտանիքը։ Շատ աւելի մտիկ ընող մը ըլլալ, երբ իրենք ալ իրենց ընտանիքը կազմեն քան թէ՝ շատախօս։ Շատ յաճախ քաջալերող եւ գնահատող ըլլալ եւ նուազ՝ քննադատել, եւ եթէ քննադատելու պահանջքը ըլլայ, անիկա կատարուի շինիչ կերպով եւ առանց յետին նպատակներով։ Շատ աւելի առիթներ փնտռել՝ զԱստուած իրենց հետ բաժնեկցնելու մտերութեան մէջ։
«Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան եւ զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցո՛ւր։ ԹԷ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ, թէ՛ պառկելուդ եւ ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր». (Բ ՕՐԻՆԱՑ Զ 6-7)…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 10, 2025, Իսթանպուլ