ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Կը պատմուի, թէ մանուկ մը կը դիմէ իմաստունի մը եւ կ՚ուզէ ափ մը կրակ, որ տայ իրեն։ Իմաստունը զարմացած՝ կ՚ըսէ, թէ կարելի չէ ափով տանի կրակը եւ հարցնելով, թէ կրակը տանելու համար որեւէ աման, անօթ ունի՞, որպէսզի կրակը անոր մէջ դնէ, կը մերժէ ափին մէջ դնել կրակը։ Բնական պայմաններու ներքեւ շատ բանական էր իմաստունին այս վարմունքը, քանի որ ան կը մտածէր, թէ մանուկը չէ խորհած կրակը ափին մէջ առնելու հետեւանքները։
Մանուկը, բայց կ՚երկարէ իր ափերը եւ կ՚ըսէ, որ ափերուն մէջ մոխիր լեցնէ իմաստունը։
Իմաստունը երկրորդ անգամ զարմացած՝ մանուկին ափերուն մէջ մոխիր կը լեցնէ։ Մանուկը այս անգամ դարձեալ կ՚ըսէ իմաստունին. «Հիմա կրակը դիր այս մոխիրին վրայ…», եւ մանուկը ապահով եւ առանց վնասուելու կրակէն կը հեռանայ… Իմաստունը մինչ զարմացած կը դիտէ հեռացող մանուկին քայլերը…
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, իմաստութիւնը ճշմարտութեան գիտութիւնն է. իսկ գիտութիւնը անսահման ովկիանոս մըն է՝ հորիզոն մը, որուն հասնիլ կարելի չէ մարդկային միտքով։
Այս իմաստով շատ բան գիտնալ կարելի է, բայց իր իսկական առումով «ամենագէտ» ըլլալ կարելի չէ՛։ Արդարեւ, մարդկային միտքը, բանականութիւնը որոշ տարողութիւն մը ունի. ան շատ բան կրնայ ընել, սակայն ամէն ինչ չի կրնար ընել։ Իրաւ է, որ մարդկային միտքը դարերու ընթացքին հիանալի՜ ստեղծագործութիւններ կատարած է, բայց այդ ստեղծագործութիւնները իր յատուկ նշանակութեամբ «ստեղծում»ներ չեն, այլ՝ գիւտեր, քանի որ անոնք արդէն բնութեան մէջ գտնուող, ծածուկ բաները ի յայտ բերելէ աւելին չեն։ Մարդ աստուածաշնորհ իմաստութեամբ միայն «կը գտնէ» անոնք եւ երբեք «չի ստեղծեր» բան մը՝ որ բնութեան մէջ գոյութիւն չունի, ուրիշ խօսքով՝ չէ՛ ստեղծուած։
Այս առումով գիտութիւնը՝ բնութեան ծածուկ իրողութիւններուն անդրադառնալ կը նշանակէ, եւ ասոր համար ալ իմաստութիւնը անհրաժեշտ է։
Չկա՛յ բան մը՝ որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ։ Եւ իւրաքանչիւր արարած ունի իր յատուկ պարտականութիւնը, բարութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Իրենց յատուկ էութեան համեմատ Աստուծոյ ստեղծած այլազան արարածները, Աստուծոյ անհուն իմաստութեան, բարութեան, ամենատեսութեան եւ ամենագէտ բնաւորութեան ճառագայթը կը ցոլացնեն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։ Այս պատճառով, մարդը պարտի յարգե՛լ իւրաքանչիւր արարածին յատուկ պիտանիութիւնը, որպէսզի խուսափի անոնց անկարգ գործածութենէն, ինչ որ արհամարհանք է անոնց Արարիչին. իսկ մարդոց եւ անոնց շրջապատին համար աղէտալի հետեւանքներ յառաջ բերող։ Ուստի, արարածներուն իրարու միջեւ առընչութիւնը Աստուծոյ կամքն է. արեւը եւ լուսինը, մայրին եւ մանր ծաղիկը, արծիւը եւ ճնճղուկը, մարդոց մէջ «գիտուն»ը եւ համեստ գիտութեան տէր եղողը, «իմաստուն»ը եւ պարզամիտը, անոնց անթիւ բազմազանութիւնները եւ անհաւասարութիւնները պարզող այս տեսարանը կը նշանակէ, թէ արարածներէն ո՛չ մէկը առանձին ինքնաբաւ է։ Անոնք գոյութիւն ունին միա՛յն իրարու հետ փոխադարձ կախումով, փոխադարձ զիրար լրացնելով եւ ամբողջացնելով, ի սպաս փոխադարձ ծառայութեան եւ իրերօգնութեան։
Արդարեւ, տիեզերքի գեղեցկութիւնը, ստեղծուած աշխարհին կարգը եւ ներդաշնակութիւնը առաջ կու գան արարածներուն այլազանութենէն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող առընչութիւններէն։ Մէկ խօսքով՝ ամէն մարդ իրարու կարօտ է…
Եւ ամէն մարդ, առանց իր դիրքին կամ աստիճանին, մէկ ուրիշէ մը սորվելիք շա՜տ բան ունի։ Զոր օրինակ, վերոյիշեալ պատմուածքը մենք լսեցինք համեստ գիտութիւն ունեցող ո՛չ շատ ուսեալ եւ ինքզինք շատ ալ «իմաստուն» չհամարող համեստ անձէ մը, բայց անոր պատմածը շատ եւ շատ իմաստալից էր եւ դասեր կը պարունակէր՝ որոնք խորհրդածութեան առիթ հանդիսացան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10, 2025, Իսթանպուլ