«ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ»
«Ազգային դաստիարակութիւն»ը հաւատքին նման վերացական երեւոյթ մը կամ ըմբռնում մը չէ. այդ մէկը ի ծնէ տրուած տաղանդ կամ շնորհք մըն ալ չէ. գործ ու յստակ աշխատանք է այդ մէկը: Սփիւռքահայ մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեան հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ այդ մէկը. «Ճանչնալ եւ սիրել հայրենի ազգը, ո՛չ թէ ամուլ եւ սնոտի շատախօսութեամբ, այլ կենդանի եւ ճշմարիտ գործունէութիւններով». պէտք է վստահ ըլլանք, որ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը բեմերէն մեծամեծ բառերով հայրենիքի գովքը հիւսելը չէ. հայրենասիրութիւնը ցուցադրական արարողութիւն մը կամ հանդիսութիւն մը չէ:
Հայ մարդը եւ մա՛նաւանդ հայ աշակերտը պէտք է ճանչնայ իր ազգի պատմութիւնը՝ իր դրական եւ բացասական կողմերով. ինքզինք ազգի անդամ զգալու համար պարտի գիտնալ, թէ ո՛վ է ինք, ովքե՞ր են իր նախահայրերը, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմագրաւած են. սեփական արմատներուն պատմութիւնը ճանչնալով է, որ մարդ ինքզինք այդ արմատներուն կառչած կը զգայ. սակայն ճանչնալը չի բաւեր. մարդ պարտաւոր է սէր ունենալ։ Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ նոր սերունդէն շատեր ի սրտէ երանի՜ կու տան այլ ազգի մը մէջ ծնած ըլլալու համար. շատե՜ր պիտի ուզէին Ամերիկայի կամ Եւրոպայի զարգացած երկիրի մը մէջ ծնած ըլլալ. այդ ցանկութիւնն է, որ մեր նոր սերունդը կը հեռացնէ իր սեփական արմատներէն։ Այսօր կը խօսինք հայաթափութեան մասին, սակայն հայաթափուող երիտասարդները անոնք են, որոնք այլ մշակոյթները շատ աւելի «զարգացած» ու արդիական կը նկատեն՝ քան սեփականը:
Այո, կան տարբեր կուսակցութիւններ, կան տարբեր մտածումներ ու մօտեցումներ, որոնք շատ անգամ զիրար կրնան հակասել, սակայն այդ բոլորի կողքին պէտք է ըլլայ նաեւ հաւաքականը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի ազգը՝ ինչ գոյնի եւ համոզումի տէր ալ ըլլայ: Այս բոլորը իրագործելը իրականութեան մէջ դիւրին՝ սակայն նոյնքան դժուար է. կայ հաւաքական համոզում եւ կայ անհատական համոզում եւ իւրաքանչիւր հայ կամայ-ակամայ պարտի մաս կազմել: Անոնցմէ կարեւորագոյնը այն համոզումն է, որ մեր ազգին վիճակը ինչքան ալ փայլուն եւ կամ մռայլ թուի, վերջաւորութեան մեր սեփականութիւնն է եւ մենք է, որ կրնանք փոխել անոր ընթացքը՝ վատէն դէպի լաւ եւ կամ շատ անգամ լաւէն դէպի վատ:
Այսօր մեզի պէտք չեն մարդիկ, որոնք ատակ են խօսելու Ազգային սահմանադրութեան ինչութեան մասին. կարելի է անոր մասին մի քանի հատոր գրել. այսօր մեզի պէտք են անձեր, որոնք կրնան մարդոց եւ մանաւանդ երիտասարդներուն մէջ արթնցնել ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը: Եղիայեան կ՚ըսէ, որ այդ արժէքներուն մեծագոյնը այն է, որ անոնք չամչնան ըսելու: Կեանքիս մէջ չէի մտածեր, որ աշխարհի վրայ կրնան գոյութիւն ունենալ հայեր, որոնք կ՚ամչնան եւ իրապէս կ՚ուզեն ծածկել իրենց հայու ինքնութիւնը։ Լիբանան ապրած ժամանակ չէի կրնար մտածել, որ նման հայեր գոյութիւն կրնան ունենալ. սակայն կեանքը փաստեց, որ այդ մէկն ալ գոյութիւն ունի...:
Յայտնի խօսք մը կ՚ըսէ. «Աւանդութիւն ու պատմութիւն չունեցող ազգեր չեն ապրիր»։ Այո, հայ ժողովուրդը ունի աւանդութիւն ու պատմութիւն, սակայն ապրելու համար եւս այդ երկուքը բաւարար չեն. եթէ նոր սերունդը չգիտնայ իր աւանդութիւնն ու պատմութիւնը, իր առօրեայ կեանքին մաս չդարձնէ այդ բոլորը, իմաստ մը չունի: Այսօր սփիւռքի մէջ՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ կը կարծեն ազգային դաստիարակութիւնը հայ երիտասարդը կամ պատանին թրքերէն լեզուէն եւ կամ աշխարհագրականօրէն Թուրքիայէն հեռու պահելն է. հաւատացէ՛ք, որ Ամերկայի մէջ կործանող սերունդը հեռու է Թուրքիայէն, թրքերէնի մասին բան չի գիտեր՝ սակայն դարձեալ կ՚առաջնորդուի դէպի կործանում. ծայրայեղութիւնները պէտք չէ ներկայացնել որպէս հայրենասիրութիւն եւ կամ ազգային դաստիարակութիւն:
Աւելի քան դար մը նոյն մտահոգութիւնն է, որ կը բարձրացնենք. կորուստի մէջ է հայ լեզուն, հայ երիտասարդը այսօր հայերէն չի մտածեր, հայերէն չ՚արտայայտուիր. ունինք փոքրամասնութիւն մը, որ իրապէս կառչած կը մնայ իր արմատներուն, սակայն փոքրամասնութեամբ չենք կրնար ազգը փրկել:
Այո՛, օտար մշակոյթները, օտար ազգութիւնները մեր հայրենիքէն շատ աւելի հարուստ, շատ աւելի զարգացած կրնան ըլլալ, սակայն պէտք է ի միտի ունենալ Մինաս Չերազի կարեւոր այս խօսքը. «Անմիտ չէ՞ նա որ իւր հայր կ՚ատէ զի աղքատ է եւ կը սիրէ մի օտար հայր՝ զի հարուստ է...». Նոյն հարցը այսօր կու տանք մեր նոր սերունդին. պէտք է Հայաստանը սեփական զգալ եւ սիրել ամէ՛ն պարագաներու եւ վիճակներու մէջ։ Հայրենիքի հանդէպ եղած սէրն է, որ հայուն մէջ կը ստեղծէ ազգային ոգին. հեռու մնալով ծայրայեղութենէն պէտք է ընդունինք, որ ազգովի կատարեալ չենք, անսխալ չենք, սակայն սէրն է, որ այդ սխալները պիտի սրբագրէ եւ բիւրեղացնէ մեր ազգի ինքնութիւնը:
Երանի՜ անոր, որ իր մէջ կը զգայ հայրենիքի հանդէպ այդ աննկարագրելի սէրը. այս տողերը գրելով յիշեցի Շիրազի բանաստեղծական տողերէն մէկը. «Քեզ հարիւր տեղով խոցեց թշնամին, բայց հազար տեղով իմ սիրտս խոցուեց...»։ Երբ այդ ցաւն ու կապուածութիւնը կը զգայ մարդ, ապա այն ժամանակ կրնայ վստահ ըլլալ, որ իր մէջ ունի ազգային դաստիարակութիւնը, ազգային ոգին՝ որ անհրաժեշտ է ազգի մը համար:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ երիտասարդներ յաճախ օտարամոլ կը դառնան:
Պատասխան. Երիտասարդներ յաճախ օտարամոլ կը դառնան, որովհետեւ իրենց ինքնութեան որոնման ընթացքին օտար մշակոյթներ աւելի գրաւիչ, նորաձեւ եւ ազատ կը տեսնեն, ինչ որ սեփական արժէքներուն հին կամ ժամանակավրէպ ըլլալը ցոյց կու տայ: Համաշխարհայնացումը անձին մէջ կը ստեղծէ հետաքրքրութիւններ «աւելի յաջող» մշակոյթներու շուրջ եւ երիտասարդը կը սկսի հաւատալ, որ ինք այդտեղ շատ աւելի ազատ կրնայ արտայայտուիլ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան