ԱՒԵԼՈՐԴ ԿԱՐԾՈՒԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Ընդհանրապէս, ընտանիքներու մէջ կան՝ որոնք բան չեն ուզեր նետել կամ հրաժարիլ որեւէ առարկայէ՝ բարոյական հանգամանք մը վերագրելով անոր։ Կան նաեւ, որ պատրաստ են նետել ամէն բան՝ որ աւելորդ կը նկատեն։ Եւ փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ, թէ ամէն բանը պահել ուզողները, առհասարակ ընտանիքին տարեցներն են, իսկ աւելորդ նկատածները նետելու պատրաստ եղողները՝ երիտասարդները։

Կ՚ըսուի, որ տարեցները ներկան կ՚ապրին անցեալի յիշատակներով, իսկ երիտասարդները՝ ապագայի յոյսերով։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին. արդեօք տարեցներ կը յենուն անցեալին եւ ապագայէն ակնկալութիւն մը չունին՝ անոր համար մեծ արժէք կ՚ընծայե՞ն յիշատակներուն։ Նոյնպէս երիտասարդներ, որոնք կեանքը կ՚ապրին ապագայի ակնկալութիւններու յոյսով, անոր համար է՞ որ անցեալի յիշատակներու շատ ալ կարեւորութիւն չեն տար։ Անշուշտ, ինչպէս ամէն սկզբունք ունի իր բացառութիւնը, այս պարագային ալ կան բացառութիւններ, քանի որ կեանքի մէջ ո՛չ մէկ բան յստակ է եւ հաստատ բացի մա՛հէն։

Տան մը «մաքրութիւն»ը արդեօք աւելորդ սեպուածները նետելով կ՚իրականանա՞յ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ այս հարցումին պատասխանը, սա յստակ է, որ անցեալի մէջ ալ, ապագայի փոխանցուելիքներու մէջ ալ կարեւոր եւ արժէք ներկայացնող բարոյական եւ նիւթական բաներ կրնան գտնուիլ։ Եւ երբ տան մը «մաքրութիւն»ը կը կատարուի՝ պէտք է զանազանել կարեւորը եւ անկարեւորը, արժէք ունեցողը եւ անարժէքը…

Ի՛նչ կը վերաբերի «հոգիի սենեակ»ին մաքրութեան, հոն, ուր կան նետուելիք աւելորդ եւ վնասակար խորհուրդներ, մտացածին, հնարովի, երեւակայական մտածումներ։ Կան նաեւ կարեւոր, բարեբեր խորհուրդներ։

Մտահոգութիւն եւ մտատանջութիւն պատճառող խորհուրդներէ պէտէ է ազատիլ՝ «մաքրել» զանոնք, որպէսզի մտային խաղաղութիւնը հաստատուի։ Եւ ի՜նչ հիանալի բան է մաքուր խղճմտանքով ապրիլ։ Խղճմտանքը մարդուս ներսիդին կը բնակի եւ ուրեմն ներսի մաքրութիւնն է, որ զայն պէտք է ներշնչէ եւ ո՛չ թէ արտաքինը։

Յիսուս օր մը զինքը վերէն դիտող կրօնաւորներուն շատ կծու խօսքեր խօսեցաւ։ Նիւթը՝ ներսի եւ դուրսի մաքրութիւնն էր։ Անոնց շքեղ հանդերձները եւ տպաւորիչ խօսքերը ճեղքելով մինչեւ անոնց հոգիներուն հասաւ եւ անոնց ցոյց տուաւ, թէ որչա՜փ «աղբ» կայ անոնց մէջ։

«Առաջ գաւաթին եւ պնակին ներսի կողմը մաքրեցէք, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ», ըսաւ անոնց. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 25)։ Եւ քանի որ «Ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ՚երթայ եւ արտաքնոցը կը ձգուի։ Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը». (ՄԱՏԹ. ԺԵ 17-18)։

Եւ որչա՜փ յաճախ պէտք ունինք Յիսուսի այս ազդարարութեան։

Մենք՝ որ մեր խօսքերով եւ արտաքին երեւոյթով կը ջանանք մեզ դիտողները տպաւորել, երբ մեր հոգիին մէջ ատելութիւն, նախանձ, հպարտութիւն, հաճոյասիրութիւն, չարախօսութիւն եւ զեղխութիւն ամբարուած է, դուրսիններէն ծածկուած։

Այս պատճառով է որ Դաւիթ կ՚աղօթէ.

«Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ». (ՍԱՂՄ. ԺԹ 12)։

Հոգիի մաքրութիւնը՝ մարմնական մաքրութենէն ուրիշ դարմանի կը կարօտի։

«Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով եւ արիւն չթափուած թողութիւն չ՚ըլլար», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԵԲՐ. Թ 22)։

Ուստի, հոգիի մաքրութիւնը ամէնօրեայ վիճակ մը ըլլալու է մարդկային կեանքին մէջ։ Սատանան՝ չարը ամէ՛ն օր կը փորձէ կասկածի, անհաւատութեան, աշխարհսիրութեան, անձնասիրութեան, մեծամտութեան զգացումներով խճողել մեր կեանքերը։ Մեր աչքերը հեռացնել երկնքի գեղեցկութենէն եւ աշխարհիկ զբաղումներով շլացնել, եւ մենք կ՚ենթարկուինք Սատանայի՝ չարին խաբկանքին առանց անդրադառնալու, որ «մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն». (ՀՌՈՎՄ. Ը 6)։

«Վերջապէս եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՓԻԼ. Դ 8), որպէսզի Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր հոգիի «ալեկոծ ծով»ը հանդարտեցնէ։

Շարունակենք մեր հոգիի «սենեակ»ը մաքուր պահել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 11, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025