ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ (Բ.)

Հայ ժողովուրդին համար պէտք է պարզ ըլլայ, որ պետութեան խնդիրը ո՛չ թէ Կաթողիկոսի վարքին, այլ ընդհանուր եկեղեցւոյ հետ կապ ունի։ Յիշեցեցէ՛ք, թէ ինչպէս մի քանի տարիներ առաջ դպրոցներու դասագիրքէն կրօնի գիտութիւնը դուրս դնելու համար կը պայքարէին, չյաջողեցան, որովհետեւ այդ ժամանակ անոնք ուղղակի կրօնը ուզեցին դուրս դնել. այժմ աւելի խելացի ձեւանալով կը փորձեն այնպէս մը ներկայանալ, որ իրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներ են եւ իրենց խնդիրը պարզապէս Վեհափառ Հայրապետի անձին հետ կապ ունի: 

Անշուշտ, բոլորս ալ գիտենք, որ այդ բոլորը պատճառ մը, նպատակ մը ունի: Նպատակը աւելի քան երբեք պարզ է եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ. առաջին անգամ չէ՛, որ նման անձեր կը յայտնուին եւ իրենց սեփական շահերուն համար կ՚ուզեն եկեղեցին «ձեռք ձգել»։ Փաշինեանի հիմնական նպատակները մեր կարծիքով հետեւեալներն են.-

Ա.- Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները եկեղեցւոյ վրայ ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունին. Եկեղեցին եւ պետութիւնը անկախ ձեւով կը գործեն եւ հայ ժողովուրդին մօտ՝ մանաւանդ սահմանադրական որոշ օրէնքներով ալ եկեղեցին ունի որոշ անձեռնմխելիութիւն մը եւ այս մէկը կը վրդովէ մեր ներկայ ղեկավարութիւնը. այժմ անոնք «նոր կաթողիկոս» մը ընտրել կ՚ուզեն եւ եթէ իրենց նպատակը իրականութիւն դառնայ եւ յաջողին նոր մը ընտրել՝ ապա աւելի քան երբեք պարզ պիտի ըլլայ, որ նորանշանակ կաթողիկոսը պիտի ըլլայ «անոնց մարդ»ը եւ հետեւաբար պետութիւնը իր խօսքն ու ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եկեղեցւոյ վրայ: 

Բ.- Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեցին «նորաձեւ» պետութիւններու օրինակով կրօնը բաժնել ազգութենէն. Մի քանի տարիներ առաջ երբ ներկայ պետութիւնը իշխանութեան գլուխ անցաւ՝ բազմաթի՜ւ աղանդաւորական տեսերիզներ ու ծածուկ «ծանուցումներ» կատարեցին: Սակայն, իրենց հաշիւը սխալ դուրս եկաւ. հայ ժողովուրդը (որ գրեթէ ամէն բանի կոյր աչքով կը հաւատայ ու կը հետեւի) աղանդաւորական շարժումներն ու կրօնի դէմ յայտնուած գաղտնի «ատելութիւն»ը չընդունեց. դասագիրքերէն ուզեցին դուրս հանել կրօնը եւ ժողովուրդը ընդդիմացաւ: Երբ տեսան, թէ չեն կրնար եկեղեցին քանդել՝ որոշեցին քանդելու փոխարէն ձեռք ձգել: 

Այժմ կ՚ուզեմ մէջբերել մեր թուականէն 87 տարիներ առաջ՝ 1938 թուականին «Արեւ» օրաթերթի (չորեքշաբթի, 20 ապրիլ, ԻԲ. տարի, թիւ 5868) երկրորդ էջին մէջ յիշուած Վիքթօրիա Արշարունի անուն գրողի հետեւեալ տողերը. «Շատեր եկեղեցին հալածեցին իբրեւ ժամանակավրէպ, իբրեւ ժողովուրդները յետամնացութեան մէջ պահող եւ զանոնք «աֆիոն»ով քնացնող հաստատութիւն: Ոմանք ուզեցին եկեղեցին արհամարհելով հանդերձ օգտուիլ անոր աւանդական հմայքէն՝ մեր ժողովրդական զանգուածներուն վրայ եւ զայն ծառայեցնել իբրեւ յենարան իրենց հատուածական տիրապետութեան, իրենց խմբակցական շահերուն կամ անձնական նախասիրութեանց, ու ատկէ առաջ եկան եւ կը շարունակուին ալ «ընտրական պայքար»ները, որոնք կը վերածուին երբեմն աքլորամարտի, երբ ներքին հասկացողութեամբ եւ առանց քաշքշուքի կարելի էր իւրաքանչիւր հայուն իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ապահովել ամէնուն մասնակցութեանը մէջ՝ եկեղեցիի ու դպրոցի գործերուն...»: 

Փաշինեան այս երկուքն ալ ըրաւ. եկեղեցին «աֆիոն»ով քնացնող հռչակեց, հալածեց, սակայն, երբ տեսաւ չի յաջողիր, անցաւ երկրորդին: Դարեր շարունակ Հայ Եկեղեցին հալածուեցաւ օտար թշնամիներու՝ մանաւանդ այլ կրօնի պատկանող պետութիւններու կողմէ. Հայ Եկեղեցին հալածեց Սասանեան թագաւորութիւնը, որոնք փորձեցին վերացնել Քրիստոնէութիւնը եւ հայ ազգը զրադաշտական դարձնել: Հայ Եկեղեցին հալածեց Բիւզանդական կայսրութիւնը. Հայ Եկեղեցին հալածեց Արաբական խալիֆայութիւնը. սելճուք-թրքական ցեղերը, Օսմանեան կայսրութիւնը, Խորհրդային Միութիւնը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ. անոնց ուժը բաւարար չեղաւ տապալելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին. այդ բոլորին ընել չկրցածը այսօր պզտիկ մարդո՞ւկ մը կը փորձէ ընել... մարդ՝ որ ազգի մեծամասնութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս հողատու ու դաւաճան: 

Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 1951-ին գրուած գրութիւն մըն է այս մէկը. «Հայ Եկեղեցին հալածեցին, եկեղեցականներէն շատերը կոտորեցին եւ աքսորներու մէջ ոչնչացուցին. եկեղեցիները պահեստներու եւ ակումբներու վերածեցին, անոր դարաւոր կառոյցը քայքայեցին՝ հետք չթողելու աստիճան»: Այո, օրին որոշ պառակտումներ ստեղծուեցան թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ, սակայն, այդ բոլորը եւս մասն էին այդ նպատակին՝ որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կործանումը: Սակայն, հակառակ այս բոլորին Հայ Եկեղեցին ապրեցաւ: 

Հայ ժողովուրդը ամէ՛ն գնով հեռացուցին ազգային սրբազան արժէքներէն. մնաց հաւատքն ու եկեղեցին. քանդենք՝ որպէսզի ձուլումը, օտարացումը շատ աւելի դիւրին ու հեզ ընթացք մը ունենայ: 

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կուսակրօն հոգեւորական մը եթէ զաւակ ունենայ, ի՞նչ պէտք է ընէ:

Պատասխան. Կուսակրօն հոգեւորական մը եթէ զաւակ ունենայ, կը նշանակէ խախտած է իր կուսակրօնութեան ուխտը, որ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին առջեւ տուած է: Այսպիսի պարագայի ըստ եկեղեցական կանոններու, հոգեւորականը պէտք է հաշուետու ըլլայ եկեղեցական իշխանութեան առջեւ, մեղքը ընդունի եւ ենթարկուի համապատասխան կանոնական կամ կարգապահական հետեւանքներու, որոնք կրնան ներառել ժամանակաւոր կամ մշտական պաշտօնազրկում: Նման իրավիճակ նաեւ կը պահանջէ խոր ինքնաքննութիւն, ապաշխարութիւն եւ հոգեւոր վերականգնում:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025