ԱՆՀԱՏ ԽԵԼԱԳԱՐՆԵՐ

Մարդիկ մի՛շտ ալ կը ծնին տարբեր՝ իրենց արտաքինով, համոզումներով, բնաւորութեամբ ու մշակոյթով, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգանալով հանդերձ որոշ առանձնայատկութիւն մը կ՚ունենան, սակայն, այդ տարբերութիւններով հանդերձ կ՚ունենան հասարակաց գիծեր, որոնք կը կազմուին անկախ անձի կամքին. մարդոց մօտ գոյութիւն ունի որոշ հասարակաց ձգտումներ, որոնցմէ մին է նաեւ եթէ ոչ մարմնապէս, ապա բարոյապէս անմահանալու: Անշուշտ, քիչեր կը յաջողին այդ մէկը կատարել. շատեր կը յաջողին միայն իրենց մօտիկ հարազատներուն մէջ իրենց անունը անմահացնել. օրինակ՝ հայր մը իր զաւակներուն կը ձգէ ժառանգ, որով կ՚անմահանայ յաջորդող մի քանի սերունդներուն մօտ, որովհետեւ երկրային անմահութիւնը եւս ժամանակաւոր է: 

Անշուշտ, շատեր կը մտածեն իրենց սիրելիներուն ժառանգներ ձգել, սակայն, միւս կողմը կայ այլ փոքրամասնութիւն մը, որ իր սիրելիներուն կողքին եւ գուցէ տեղ մը աւելի իր ազգը, իր հայրենիքը կը մտածէ եւ անոր բարօրութեան համար ջանք չի՛ խնայեր: Բոլորս ալ լաւապէս կը գիտակցինք, որ մեր հայրենիքը աւելի քան երբեք կարիքը ունի նման հրաշք անձնաւորութիւններու, որովհետեւ անոնց նուիրումով է, որ ազգ մը կը զարգանայ, կը յառաջդիմէ եւ կը յաջողի հասնիլ եւ գուցէ մրցակցիլ մեզմէ շա՜տ աւելի յառաջացած ազգերու հետ: Անոնք անձեր են, որոնք մեր հայ ազգի ներկայ վիճակը լալու եւ սգալու փոխարէն կը նախընտրեն գործել՝ հաւատալով, որ լալը չէ՛ որ յարութիւն կու տայ, այլ հաւատալն ու աշխատիլը: 

Հայ ազգը թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս ունի նման հրաշք անձնաւորութիւններ, սակայն, ցաւ ի սիրտ, կեանքը արդար չըլլալով բոլորին անունները չէ՛ կրցած անմահութեան փառքին արժանացնել, հակառակ այն իրողութեան, որ մենք ընդունինք թէ ոչ, անոնց ներդրումները մեր ազգին համար բարօրութիւն կը բերեն: Այս բոլորը գրելու ժամանակ կը յիշեմ որոշ անուններ, որոնք այսօր ժողովուրդի կողմէ տրուած են մոռացութեան. օրինակի համար, այդ հրաշք անձնաւորութիւններէն մէկն է տքթ. Սեֆոն Նշանեանը: Ցաւ ի սիրտ, համացանցի մէջ կարելի չէ գտնել Սեֆոն Նշանեանի մասին, սակայն, այսօր կու գանք այս յօդուածով մեծարելու մեծանուն բժիշկի նուիրումը: 

Մեր թուականէն 92 տարիներ առաջ՝ 1933 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող տքթ. Սեֆոն Նշանեան տեսնելով Խորհրդային Հայաստանի բժշկական ոլորտի մէջ ունեցած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, իր իսկ որոշումով յանձն կ՚առնէ աւելի քան 3 հազար քիլօ կշռող սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ բժշկութեան հետ կապուած հսկայական գրադարան մը ղրկել Հայաստան. օրուան մամուլները այդ նուէրը կ՚որակեն հետեւեալ ձեւով.- «Աննախընթաց նուէր մը Խորհրդային Հայաստանին»։ Անշուշտ, օրին հարց կու տան տքթ. Նշանեանին, թէ ինչո՞ւ յանձն կ՚առնէ նման զոհողութիւն մը. բժիշկը կը պատասխանէ. «Մարդիկ կան, որոնք կտակներ կ՚ընեն իրենց մահուանէն վերջ գործադրելու համար: Ես կ՚ուզեմ նուէր մը տալ մեր հայրենիքին, երբ տակաւին ողջ եմ, ունենալու համար այն գոհունակութիւնը, թէ նուէրս օգտակար եղած է մեր ժողովուրդին, որմէ թէեւ հեռու եմ, բայց կը սիրեմ, ինչպէս զաւակ մը կը սիրէ իր ծնողքը»: 

Տքթ. Նշանեանը ճանչցող մտաւորականներ օրուան մամուլի մէջ խօսած են անոր կատարած այս զոհողութեան մասին. անոնցմէ մին տքթ. Նշանեանը անուանած է «Անհատ խելագար». մտաւորականը «խելագար» կը կոչէ, նկատի ունենալով հետեւեալ փաստը. «Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ մարդիկ ոեւէ ատենէ աւելի անձնասէր, նախանձոտ եւ շահախնդիր եղած են. մարդիկ ոչ այնքան նկարագրէն, որքան դրամապանակէն կը չափեն անհատի արժանիքները» ու այս բոլորը ըսելէ ետք մտաւորականը կ՚աւելցնէ. «Աշխարհը, հայերս մասնաւորաբար տքթ. Նշանեանի պէս խենթերու պէտք ունինք»: 

Տքթ. Նշանեանի նման անձեր կը պակսին՝ սակայն չգոյութիւն չեն։ Տքթ. Նշանեանի նման գոյութիւն ունին այլ «խելագար»ներ եւս, որոնք իրենց կենդանութեան կ՚ուզեն ազգի բարօրութիւնը տեսնել. որպէս օրինակ կրնանք տալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող Միքայէլ Սարեանը, որ վերջին անցնող տարիներուն աւելի քան 15 միլիոն տոլարի բժշկական սարքաւորումներ ղրկեց Հայաստան՝ զարգացնելու համար Հայաստանի առողջապահական ոլորտը, անշուշտ, Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ գնահատել ամերիկահայ բարերարի նուիրատուութիւնը եւ այդ սարքաւորումները ժողովուրդին ծառայութեան տակ դնելու փոխարէն նիւթական ակնկալութիւններով ծախեց այլ պետութիւններու:

Թէ՛ տքթ. Նշանեան եւ թէ պրն. Սարեան շատ դիւրութեամբ կրնային իրենց նիւթական օժանդակութիւնը իրենց ազգին ու պետութեան նուիրաբերելու փոխարէն զանոնք իրենց «վայելքին» ծառայեցնել, սակայն ի՜նչ մեծ զոհողութիւն է մարդուն համար, երբ մեծագոյն հաճոյքը կը դառնայ ազգի մը բարօրութիւնը, սեփական ազգի զարգացումը: Նման անձերու հարստութիւնը ո՛չ թէ նիւթականով, այլ բարոյական բարձր սկզբունքներով պէտք է չափել: 

Ազգը աւելի քան երբեք կարիքը ունի խելագարներու, որոնց ջանքերով պիտի յաջողին դուրս գալ թմբիրէն եւ հասնիլ այն ազգերուն՝ որոնք շա՜տ առաջ են մեզմէ: 

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայ ազգը կարիք ունի՞ նուիրեալ բարերարներու:

Պատասխան. Այո, հայ ազգը կարիք ունի նուիրեալ բարերարներու, որոնք սրտանց կրնան նպաստել ազգի, կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ բարերարները կրնան զգալի ազդեցութիւն ունենալ համայնքներու կայունացման եւ յառաջընթացին մէջ: Անոնց աջակցութիւնը կ՚ըլլայ ո՛չ միայն նիւթական, այլեւ՝ բարոյական, հոգեւոր: Համախմբուած փոխօգնութեամբ կարելի է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 13, 2025