ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ
Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը զաւակ-ծնողք յարաբերութիւններ խորտակուած են եւ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակը այդ մէկը ո՛չ թէ պիտի սրբագրէ ու բարելաւէ՝ այլ աւելիով անդունդ առաջնորդէ։ Անցեալին զաւակներուն մօտ կար վախ ու յարգանք տան մեծաւորին հանդէպ, սակայն, այսօրուան երիտասարդը չ՚ուզեր ենթարկուիլ, չ՚ուզեր պարտադրուած յարգանքի մը մէջ ապրիլ, հետեւաբար կ՚ընդդիմանայ։ Նման երիտասարդներ հիմնականին մէջ մի քանի պատճառով կ՚ընդդիմանան.
Ա.- Երբ ունին լսուած չըլլալու զգացումը.- Մեծահասակները շատ անգամ բնական կը նկատեն մանուկը չլսելը, անոր խօսքը ընդհատելը, սակայն, բոլորը ունին իրենց հետեւանքները։ Այն մանուկը, որ կ՚ունենայ այն զգացումը, որ զինք չեն լսեր, կը սկսի իր կարծիքը չյայտնել՝ հաւատալով, որ իր «խօսքը արժէք չունի» եւ այս մէկը կը վիրաւորէ իր ինքնագնահատականը: Նման պարագաներու կան երկու տեսակի բնաւորութեան տէր մանուկներ։ Անոնցմէ ոմանք լուռ կը դառնան եւ կը սկսին աւելի մեկուսի ապրիլ, իսկ ոմանք ամբողջութեամբ հակառակ՝ կ՚ըլլան չար, կ՚աղմկեն՝ ուշադրութիւնը դարձեալ իրենց կողմը գրաւելու համար: Զաւակը կը սկսի իր հարցերը չբարձրաձայնել։ Ծնողքը կամ ուսուցիչը կը նկատէ, որ անոնք աւելի մտազբաղ են, դասերու մէջ աւելի թերացած են, սակայն, պատճառը չեն կրնար հասկնալ:
Բ.- Անզօր ըլլալու զգացողութիւնը.- Շատ մը ծնողներ բարիք անուան տակ կը փորձեն ամէն գործ իրենք ընել, զաւկին համար տրուած ամէ՛ն որոշում կայացնել՝ առանց նոյնիսկ անոր կարծիքը հարցնելու: Այս մէկը զաւկին մէջ կը ստեղծէ անզօր ըլլալու զգացում. «դուն չես գիտեր», «դուն փոքր ես», «գործիդ նայէ», «տարիքիդ համեմատ չէ» եւ նման տարբեր արտայայտութիւններ իրենց մէջ անզօր ըլլալու զգացումը կ՚արթնցնեն: Կը սկսի զգալ, որ ինք ազդեցութիւն չունի ընտանիքին մէջ, ազդեցութիւն չունի ընկերութեան մէջ, իր որոշումները տեղ եւ նշանակութիւն չունին: Անշուշտ, մեղաւորը դարձեալ ծնողքն է, որովհետեւ մանուկը միշտ կը փորձէ արտայայտուիլ, առաջարկել եւ կարծիք տալ, սակայն երբ զգայ, թէ բոլորը մերժում կը ստանան՝ կը սկսի քաշուիլ եւ իր սեփական կարծիքներուն եւ ցանկութիւններուն հանդէպ անտարբեր դառնալ: Ամէն մանուկ կ՚ուզէ ինքնուրոյն ըլլալ, յատուկ ըլլալ եւ հետեւաբար ծնողքը պէտք է տայ այդ առիթը:
Գ.- Անարդար վերաբերմունք.- Շատ մը ծնողներ չեն նկատեր, սակայն, ծնողական մեծագոյն սխալներէն մէկը կը կատարեն. խտրութիւն կը դնեն զաւակներու միջեւ: Այսօր մէկէ աւելի զաւակ ունեցող ծնողի մը հարց տաք, թէ ո՞ր զաւակը աւելի կը սիրէ, բնականաբար «բոլորը հաւասար կը սիրեմ» պատասխանը պիտի ստանանք, սակայն։ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Զաւակներու մէջ եղած վերաբերմունքի տարբերութիւնը մեծագոյն պատասխանն է մեր հարցին, որ շատ անգամ ուղղակի եւ շատ անգամ անուղղակիօրէն տեղի կ՚ունենայ: Ուղղակիօրէնը այն է, որ ծնողքը կը սկսի բարձրաձայնել համեմատութիւնները. օրինակ՝ «տե՛ս եղբայրդ ինչ բարի է», «եղբայրդ խելացի է», «եղբօրդ պէս եղիր» եւ այլն: Ծնողքը գուցէ կը կարծէ, որ այս ձեւով «բարի նախանձ» կը ստեղծէ անոնց մէջ, սակայն այս մէկը ո՛չ մէկ դրական արդիւնք կը ստեղծէ՝ բացի նախանձէ եւ անարդարութեան զգացւմէ: Այս ուղղութեամբ մէջբերեմ ականատեսի աչքով ապրած մէկ դրուագ. օր մը ընտանիքի մը զաւակը իր մօրմէն հեռաձայնի պահպանիչ կաշի խնդրեց։ Մայրը առարկեց, որ հիմա նիւթապէս չի կրնար առնել այդ մէկը ու «դրամ չունիմ» ըսաւ: Կէս ժամ ետք միւս զաւկին համար հեռաձայնի պահպանիչ կաշի գնեց... շատ պարզ ու յստակ է, որ այստեղ խնդիրը նիւթապէս պատրաստ ըլլալ չըլլալը չէ, այլ զաւակներուն միջեւ դրուած խտրութիւնն է։ Զաւակները լաւապէս կը նկատեն այդ մէկը, լաւապէս կը հասկնան. ոմանք կը լռեն ու այդ անարդարութեան ցաւը իրենք իրենց մէջ կ՚ապրին, իսկ ուրիշներ բողոքի ձայն բարձրացնելով հաւասարութիւն կը պահանջեն:
Դ.- Որոշումներէն դուրս մնալ.- Ծնողներ կը մոռնան, որ կեանքը որ կ՚ապրին, միայն իրենցը չէ, այլ իրենց զաւկին ալ կը պատկանի։ Շատ մը ծնողներ իրենց որոշումները ինքնագլուխ կը կայացնեն եւ այդ որոշումը կը պարտադրեն զաւակներուն. «այսպէս որոշեցինք ու վե՛րջ»։ Մինչ այլ գիտակից ծնողներ թէ՛ որոշումը միասնաբար կը կայացնեն եւ թէ կը բացատրեն, թէ այդ որոշումը ինչ դրական հետեւանքներ ու արդիւնքներ կրնայ ունենալ: Ամենէն պարզ օրինակը՝ ծնողքը կ՚որոշէ այլ երկիր տեղափխուիլ առանց մտածելու, որ դպրոցի ընկերներէն հեռանալը, նոր միջավայրի մը անորոշութիւնը եւ նման հազար ու մէկ պղտոր մտածումներ զաւկին հոգեկան աշխարհին մէջ ինչպիսի բացեր կը ստեղծեն: Մեր զաւակները կ՚ուզեն մեր առօրեային մէկ մասը ըլլալ՝ ինչ տարիքի մէջ ալ ըլլան։ Իրենց կարծիքը լսելով, իրենց տրամաբանութիւնը հասկնալով է, որ ծնողքը միայն կրնայ ակնկալել հասկացողութիւն, յարգանք ու սէր։ Կան սիրոյ երեւոյթներ, որոնք համբոյրէն, փաթթուկէն տարբեր են եւ շատ աւելի դրական ազդեցութիւն ունին քան նշուած վերջին երեւոյթները: Հսկող վիճակէն համագործակցող վիճակին հասցնելով է, որ ինքնավստահ զաւակներ կ՚ունենանք:
•շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Բնական գիտութիւնները կ՚ազատեն մեզ սնոտիապաշտութիւններէ եւ նախապաշարումներէ, որոնց մէջ եթէ կը մնայ ազգը, ան դէպի յառաջդիմութիւն քայլ մը չի կրնար առնել, կարող չէ առնելու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան